Ակնարկ. Անվեհեր Վերադարձ

ԹՈՐԳՈՄ

0903_torkomՎերադարձը միշտ կարելի է, եթէ կամքն ու հաւատքը արմատաւորուած են:

ՀՄԸՄ Պէյրութի պասքեթպոլի աղջկանց խումբը վերադարձաւ իր հարազատ տեղը` Ա. դասակարգ:

Այս առիթով «Ազդակ» ուրբաթ,  22 օգոստոսի թիւով առաջին էջին վրայ հրապարակած էր խմբային յատկանշական լուսանկար մը, որուն մէջ մարզիկներն ու պատասխանատուները, վերջին մրցումէն ետք, արդարօրէն ուրախ են եւ լայն ժպիտ մը դրոշմուած է իրենց դէմքերուն վրայ: Սքանչելի՛ տեսարան:

Ուշադրութիւնս սակայն կեդրոնացաւ անոնց մէջ գտնուող վաստակաւոր ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ժաք Պոյաճեանին վրայ: Անոր դէմքին գոհունակ արտայայտութիւնը պարզապէս ուրիշ էր: Մտածումներու, հոգեկան խռովքներու, խոր ապրումներու արտացոլում մը, որ անշուշտ բառերով կարելի չէ բացատրել:

Մինչ աչքերս կեդրոնացած էին իր վրայ, միտքս գնաց քանի մը տասնամեակ ետ:

Լիբանանեան պատերազմի ամէնէն տաք հանգրուաններէն մէկն էր: Այնճարի ՀՄԸՄ-ի ակումբի դաշտին վրայ պասքեթպոլի բարեկամական մրցում մը տեղի կ՛ունենար Լիբանանի երկար տարիներու ախոյեան ՀՄԸՄ  Պէյրութի աղջկանց կազմին եւ Սուրիոյ այդ օրերու ախոյեանին միջեւ:

Եւ որովհետեւ Լիբանանի մէջ գործող սուրիական ուժերու եւ գաղտնի սպասարկութեան հրամանատարութեան նստավայրը այդ տարիներուն Այնճար կը գտնուէր, դաշտ եկած էին նաեւ սուրիական բանակի գաղտնի սպասարկութեան  անդամներ, որոնք կ՛աշխատէին անուղղակի ճնշում բանեցնել ՀՄԸՄ- ի համակիրներուն, մարզիկներուն եւ դաշտի գիծին մօտ գտնուող պատասխանատուներուն վրայ:

Մրցումին առաջին վայրկեանէն եղբայր Ժաք կը գտնուէր խաղավայրի գիծին մօտ: Քանի մը անգամ իրեն ալ մօտեցան եւ փորձեցին հեռացնել գիծէն, սակայն ինք մնաց անդրդուելի: Եւ երբ անոնցմէ մէկը ճարահատ բռնեց եղբայր Ժաքին թեւը եւ փորձեց քաշել, վերջինս բարեկիրթ շարժումով մը «ազատագրեց» իր թեւը եւ վճռական ըսաւ.

«Ես Լիբանանի ֆետերասիոնին ներկայացուցիչը եւ ՀՄԸՄ-ի խումբին պատասխանատուն եմ: Իմ տեղս հոս է: Դուն իրաւունք չունիս այս գիծին մօտենալու: Ետ գնա՛:

Այդ տարիներու պայմաններուն եւ դէպքերուն քիչ թէ շատ ծանօթ եղողները անշուշտ կ՛ըմբռնեն, որ առանց հետեւանքներուն մասին մտահոգուելու այդպէս խօսիլը առնուազն համարձակութիւն կը պահանջէր:

ՀՄԸՄ-ականներ միշտ ունեցած են անբացատրելի հմայք մը, որուն շնորհիւ այդ մեծ միութեան անդամներն ու անոնց գործունէութիւնը համակրելի եւ կենսական կը դառնան: Իսկ ինքնավստահ եւ մանաւանդ խիզախ կ՛ըլլան անոնք, որոնք խոր հաւատք ունին իրենց անդամակցած միութեան եւ պատկանած ազգին նկատմամբ:

Այդ նկարին մէջ  գտնուողներուն համար վառ օրինակ են իրենց մեծ հօր տարեկից, ՀՄԸՄ-ի աւիւնով միշտ երիտասարդ եղբայր Ժաք Պոյաճեանն ու անոր նման պատնէշին վրայ տակաւին անսասան գտնուողները, որոնց այնքան կարիքը ունինք գլխապտոյտ պատճառող համայնակուլ եւ խառնաշփոթ այս օրերուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES