Աստուածածնայ Եկեղեցւոյ Մէջ Վերանորոգուած Մկրտարանի Օծում

0817_asdvatzatzin-(1)0817_asdvatzatzin-(2)Օգոստոս 17-ին, Աստուածածնայ վերափոխման տօնին առիթով, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ Աստուածամօր կերպարին ընդմէջէն խօսեցաւ ընկերութեան մէջ հայ մօր վերապահուած դերակատարութեան մասին` յիշեցնելով, որ Աստուծոյ կողմէ իրենց յանձնուած պարտականութեան նկատմամբ իրենց ցուցաբերած հաւատարմութիւնը զիրենք կ՛արժեւորէ եւ գովելի կը դարձնէ ոչ միայն մարդոց մօտ, այլեւ գովելի եւ ընտիր` Աստուծոյ համար:

Այնուհետեւ սրբազան հայրը կատարեց օծումը վերանորոգուած մկրտարանին: Յայտնենք, որ մկրտարանը վերանորոգուեցաւ տասնեակ մը բարերարներու նուիրատուութեամբ:

Share this Article
CATEGORIES