«Պիտի Հասնինք Սոթոլովը Սպաննողներուն Եւ Պիտի Շարունակենք Ահաբեկչութեան Դէմ Մեր Պատերազմը» Ըսաւ Օպամա

Պարաք Օպամա
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ ամերիկացիները շատ ազդուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ամերիկացի լրագրող Սթիվըն Սոթոլովի սպանութենէն` շեշտելով, որ այդ «բարբարոս արարքները մեզ կը միացնեն, որպէսզի ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք, եւ ամէն գնով պիտի հասնինք Սոթոլովը սպաննողներուն»: Ան աւելցուց. «Ահաբեկչութեան դէմ պատերազմը պիտի շարունակենք»:
Մինչ այդ, Սպիտակ տունը հաստատեց, որ այն տեսերիզը, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն կողմէ ամերիկացի լրագրող Սթիվըն Սոթոլովի մահապատիժի գործադրութիւնը ցոյց կու տայ, իսկական է:
Միւս կողմէ, Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆիլիփ Համընտ յայտարարեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի մօտ գտնուող բրիտանացի պատանդ մը փրկելու գործողութիւն մը ձախողած է:
CATEGORIES Միջազգային

