50 Տարի Առաջ (5 Սեպտեմբեր 1964)
Խմբագրական
Վեհափառին Կոնդակը
Համայն հայութիւնը խոր ինքնամփոփումով կարդաց ու տակաւին պիտի կարդայ այն սրբատառ կոնդակը, որ լոյս տեսաւ հայ մամուլին մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ վեհափառ հայրապետին` Խորէն Ա. կաթողիկոսի ստորագրութեամբ:
Ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առիթով հրատարակուած այս կոնդակը լայնօրէն կ՛ընդգրկէ հայութեան կրած տառապանքները Ա. Աշխարհամարտի օրերուն, տեղահանութիւնը, հրաշալի յարութիւնը վերածնած հայրենիքին մէջ, սփիւռքահայ կեանքի պայմանները, մեր յաղթանակը` օտարացնող եւ ձուլող ուժերուն դէմ, ի վերջոյ, հայրական յորդոր կ՛ուղղէ միասնականութեան եւ եղբայրութեան` հաւատարիմ մնալու համար բիւրաւոր նահատակներու պատգամին, անաւարտ երազին իրագործման ի խնդիր:
Տանն Կիլիկիոյ հոգեւոր պետին այս գիրը, որ յիսնամեակի տարեդարձին չորս ամիս մնացած սեփականութիւնը կը դառնայ հայ ժողովուրդին, կը հրապարակէ բոլոր այն խնդիրները, որոնք կ՛ալեկոծեն հայութեան հոգին, կը զբաղեցնեն անոր միտքը` անոր ճակատագրին հետ առնչութիւն ունեցող այլազան հարցերու արծարծումով:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը, սփիւռքի հայութեան ազգային ու հոգեւոր կեդրոնի իր հանգամանքով, լաւագոյն ու յարմարագոյն աղբիւրն էր, որմէ կրնար բխիլ նման վաւերաթուղթ մը` ի լուր մարդկանց եւ աշխարհին զանգահարելու համար մեր արդար Դատը, որ մէկ միլիոն հայերու նահատակութեամբ նուիրագործուած է: Հոգեւորական սահմաններէն դուրս գալով, գնահատելի նախանձախնդրութեամբ մը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը, իր այս կոնդակով կ՛արժեցնէ նաեւ իր իրաւասութիւնները` հանրային ու քաղաքական մարզի մէջ, ուղեցոյց հանդիսանալով այն բոլոր ճիգերուն, որոնք պիտի թափուին, յառաջիկայ տարուան ընթացքին` ի սպաս Հայ դատին, որուն արդար լուծումով միայն հայ ժողովուրդը կը գտնէ իր ֆիզիքական եւ հոգեկան հանգիստը:
Շեշտած ենք ասկէ առաջ, կը շեշտենք նաեւ այս կոնդակին առիթով, թէ իրաւունքներու արժեցման ճամբուն վրայ, հայութիւնը պէտք է ներկայանայ մէկ սիրտ մէկ հոգի` մէկդի ընելով հատուածական բոլոր մանր-մունր հաշիւները, որոնք երկրորդական գծի վրայ կու գան:
Շատ մը հարցերու շուրջ տարակարծիք հայութիւնը, ընդհանրական խնդիրներու կապակցութեամբ, ունի նախանձախնդրութիւնն ու գիտակցութիւնը մէկ ճակատ ներկայանալու արտաքին աշխարհին առջեւ` գոնէ այս անգամ չկրկնելու համար սխալը 1945-46 թուականներուն:
Անակնկալներով հարուստ դարաշրջանի մը մէջ կ՛ապրինք: Խնդիրներ, որոնք այսօր միջազգային կեանքը չեն զբաղեցներ, կրնան մէկ օրէն միւսը սեղանի վրայ գալ, քաղաքական նոր դասաւորումներու բերումով, որոնց նախանշանները զգալի են: Հայութիւնը պատրաստ պիտի ըլլայ իր Դատը պաշտպանելու կազմակերպուած եւ լուրջ մօտեցումով: Պատրաստ պիտի ըլլայ յստակ ձեւակերպումներու, զգուշանալով անտեղի ու անպատեհ քայլերէ, որոնք շահէ աւելի վնաս կը հասցնեն մեր Դատին:
Վեհափառին կոնդակը կը կատարէ ընդհանուր պատկերացում մը, որ համապատասխան է մեր քաղաքական կազմակերպութեանց ուղեգծին` հայ ժողովուրդի ապագային կապակցութեամբ: Բարեդէպ երեւոյթ մը` այս, որմէ առաւելագոյն չափով կրնայ նպաստաւորուիլ հայութիւնը, եթէ 1965-ը գիտնանք դարձնել ազգային ամուր միասնականութեան, վերանորոգման եւ մեր պահանջները իրագործելու վճռակամութեան տարի մը:
Տակաւին ժամանակ ունինք անդրադառնալու բոլոր հարցերուն, որոնք յիսնամեակի առիթով պիտի զբաղեցնեն մեր հանրային կեանքը: Մինչ այդ` սակայն, հայութիւնը պէտք է, վեհափառին կոնդակին շունչով, հոգեպէս պատրաստուի այն մեծ պայքարին, որուն յառաջիկայ տարի մեր բոլոր գաղութները պիտի սկսին նոյն թափով եւ տարողութեամբ` ուժեղօրէն զգացնելու համար ներկայութիւնը ժողովուրդի մը, որ չէ հրաժարած ու երբեք չի կրնար հրաժարիլ իր նուիրականացած իրաւունքներէն:
Երգիծանքը
Երկաթէ Վարագոյրի Ետին
Ռուսաստանի վերջին ընտրութեանց ընթացքին քուէարկու մը իր շրջանի ընտրական յանձնախումբին կը ներկայանայ: Յանձնախումբին ներկայացուցիչը անոր կը յանձնէ պահարան մը, որուն մէջ քուէաթուղթ մը կայ:
– Այս պահարանը ա՛ռ եւ քուէատուփին մէջ ձգէ՛,- կ՛ըսէ յանձնախումբին ներկայացուցիչը:
Քուէարկուն պահարանը կը բանայ ու կը կարդայ թեկնածուներուն անունները:
– Ի՞նչ կ՛ընես, ընկե՛ր,- կը պոռայ յանձնախումբին ներկայացուցիչը:
– Կը նայիմ, թէ որո՞նց պիտի տամ քուէս,- կը պատասխանէ քուէարկուն:
– Ո՛չ, իրաւունք չունիս, ընկե՛ր, որովհետեւ քուէարկութիւնը գաղտնի է:
***
Արեւելեան Գերմանիոյ վարժարաններէն մէկուն մէջ թուաբանութեան ուսուցիչը կ՛ըսէ աշակերտներէն մէկուն.
– Քա՛րլ, մէկ քիլօ ածուխը երկու մարք կ՛արժէ: Եթէ հայրիկդ 50 մարք տայ, քանի՞ քիլօ ածուխ պիտի տան իրեն:
– Քսան երեք քիլօ:
– Ո՛չ, սխալ ես, Քա՛րլ: Լա՛ւ հաշուէ:
– Ընկեր ուսուցիչ, գիտեմ, որ երկու քիլօ պակաս ըսի, բայց միշտ այդպէս կ՛ընեն: Կը գողնան,, կը պատասխանէ Քարլ:
***
Խորհրդային Միութեան համայնավար կուսակցութեան ականաւոր դէմքերէն մէկը երկրին զանազան շրջանները այցելելու ատեն կը հանդիպի համագործակցական ագարակ մը եւ ղեկավարին կը հարցնէ, թէ ինչպէ՞ս կ՛երթայ հողկիթի արտադրութիւնը:
– Սքանչելի՜,- կը պատասխանէ ղեկավարը:- Եթէ իրարու վրայ դիզենք, Աստուծոյ գահին կը հասնի:
– Ինչ կ՛ըսես, ընկե՛ր: Չե՛ս գիտեր, որ Աստուած չկայ,- կը կոչէ կուսակցութեան ներկայացուցիչը:
– Բայց հողկիթ ալ չկայ, ընկե՛ր,- կը յարէ ագարակին պետը:
***
Ռումանացի հիւանդ մը բժիշկին կ՛երթայ եւ կ՛ըսէ, թէ իր անհատականութիւնը երեք մասի բաժնուած է: Ուրիշ բան կը մտածէ, ուրիշ բան կ՛ըսէ եւ ուրիշ բան կ՛ընէ:
Բժիշկը պահ մը կը մտածէ եւ ապա կ՛ըսէ.
– Պետական բուժարան մը գնա՛ եւ քննուէ՛, որովհետեւ կուսակցականներ չեմ դարմաներ ես:

