Քաթալոնիոյ Խորհրդարանը Որոշած Է 24 Ապրիլ 2015-ին Անկախութիւն Հռչակել
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Քաթալոնիոյ Ազգային ժողովը կը պատրաստուի 24 ապրիլ 2015-ին միակողմանի կերպով անկախութիւն հռչակել Սպանիայէն: Այս ժամկէտը նշուած է Սպանիոյ թագաւորութեան կազմէն դուրս գալու նախնական պատկերացումին վրայ, որ հաշուի կ՛առնէ իրադարձութիւններու զարգացման շարք մը դիպաշարներ:
Բայց եւ այնպէս, այդ ժամկէտը ուժի մէջ պիտի մնայ անկախ այն իրողութենէն, որ Քաթալոնիոյ մէջ 9 նոյեմբերին ինքնավար շրջանի գերիշխանութեան հարցին շուրջ հանրաքուէ նախատեսուած է:
«Էյ.Պի.Սի.» թերթի տեղեկութիւններուն համաձայն, Քաթալոնիոյ Ազգային ժողովը կը պատրաստուի 11 սեպտեմբեր 2015-ին հանրաքուէ կատարել արդէն գերիշխան Քաթալոնիոյ սահմանադրութեան ձեւաւորման հարցով:
Ըստ թերթին, քաթալոնացիները լուրջ տրամադրուած են` ստանձնելու սահմաններու, ենթակառոյցներու պաշտպանութեան, հասարակական անվտանգութեան եւ շրջանի տարածքին մէջ հաղորդակցութեան միջոցներու ապահովումը:

