Բարեւներ Այնճարէն. Ֆրանսական Ճերմակ Գինի (Բ.)

Յատկապէս վերջին հանգրուանին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ «Բարեւներ Այնճարէն» ենթախորագիրին տակ լոյս կը տեսնէին Մ. Թ. Հերկելեանի գրութիւնները, սովորաբար ամիսը անգամ մը դրութեամբ: Յուլիսի սկիզբը անակնկալ կերպով իր մահկանացուն կնքեց Մ. Թ. Հերկելեան, որ արդէն իսկ քանի մը գրութիւններ ուղարկած էր խմբագրութեանս յառաջիկայ ամիսներուն լոյս ընծայման համաձայնութեամբ: Այդ հիման վրայ կը շարունակենք հրատարակել մեր մօտ եղող եւ Մ. Թ. Հերկելեանի գրիչին պատկանող գրութիւնները: Ստորեւ հրատարակուած յօդուածին առաջին մասը արդէն լոյս տեսած է մեր 7 յուլիսի թիւով:

«Արդարութիւն»

Շեֆը պարտուեցաւ, վարպետը յաղթեց:

Բայց տակաւին աւագանին պէտք էր իր կարծիքը յայտնէր: Բոլոր կարեւոր հարցերը հարկ է, որ աւագանին վաւերացնէր, մանաւանդ որ շատ հետաքրքրուած էր թագաւորին տղուն խմած ըմպելիով:

Ուստի անմիջապէս ֆրանսական ճերմակ գինիին շիշը փոխանցուեցաւ գերագոյն խորհուրդ, որուն մաս կը կազմէին վարպետին հայրը, քեռին եւ հաշուապահը, բնականաբար` վարպետը եւ շեֆը: Սակայն այս պարագային անոնք կարծիք չունէին, որով հարցը կը վերաբերէր իրենց: «Տեմոքրաթ» վարչակարգերը այդպէս կ՛ընեն…

Անձկագին պահ մը ապրեցայ: Չըլլայ թէ յանկարծ մէկը «ջուր է» յատարարէ… ո՛չ, ես պիտի պնդեմ, որ «գինի՛ է, գինի՛»:

Նախ վարպետին հայրը զննեց շիշը, ապա յանձնեց զայն քեռիին, որ մօտեցուց շիշը աչքերուն, յետոյ հոտոտեց… ապա առանց բան մը հասկնալու`  յանձնեց  զայն հաշուապահին: Ան ալ ակնոցը դրաւ, իբր թէ կմկմալով…. հեգելով` կարդաց «ֆրանս»…եւ անհասկնալի բաներ մը, ապա` անվստահ շեշտով.

– Գինի է,- յայտարարեց:

Ես խոր շունչ մը քաշեցի: Ո՞վ կը համարձակէր վարպետին հակառակ վկայել: Իսկոյն վարպետը գոռոզաբար «խորոզ» դարձաւ.

– Ֆրանսական ճերմակ գինի,- նախ սրբագրեց հաշուապահին յայտարարութիւնը: Ապա ձեռնոցը նետեց շեֆին:- Ինծի հետ գլուխ դնողը դեռ շատ ապուր կ՛ուզէ…

– Հը՛, ըհ՛-, շեֆը փորձեց պատասխանել վարպետին, սակայն Մասնաայի ոստիկանները ժամանեցին ընթրելու: Հաւանաբար անոնք ալ հոտ մը առած էին Պաղտատի թագաւորին տղուն հրաւէրէն:

– Եալա՛,- ըսաւ վարպետը- ասոնց ալ բաներ մը կարգադրենք յետոյ կը սկսիք «հաֆլէն»:

Ամէն ոք գործի անցաւ:

Շեֆը տրտում տխուր քաշուեցաւ խորտիկներու բաժանմունքը, ուր նաեւ աղտոտ ամանները լուալու աւազանը կը գտնուէր: Դիմացը հանրային լուացարաններն էին, ուրկէ լայն լուսամուտ մը բացուած էր դէպի խորտիկներու բաժանմուքը:

Արդարեւ, սեղաններէն վերադարձած ամանները նախքան աւազանին մէջ սուզուիլը հարկ էր, որ քննութենէ անցնէին: Ասիկա ստալինեան  գրաքննութիւն չէ, այլ խորտիկաքննութիւնն է: Սեղաններէն աւելցած խորտիկները պէտք էր բծախնդրօրէն մէկ կողմ զատուէին մեր «հաֆլէին» համար:

Շեֆը ստանձնած էր քննութեան պարտականութիւնը` թէ՛ ծաղրանքի առարկայ չդառնալու համար լաճերուն, որոնք հեգնանքով` «հա՜, հա՜, չգիտցաւ» կը նետէին շեֆին երեսին, եւ թէ՛ վարպետին կծու հեգնանքէն հեռու մնալու:

Սրտիս խայթ եղած էր շեֆին պարտութիւնը: Ես այդքան տխուր տեսած չէի միշտ խանդավառ շեֆը, մանաւանդ` այսպիսի խրախճանքի մը սեմին: Կը ջանայի շեֆին «խաթրը» առնել: Կը մտածէ, որ արդեօք  կամաց մը հասկցնե՞մ, թէ« ջուր» էր թագաւորին տղուն խմիչքը…ո՛չ, ո՛չ  չ՛ըլլար, ատիկա այլեւս անկարելի է: Կը փորձեմ այլ կերպով մօտենալ…

– Շեֆ,- ըսի,- քու ըսածդ տրամաբանական էր, թէ` ֆրանսական գինին ինչ գործ ունի Լոնտոն: Անոնք անգլիական ճին կը խմեն:

– Հարկա՛ւ,- շունչ մը առաւ շեֆը,- ես տրամաբանական մօտեցայ հարցին: Անշո՛ւշտ Լոնտոն ճին կը խմեն: Իսկապէս զարմանալի է…ուրկէ՞ ո՛ւր ֆրանսական գինին…

– Բայց, շեֆ, վարպետը ինչպէ՞ս անմիջապէս գիտցաւ, թէ գինի է:

– Աման ճանըմ, բան մըն էր նետեց… եւ բախտով  բռնեց…

Վարպետը, որ գաղտագողի կը հետեւէր մեր խօսակցութեան յանկարծ պոռթկաց.

– Ինչպէ՞ս թէ` բան մըն էր նետեց…դուն միթէ խմա՞ծ ես ֆրանսական ճերմակ գինի…դուն ի՞նչ գիտես «շատիտ» օղիէն զատ…դուն ինծի հետ չափուելիք մա՞րդ ես որ…

Շեֆը գետնին տակ անցաւ. պապանձեցաւ…«ըհը՛, ըհը՛» բաներ մը պիտի ըսէր, բայց խեղդուեցաւ կոկորդին մէջ:

Դէմքը շպարելու փոխարէն` աչքը պոկեցինք:

Խղճիս խայթը աւելի կը ծանրանար հոգիիս վրայ…

Կարծես պիտի զղջայի «գինի» յայտարարելուս . պարզապէս վարպետը փառաբանելու եւ շեֆը ստորնացնելու… «ջուր է» կ՛ըսէի, եւ հարցը հոն կ՛աւարտէր:

Խորտիկներուն բոյրը սրած էր բոլորին ախորժակները… Լաճերը անհամբեր կը սպասէին խրախճանքին: Սակայն խղճի խայթը կը սեղմէր կոկորդս եւ կղպուած էր ախորժակս:

Մէկ անխոհեմ յայտարարութիւնս քիթէս բերնէս հանած էր այդքան սպասուած խրախճանքը:

Շեֆը արդէն լոլիկի սնտուկներով պատրաստած էր խրախճանքի սեղանը: Թերեւս նկատելով անտրամադիր վիճակս.

– Ամա՛ն, ի՞նչ ընես, թող խօսի, ականջ մի՛ դներ,- ակնարկը վարպետին էր- ա՛ռ, խմէ՛ ասլանի կաթը,-  շատիտ օղիին գաւաթը երկարեց ինծի:

Հակառակ անոր որ կ՛ատէի այդ թունդ ըմպելին, սակայն շեֆին խաթրը չկտրելու համար կտրիճ ումպ մը քաշեցի, այն ակնկալութեամբ, թէ ախորժակս կը բացուի. մանաւանդ որ արդէն խորտիկները կը շարուէին սեղան …

Յանկարծ լուացարաններու լուսամուտէն  քանի մը կաթիլ ջուր սրսկուեցաւ սեղանին վրայ:

Ամա՜, ատ ի՛նչ է…

– Խրախճանքը խանգարելու փորձ…

– Փորձանքն է,- ըսաւ Մանչուկը ,- անցեալ օր նոյնը ըրաւ:Եւ ձէթի հսկայ թիթեղը բարձրացնելով` փորձեց փոխադարձել Փորձանքին:

– Կեցի՛ր,- ըսի,- դուն չես կրնար:

Թիթեղը  Մանչուկին ձեռքէն առի եւ աւազանէն մինչեւ բերան  ջուր լեցուցի: Ապա բարձրացայ  լոլիկի սնտուկին վրայ, թիթեղը լուսամուտէն ներս երկարեցի եւ ամբողջ պարունակութիւնը ջրեհեղեղի պէս թափեցի Փորձանքին գլխուն…

– Օհօ՛…,- ճչաց Փորձանքը:

– Օ՜խ…   լաւ թող ըլլայ քեզի,- Փորձանքին ճիչին պատասխանեց  շեֆը…

Եւ լաճերս խրախճանքը ձգած` կատղած գետի հոսանքի ուժգնութեամբ խուժեցինք դուրս եւ շարուեցանք աւագանիին  կռնակը… Աւագանին անակնկալի եկած` նախ զարմացաւ…

Շունչերնիս բռնած` կը սպասէինք Փորձանքին ելլելուն, որպէսզի կուշտ մը խնդանք…

Ելաւ… բայց Փորձանքը չէր…

Վարպետն էր… խխում ջուր կտրած… հիմա՛ երկու ափով կերանք «հալուան»… կատարելապէս փառաւորուեցաւ վարպետը…

Լաճերուն քրքիջը փորերնին մնաց:

– Ո՞վ էր այդ տխմարը,- գոռաց վարպետը ցուցամատը ուղղելով ինծի,- տղա՛յ, դո՛ւն էիր:

– Վարպե՛տ,- ըսի,- կարծեցի Փորձանքն է,- փորձեցի արդարանալ:

– Եթէ Փորձանքն է, այդքան ջո՞ւր պիտի թափես գլխուն:

– Թերեւս ժանտարմաներն էին,- աւագանիին նախագահն էր…

– Միթէ վարպետը ժանտարմաներէն պակաս է,-հաշուապահն էր…

– Թերեւս յաճախորդ մըն էր,- աս ալ քեռին էր…

Ես այլեւս չէի կրնար դիմանալ տեղատարափ յանդիմանութեանց… Միայն նկատեցի շէֆին պայծառ դէմքը, ուրկէ երջանկութեան ցոլքեր կը ճառագայթէին: Նայուածքը հանդիպեցաւ աչքերուս, ձեռքը բռունցք ըրած, բութամատը նիզակի պէս ցցեց որպէս յաղթանակի նշան: Գլուխս առի եւ քայլերս արագացուցի:

– Տղա՛յ, ետ դարձիր,- վարպետին ձայնը կը լսէի:

– Ատ տղան ղապատայի տղայ է, ետ չի դառնար,- շեֆին լեզուն բացուած էր:

Սրտիս ծանրութիւնը թեթեւցած էր:

«Պայ պայ կաթնաղբիւր»:

Մ. Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES