Մարատոնա Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Շապիկը Նուիրեց Հռոմի Պապին
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ արժանթինցի նախկին ֆութպոլի աստղ Տիեկօ Մարատոնա Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբին 10 թիւը կրող շապիկը նուիրած է Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապին:
Անոնք իրարու հանդիպած են աշխարհի միջկրօնական մրցումէն առաջ, որ տեղի ունեցած է 1 սեպտեմբերին` Հռոմի ողիմպիական մարզադաշտին մէջ:
Այս մրցումին նախաձեռնած են անձամբ Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը եւ Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Խաւիէ Զանեթթի:
Մարատոնայէն բացի այս մրցումին մասնակցած են նաեւ Սամուէլ Էթու, Զինետտին Զիտան, Ֆրանչեսքօ Թոթթի, Ռոպերթօ Պաճիօ, Ալեսանտրօ Տել Փիերօ, Ճիանլուիճի Պիւֆոն եւ ուրիշ շարք մը անցեալի անուանի ֆութպոլիստներ:
Նշենք, որ տոմսերու գումարներէն հաւաքուած ամբողջ հասոյթը պիտի օգտագործուի բարեգործական նպատակներու համար:
CATEGORIES Մարզական

