Տաւուշի Մարզպետը Եւ Ազրպէյճան Կը Հաստատեն Հայաստանի Քաղաքացիին Գերեվարման Փաստը

Յովիկ Աբովեան
Տաւուշի մարզպետ Յովիկ Աբովեան նախանցեալ օր հաստատեց, որ Նոյեմբերեան քաղաքի բնակիչ Սարգիս Անանեան, վերջերս անցնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանը, յայտնուած է ազրպէյճանական գերութեան մէջ:
«Սարգիս Անանեան վերջերս վերադարձած էր Ռուսիայէն: Երկու որդիները կ՛ապրին Երեւանի մէջ: Երկուշաբթի լսեցինք, որ ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուածը Սարգիս Անանեանն է: Այդ հատուածին մէջ, ուրկէ Անանեան անցած է սահմանը, կը գտնուի իր արտը: Կը մտածենք, թէ կրնայ ըլլալ, որ իր արտին մէջն էր, ապա անցած է սահմանը», ըսաւ մարզպետը:
Պաշտօնական Պաքու նոյնպէս հաստատած է Հայաստանի քաղաքացիին գերեվարման փաստը: Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդած է, որ 53-ամեայ Անանեան, 26 օգոստոսին անցնելով հայ-ազրպէյճանական սահմանը, յայտնուած է Ղազախի շրջանի Քեմերլի գիւղին մէջ:
Ազրպէյճանական կողմը կը պնդէ, թէ Սարգիս Անանեան դժգոհ է Հայաստանի ծանր ընկերային պայմաններէն, այդ պատճառով ալ անցած է սահմանը:
Ըստ ազրպէյճանական աղբիւրին, Անանեան առողջական վիճակին պատճառով 10 տարեկանէն ուսում չէ ստացած, պիտանի չէ եղած զինուորական ծառայութեան համար եւ ստիպուած վարձու աշխատանք կատարած է:
Մարզպետ Յովիկ Աբովեանի տեղեկութիւններով, ազրպէյճանական գերութեան մէջ յայտնուած Սարգիս Անանեան ո՛չ առողջական խնդիրներ ունեցած է, ո՛չ ալ դժգոհած է ընկերային պայմաններէն:
«Ընդհանրապէս ոչ մէկ դժգոհութիւն եղած է անոր կողմէ, ինք այստեղ չէ ալ ապրած: Ինք պատահական իր արտէն թերեւս շփոթած անցած է ազրպէյճանական սահմանը: Ոչ մէկ անգամ դժգոհութիւն յայտնած է, եթէ դժգոհէր, ես, բացի անկէ որ մարզպետն եմ, իբրեւ Նոյեմբերեանի շրջանի բնակիչ, կը գիտնայի: Քաղաքապետին եւս դժգոհութիւն չէ յայտնած: Այնպէս որ ատիկա Ազրպէյճանի հերթական գրգռութիւնն է», ըսած է Աբովեան:
Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան կայքին մէջ նաեւ կը նշուի, որ Հայաստանի գերեվարուած քաղաքացին կը գտնուի բժշկական հսկողութեան տակ եւ անոր հետ կը վարուին միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն համապատասխան:
Հայաստանի կառավարութեան առընթեր գերիներու, պատանդներու եւ անյայտ կորսուածներու հարցերով զբաղող աշխատանքային խումբի ղեկավար Արմէն Գաբրիէլեան իր կարգին հաստատեց, որ 25 օգոստոսէն Նոյեմբերեանի մէջ անհետացած է Սարգիս Անանեան անունով քաղաքացի մը, հիմա ստուգումներ կը կատարուին ճշդելու, թէ արդեօք այդ անձը նոյն այն քաղաքացի՞ն է, որ յայտնուած է ազրպէյճանական գերութեան մէջ:
Կարմիր խաչի միջազգային խորհուրդի հայաստանեան պատուիրակութեան ներկայացուցիչ Յասմիկ Գալստեան ըսաւ, որ իրենք դիմած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն` խնդրելով կարելիութիւն ընձեռել տեսակցելու Հայաստանի քաղաքացիին հետ:
Ազրպէյճանական լրատու միջոցները Հայաստանի քաղաքացիի գերեվարման մասին գրած էին տակաւին շաբաթ մը առաջ, սակայն լուրը պաշտօնապէս չէր հաստատուած:

