Ուելպեք Միացաւ Արսենալի
Մարզիկներու ամառնային փոխանցումին վերջին օրը Արսենալ յաջողեցաւ ձեռք ձգել անգլիացի յառաջապահ Տենի Ուելպեքի ստորագրութիւնը` Մանչեսթըր Եունայթըտէն:
23 տարեկան Ուելպեք Եունայթըտի հետ 90 մրցում կատար’ած է: Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ ան կատարած է 26 միջազգային մրցում, առաջինը` 2011-ին:
Ներկայիս Անգլիոյ հետ միջազգային մրցումի մը պատրաստուող Ուելպեք Արսենալի իր նոր խմբակիցներուն պիտի միանայ քիչ մը աւելի ուշ` պատրաստուելու համար 13 սեպտեմբերին Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունենալիք «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին:
CATEGORIES Մարզական

