Հայրս Կը Պատմէ
ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ
Երկու հազար հայ զինուորներ էին Ատանա քաղաքին մէջ` առանց զէնքի:
Օր մը փախուստ կու տայ բանակէն որոշ ժամանակ մը, եւ օր մըն ալ յանկարծ կը վերադառնայ բանակ: Սակայն չի համարձակիր ներս մտնել` վախնալով, որ մեծաւորը կրնար ծեծել զինք` որպէս պատիժ:
Ընկերները լուր կու տան մեծաւորին` ըսելով, որ «պալըխճին» վերադարձած է, սակայն կը վախնայ ներս մտնելու, որ կրնայ ծեծել զինք:
Մեծաւորը կ՛ըսէ.
– Ինչո՞ւ կը վախնայ ներս մտնելէ: Զինուոր ըսածդ կը փախչի, կ՛երթայ, կը փախչի կու գայ:
Հայրս անվախ կը մտնէ զօրանոց: Բայց խնդիրը չի վերջանար այդպիսով, փառաւոր ծեծ մը կ՛ուտէ իր մեծաւորէն:
«Պալըխճի» (ձկնորս) կ՛ըսէին հօրս, որովհետեւ իր ազատ ժամերուն Ատանայի գետին մէջ ձկնորսութեամբ կը զբաղէր: Հօրս ձկնորսութիւնը կ՛ըլլար ուժանակով եւ կեւուր թաղամասի հայերը կը հաւաքէին ձուկերը:
Օր մը, երբ դարձեալ ուժանակ մը կը նետէ գետը, սովորական ձուկերուն հետ մեծ ձուկ մըն ալ կ՛որսայ: Հայրս այդ մեծ ձուկը կ՛առնէ ու իր մեծաւորին կը տանի` ըսելով. «Զապի՛թ պէյ, այս ձուկը յարմար կը տեսնեմ, որ դուք խորովէք եւ ընտանեօք ճաշակէք»: Մեծաւորը, զգացուած, շնորհակալութիւն կը յայտնէ հօրս` ըսելով.
– Պալըխճի՛, այս արարքդ պիտի չմոռնամ երբեք:
Կու գայ Ցեղասպանութեան հրամանագիրը: Ատանայի մէջ կը գտնուէին մօտաւորապէս երկու հազար հայ զինուորներ` առանց զէնքի:
Հայրս խոր ցաւով կը պատմէր, որ այդ երկու հազար հայ զինուորները ղրկուեցան անծանօթ վայր մը եւ բոլորն ալ ջարդուեցան:
Մեծաւորը, որ պիտի գործադրէր Թալէաթ փաշային հրամանագիրը, կ՛ըսէ.
– Օ պալըխճի՛ պիր թարաֆ (այդ ձկնորսը` մէկ կողմ):
Հայրս կը խնդրէ մեծաւորէն, որ իր մտերիմ ընկերը` Կարապետն ալ չուղարկուի միւսներուն հետ:
Մեծաւորը չէր մոռցած մեծ ձուկը, որ հայրս իրեն նուիրած էր: Հօրս փափաքը կը կատարուի, եւ երկու հազար հայ զինուորներէն կ՛ազատին միայն երկու հայ զինուորներ` հայրս ու իր մտերիմ ընկերը` Կարապետը:
Անշուշտ այս արարքը Ցեղասպանութենէն մէկ փոքր դէպք մըն էր, որ կը կատարուէր:
Եւ ձուկի մը շնորհիւ է, որ հայրս կը մնայ ողջ:

