Համաշխարհային Տնտեսական Համախմբումի Հրապարակած Երկիրներու Մրցունակութեան Վարկանիշին Համաձայն Հայաստան 85-րդ Դիրքին Վրայ Է

0903_wefՀամաշխարհային տնտեսական համախմբումը հրապարակած է 2014-2015 տարիներուն համար պետութիւններու համաշխարհային մրցունակութեան վարկանշային աղիւսակը, որ կազմուած է 12 հիմնական չափանիշներու հիման վրայ` պետութեան կառոյցներու, ենթակառոյցներու, մաքրոտնտեսական միջավայրի, առողջապահութեան եւ կրթութեան մարզերու ցուցանիշներու, ապրանքներու շուկայի եւ աշխատաւորներու արդիւնաւէտութեան, ելեւմտական շուկայի զարգացման, ճարտարագիտական պատրաստութեան, շուկայի ծաւալներու եւ այլն:

Յառաջատար տասնեակին մէջ կը գտնուին Զուիցերիան, Սինկափուրը, Միացեալ Նահանգները, Ֆինլանտան, Գերմանիան, Ճափոնը, Հոնկ Քոնկը, Հոլանտան, Բրիտանիան եւ Շուէտը:

144 երկիրներու շարքին մէջ Հայաստան այս տարի 85-րդն է (անցեալ տարի 79-րդն էր), Իրանը 83-րդն է, Ազրպէյճանը` 38-րդը, Վրաստանը` 69-րդը, իսկ Թուրքիան` 45-րդը: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի, անիկա կը գտնուի 113-րդ դիրքին վրայ, Եգիպտոսը` 119-րդ, Ալճերիան` 79-րդ, Յորդանանը` 64-րդ, իսկ Կիպրոսը` 58-րդ:

Վերջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Եմենը, Չատը եւ Կինէն:

Share this Article
CATEGORIES