Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Բախտը չեն հետապնդեր, ան չի սիրեր զինք հալածողները: Բախտը կու տայ ինքն իրեն: Դուն միայն յոյսով ապրէ: Գոհացիր քու ունեցածովդ, կը հարստանաս: Օրը լաւ է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Այն անձը, որ աւելորդ խօսքեր ըսած է ձեր մասին, ձեր դիմաց պիտի գայ, դուք անտարբեր պիտի մնաք, ան պիտի զարմանայ եւ պիտի զղջայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Գնահատանքի արժանի աշխատանք կատարած էք: Ձեր մասին պատուաբեր գնահատանք պիտի լսէք, այս ամէնը պիտի նկատէք հաճելի եւ պիտի մոռնաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Միշտ կը սպասէք, որ ուրիշներ հետաքրքրուին ձեզմով: Լաւ ակնկալութիւն է, բայց բնական է, որ պատասխանէք անոնց հետաքրքրութեան` ձեր սէրը արտայայտելով:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Անցեալի սխալը մի՛ մոռնաք եւ մի՛ կրկնէք: Երկրորդ անգամ փոսը իյնալը ձեր անուշադրութեան պատճառով եղած է: Արթուն եղէք, կը շահիք:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Արուեստի գործերով զբաղեցէք: Բարեկամներով կրնաք այցելել թանգարան մը, կամ պարզապէս` շարժանկարի սրահ մը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ուրիշներուն միտքերը յարգեցէք եւ օրինակ առէք: Ձեր սխալը փակելու համար ձեր շուրջինները մի՛ զրպարտէք: Անոնց արժանիքները յարգեցէք եւ անոնց օրինակին հետեւեցէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Մէկ կրամ նախազգուշութիւն մէկ թոն ձախողութենէ կը հեռացնէ ձեզ: Այս զգուշաւորութեամբ կրնաք յաղթահարել գալիք անպատեհութիւնները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ամէն մարդ դրամ կը սիրէ, բայց ամէն ինչ դրամէն ակնկալելը ճիշդ կեցուածք չէ: Այս մասին անդրադարձէք եւ օգտակար եղէք կարիքաւորներուն:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ճամբորդութեան մը մասին կը մտածէք երկար տարիներէ ի վեր, բայց կարգ մը արգելքներ ձեզ հեռու պիտի պահեն այս փափաքէն: Ուրիշ օրերու վերապահեցէք երկիրները տեսնելու ձեր փափաքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հակառակ սեռի հետ ձեր բարեկամութիւնը պիտի արտայայտէք: Քանի որ ձեր ազգակիցներէն չէ ան, կրնայ չհասկնալ ձեր միտքը եւ նպատակը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Քունի մէջ տեսնուած երազներուն կը հաւատաք, բայց վերջին օրերու ձեր տեսած երազը կրնաք մեկնաբանել եւ կրնաք սպասել յաջող երեւոյթի մը:

