Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Հրաւէր մը ունիք, երթալ թէ ոչ` մտահոգ էք,: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին: Հոն, ուր պիտի չուրախանաք, մի՛ երթաք: Նոյն ատեն լաւ է ընկերային ըլլալ եւ մարդասէր:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր բարիքէն օգտուած անձ մը երախտագիտութիւն պիտի յայտնէ ձեզի: Ձեր օժանդակութիւնը արժանիներուն ըրէք միայն, հոգեկան գոհունակութիւն կ՛ունենաք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ժամանակը ոսկի է, ձեր իւրաքանչիւր վայրկեանը յատկացուցէք օգտակար գործի մը: Խուսափեցէք շառլաաթան պնակալեզներէ: Ձեր օրը բարի է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մարդոցմէ հեռու մնալը, մեկուսանալը իմաստութիւն չէ, ոչ ալ` ձեռնտու: Ճանչցէք ձեր բարեկամները եւ ըստ այնմ դիրքաւորուեցէք: Բացսիրտ եղէք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ամրան եղանակը հետզհետէ կը հեռանայ, ինչ որ յետաձգած էք այս եղանակին կատարելու, անմիջապէս գործի անցէք, ժամանակ մի՛ կորսնցնէք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր շահածէն մաս մը մէկ կողմ դրէք դրամատան մէջ հաշիւը աճեցնելու համար: Դրամը միջոց մըն է կարգ մը իրագործումներու համար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մօտ օրէն ուրախանալու առիթ մը պիտի ունենաք ձեր նոր աշխատանքին բերումով: Նոր շրջանակին մէջ պիտի ծանօթանաք նոր դէմքերու: Ուրախացէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Գլուխ գլխի հանդիպում մը նախատեսելի է այսօր: Ձեր միտքերը արտայայտեցէք անկեղծօրէն: Վերապահութիւնը ըսի-ըսաւի առիթ կու տայ: Հետեւեցէք ձեր ներքին ձայնին:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուրս եկէք ձեր շրջանակին մէջ առանձին որոշում տալու կեցուածքէն: Մարդը մարդով, միտքը միտքով աւելի բարգաւաճում կ՛ունենայ: Իմաստուն եղէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Իմաստութիւն մը կայ, որ կ՛ըսէ. «Դուն մի՛ ըլլար ուրագի պէս, միշտ դէպի քեզ, պէտք է ըլլալ սղոցի պէս, մէկ դէպի քեզ, մէկ դէպի մեզ»: Այս կը նշանակէ` հեռանալ եսասիրութենէ: Ծովու վրայ պտոյտ մը նախատեսելի է` բնութիւնը սերտելու համար: Ջուրերու խաղաղութիւնը պիտի ներշնչէ ձեզ` արուեստի գործեր ստեղծելու: Երանելի էք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Բնութեան հակառակ մի՛ աշխատիք: Բնութիւնը մեծագոյն ուսուցիչն է, որ կը սորվեցնէ բարին, հարազատը, բնականը: Հետեւեցէք անոր դասերուն:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Անձ մը գաղտնիք մը պիտի տայ ձեզի, որպէսզի օգնէք իրեն նիւթապէս: Մի՛ մերժէք անոր խնդրանքը, որովհետեւ դուք եւս օր մը նոյն վիճակին կրնաք մատնուիլ:

