Փութին-Փորոշենքօ Արեւելեան Ուքրանիոյ Մէջ Մնայուն Զինադադարի Շուրջ Համաձայնութիւն

0903_Poroshenko-Putin«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Փիոթըր Փորոշենքոյի միջեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը տեղի ունեցած է:

Ըստ աղբիւրին, Փութին Փորոշենքոյի հետ քննարկած է Ուքրանիոյ արեւելքին մէջ արիւնահեղութիւնը դադրեցնելու համար անհրաժեշտ առաջնահերթ քայլերը:

Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով մանրամասնած է, որ Փութինի եւ Փորոշենքոյի տեսակէտները տագնապէն դուրս գալու ուղիներ ճշդելու առումով զգալիօրէն համընկնած են:

Ուքրանիոյ նախագահի մամլոյ գրասենեակը իր կարգին յայտարարեց. «Երկու նախագահները համաձայնութիւն գոյացուցին արեւելեան Ուքրանիոյ Տոնպասի շրջանին մէջ մնայուն զինադադարի շուրջ»: Փութին երէկ կոչ ուղղեց «արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ մարդասիրական միջանցքներ բանալու»` յոյս յայտնելով, որ ուրբաթ օր Քիեւի եւ ռուսամէտ զինեալներուն միջեւ վերջնական համաձայնութիւն մը գոյանայ:

Փենթակոն. «Ուքրանիոյ Սահմանին Մօտ
10
Հազար Ռուս Զինուոր Կայ»

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի յայտնած է. «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն նկատել ռուս զինուորներ Ուքրանիոյ հետ սահմանի հիւսիսային մասին մէջ: Ես չեմ կրնար ստոյգ թիւ նշել, սակայն խօսքը շուրջ տասը հազար մարդու մասին է»:

Ըստ անոր, այս պահուս շատ աւելի կարեւոր է ոչ թէ զօրքերու թիւը, այլ անոնց կարելիութիւնները եւ սահմանէն գտնուած հեռաւորութիւնը: Միեւնոյն ժամանակ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի հաստատեր ռուսական զօրքերու մուտքը Ուքրանիոյ տարածք:

«Ես կը կարծեմ, ոչ մէկ նորութիւն կայ, որ կրնան հաստատել Միացեալ Նահանգները», յայտարարած է արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճեն Փսաքի` խօսելով Քիեւի այն յայտարարութիւններուն մասին, ըստ որոնց, Ուքրանիոյ տարածքին մէջ կը պատերազմին ռուսական զօրքերը:

Եացենիուք. «Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Միջեւ
«
Պատ» Պիտի Կառուցուի»

ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Ուքրանիոյ վարչապետ Արսենի Եացենիուք իր ղեկավարած կառավարութեան նիստին ընթացքին յայտնած է. «Ուքրանիոյ պէտք է աւելի յստակ վարդապետութիւն` յստակ ձեւակերպումով, թէ ո՛վ է նախայարձակ եւ ո՛րն է վտանգը, այնպէս որ Ռուսիան պէտք է այդ վարդապետութեան մէջ նկատի առնուի իբրեւ միակ նախայարձակը, որ կը սպառնայ Ուքրանիոյ տարածքային ամբողջականութեան»:

Ան նաեւ ըսած է, որ Ուքրանիան այժմ կը սկսի Ռուսիոյ հետ «իրական սահմանի» կառուցումը: «Մենք կը սկսինք «Պատ» նախագիծը, որ «իրական սահմանի» կառուցումն է Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ», ըսած է Եացենիուք:

Օպամա Յայտարարած Է Էսթոնիոյ Մէջ
Ամերիկեան Օդուժի Ուժերու Տեղակայման Մասին

ԱՖՓ կը հաղորդէ, որ պաշտօնական այցելութեամբ Թալին գտնուող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է Էսթոնիոյ մէջ ամերիկեան օդուժի ուժերու տեղակայման մասին:

Ըստ յայտարարութեան, խօսքը «լրացուցիչ» օդուժի մասին է, որ պիտի տեղակայուի Էսթոնիոյ Ամարի օդուժի զինուորական կայանին մէջ:

Օպամայի այցելութենէն առաջ Էսթոնիոյ նախագահ Հենտրիք Իլվես յայտարարած էր, որ Էսթոնիա կը փափաքի իր տարածքին մէջ ՕԹԱՆ-ի ուժեր տեղակայել` անվտանգութեան նկատառումներով:

 

Share this Article
CATEGORIES