Անդրադարձ. «Նոր Թուրքիա»-ն Կամ Շպարուած Հին Թուրքիան

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

0903_vahoԹուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու 1 սեպտեմբերին խորհրդարանին մէջ ներկայացուց Թուրքիոյ 62-րդ կառավարութեան ծրագիրը` յայտարարելով. «Մեր ժողովուրդը ժառանգորդ եւ կրող մըն է մեծ քաղաքակրթութեան մը, որուն կեդրոնը յոգնակիութեան մէջ գոյութիւն ունին միութիւնն ու եղբայրութիւնը»: 189 էջերէ եւ հինգ գլուխներէ բաղկացած ծրագիրին մէջ նշուած է. «Մեր նպատակն է քանդել առանձնաշնորհեալ քաղաքացիութեան համակարգը եւ իրականացնել հաւասար քաղաքացիութեան հասկացողութիւնն ու պատկանելիութեան հասարակաց հասկացողութիւն մը: Այս հոլովոյթը հոգեբանական վերականգնումի ճամբով պիտի բացայայտէ պատկանելիութեան նոր գիտակցութիւն»:

Այս բոլորը առաջին ընթերցումով կրնան շատ գեղեցիկ ու յուսատու խօսքեր թուիլ, սակայն պէտք է հարց տալ, թէ «մեր ժողովուրդը» խօսքով ակնարկութիւնը ճիշդ որո՞ւն կ՛երթայ, Թուրքիոյ քաղաքացիներո՞ւն, թուրքերո՞ւն, թէ իշխող կուսակցութեան ընտրազանգուածին: Թուրքիոյ բազմաթիւ քաղաքացիներու համար վստահաբար անընդունելի է ժառանգորդն ու կրողը նկատուիլ օսմանեան այսպէս կոչուած «մեծ քաղաքակրթութեան», որուն զոհերուն ժառանգորդներն են անոնք եւ որուն կիրարկած «միութեան ու եղբայրութեան» քաղաքականութեան հետեւանքները մինչեւ օրս կրողները: Աւելի՛ն, Տաւութօղլու կը հաւաստէ, որ իւրաքանչիւր անհատի արժանապատուութեան հիմքը հանդիսացող ազատութիւնները Թուրքիոյ մէջ երաշխաւորուած են իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կողմէ: Յայտարարութիւն մը, որ դժուար թէ խանդավառէ Թուրքիոյ փոքրամասնութիւնները` նկատի ունենալով, որ նշեալ կուսակցութեան իրողական  ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ անոր կուսակից Ապտիւլլա Կիւլի համար հայ, յոյն, ասորի կամ հրեայ կոչուիլը նուաստացուցիչ է:

Առաւելաբար ներքին քաղաքականութեան վերաբերող «Նոր Թուրքիա» կարգախօսին իրականացման համար բնականաբար անհրաժեշտ է որդեգրել նոր սահմանադրութիւն մը, որ ըստ Թուրքիոյ կառավարութեան ծրագիրին, հիմնուած պիտի ըլլայ «հիմնական երկու սիւներու վրայ, որոնք են` իրաւունքներ-ազատութիւններն ու ընկերային սպասումները»: Կը մնայ տեսնել, որ այս «իրաւունքներ-ազատութիւններ» հասկացողութիւնը գործնական գետնի վրայ ի՞նչ արտայայտութիւն պիտի ունենայ: Նախանշանները քաջալերական չեն: Էրտողան բռնագրաւեալ հիւսիսային Կիպրոս իր այցելութեան ընթացքին Հէյպելիի յունական դպրեվանքի վերաբացման համար դարձեալ նշեց Յունաստանի մէջ թուրքերու իրաւունքներուն բաւարարումը, այլ խօսքով` շարունակեց իր երկրին քաղաքացիներուն իրաւունքը պայմանաւորել մէկ այլ երկրի քաղաքացիներուն իրաւունքներուն բաւարարումով, այն պարզ պատճառով, որ առաջինները ազգութեամբ յոյն են, իսկ վերջիններս` թուրք: Կառավարութեան ծրագիրի ներկայացման նոյն օրը Էրտողանի արտայայտած կեցուածքը ցոյց կու տայ, որ ազգային ծագումը կը շարունակէ աւելի գերակշիռ ըլլալ, քան քաղաքացիութիւնը, ուստի «մեր նպատակն է քանդել առանձնաշնորհեալ քաղաքացիութեան համակարգը» յայտարարութեամբ պէտք չէ խանդավառուիլ, որովհետեւ Թուրքիոյ իշխող վերնախաւին մօտ «առանձնաշնորհեալ քաղաքացիութիւն» հասկացողութեան ընկալումը թերի է եւ կը վերաբերի թուրքերու հասարակութեան մէջ նշմարուող, ծովեզերեայ շրջաններու-ներքին շրջաններու թուրքեր, երկփեղկումին:

Այն անհերքելի իրողութիւնը, որ «Նոր Թուրքիոյ» ճարտարապետները կը շարունակեն Թուրքիոյ յոյն քաղաքացիներուն իրաւունքները պահել պատանդի կարգավիճակին մէջ, մտածել կու տայ, որ անոնց ջատագովուած «նոր Թուրքիա»-ն իրողական գետնի վրայ հինէն այդքան ալ տարբեր պիտի չըլլայ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES