Արուեստի Աշխարհէն. Արուեստագէտներու Ուղեղին Կառոյցը Տարբեր Է

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985br1Ի ՎԵՐՋՈՅ ԳԻՏՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՓԱՍՏԷ, ԹԷ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐՈՒՆ ՈՒՂԵՂԸ ԻՐԱ՛Ւ ՏԱՐԲԵՐ Է: ԱՆՈՆՑ ՈՒՂԵՂԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՆ «ԳՈՐՇ ՀԻՒՍԿԷՆՆԵՐՈՒ» (ԿՐԷՅ ՄԵԹԸՐ) ՅԱՒԵԼԵԱԼ ԽԱՒԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Մասնագէտներ նկարած են արուեստագէտներու ուղեղը եւ ի յայտ բերած են, թէ անոնց մէջ այն մասերը, որոնք կը ղեկավարեն շարժումները եւ տեսողական երեւակայութիւնը, բաղկացած են աւելի խիտ «գորշ հիւսկէններէ»:

«Նիւրօիմէյճ» թերթին մէջ լոյս տեսած ուսումնասիրութեան համաձայն, արուեստագէտներուն տաղանդը բնածին է, թէեւ անոնց ստացած կրթութիւնը եւ միջավայրը եւս կենսական դեր կը խաղան անոնց կարողութեան մէջ:

Ինչպէս գիտութեան բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ` այս պարագային եւս բնութեան եւ դաստիարակութեան փոխազդեցութիւնները աղօտ են:

Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակ Ռեպեքա Շամպերլէյն ճամբայ ելած է ի յայտ բերելու, թէ արուեստագէտներ ինչպէ՛ս տարբեր ձեւով կը տեսնեն աշխարհը:

«Նուրբ շարժումները եւ գործընթացներու հետ կապուած յիշողութիւնը ղեկավարող ուղեղին մասերը աւելի լաւ կառուցուած են այն անձերուն քով, որոնք գծելու շնորհ ունին», կը բացատրէ ան:

Ուսումնասիրողները արուեստի 21 ուսանողներու ուղեղը բաղդատած են ոչ արուեստագէտներու ուղեղին հետ` օգտագործելով ուղեղը 3 տարաչափութեամբ (3 Տի.) նկարելու յատուկ ձեւ մը:

Մանրամասնութիւններ պատկերող այս նկարները ի յայտ բերած են, թէ արուեստագէտներուն ուղեղին կեդրոնական մասին մէջ շատ աւելի խիտ են գորշ հիւսկէնները:

«Ուղեղին այս մասը դերակատար է տարբեր գործընթացներու մէջ, գլխաւորաբար` այն գործընթացներուն, որոնք կապ ունին ստեղծագործելու հետ, ինչպէս` տեսողական պատկերներ: Այսինքն անիկա կը ղեկավարէ ուղեղին մէջ տեսողական պատկերները, զանոնք կը միացնէ կամ կը կազմաքանդէ», կը բացատրէ ան:

Ուսումնասիրութեան մասնակցած արուեստագէտներու շարքին է Ալիս Շըրլի: «Արուեստագէտներու ընտանիքի մէջ հասակ նետած եմ: Մայրս արուեստի պատմաբան էր, հայրս` լուսանկարիչ: Սկիզբէն արուեստով շրջապատուած եմ եւ զիս քաջալերած են գծելու` կանուխ տարիքէս: Սիրած եմ գծելը, հետեւաբար աւելի յաճախ գծած եմ: Քաջալերանքի եւ խանդավառութեան արդիւնք էր արուեստի հետաքրքրութիւնս եւ այս մարզին հետեւիլս: Պարզապէս արեանս մէջ էր», կ՛ըսէ ան:

Մասնակցողները նաեւ կատարած են գծագրական աշխատանքներ, ապա ուսումնասիրողները փորձած են կապեր գտնել անոնց ամբողջացուցած աշխատանքին եւ ուղեղին գորշ կամ սպիտակ հիւսկէններուն միջեւ:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ անոնք, որոնք աւելի լաւ գծած են, շատ աւելի մեծ քանակութեամբ գորշ եւ սպիտակ հիւսկէններ ունին իրենց ուղեղին ջղային կեդրոնին մէջ, ինչպէս նաեւ յաւելեալ հակակշիռ` նուրբ եւ սովորական շարժումներու վրայ:

Գորշ հիւսկէնները գլխաւորաբար կը բաղկանան ջղային բջիջներէ, իսկ գորշ հիւսկէններու «տարածաշրջանին» մէջ գտնուող ճերմակ հիւսկէնները պատասխանատու են հաղորդակցութեան:

Սակայն տակաւին յստակ չէ, թէ ջղային բջիջներու այս առատութիւնը ի՛նչ կը նշանակէ: Ստեղծագործող այլ անձերու, ինչպէս` երաժիշտներու առնչուած ուսումնասիրութիւններ մտածել կու տան, թէ անոնց ուղեղին այս մասին մէջ եւս գործընթացները աշխուժ են:

«Ասիկա կը համապատասխանէ այն ապացոյցներուն, որոնք մտածել կու տան, թէ մասնագիտութեան մը վրայ կեդրոնանալը, իրօք, փոփոխութեան կ՛ենթարկէ ուղեղը: Ուղեղը աներեւակայելի կերպով ճկուն է, երբ կը հակազդէ մարզումի: Անձերու միջեւ մեծ տարբերութիւններ կան, եւ միայն նոր է, որ սկսած ենք ճանչնալ զանոնք», կ՛ըսէ Շամպերլէյն:

Ուսումնասիրութեան մէկ այլ հեղինակը` Եունիվըրսիթի քոլեճ Լանտընէն Քրիս ՄքՄանըս կ՛ըսէ, թէ դժուար է զատորոշել գեղարուեստական տաղանդի մը բնածին եւ իւրացուած երեւոյթները:

«Անհրաժեշտ է կատարել յաւելեալ ուսումնասիրութիւններ. հետեւիլ պատանի տարիքէն գծողներու եւ տեսնել, թէ անոնց գծագրական կարողութիւնները ինչպէ՛ս կը զարգանան ժամանակի ընթացքին: Սակայն, կ՛ենթադրեմ, թէ այս ուսումնասիրութիւնը մեզի կ՛օգնէ գէթ տարբեր հայեցակէտ մը որդեգրելու», կ՛ըսէ ան:

Ճիշդ է, որ ուսումնասիրութիւնը կատարուած է սակաւաթիւ անձերու վրայ, սակայն ՄքՄանըս դիտել կու տայ` «նկատի ունենալով, որ արդիւնքները վիճակագրական առումով յատկանշական են, ապա յստակ է, որ սկիզբէն գոյութիւն ունէր նման յատկութիւն մը ի յայտ բերելու կարելիութիւնը, ինչ որ կը նշանակէ, թէ ուսումնասիրութիւնը արդէն բաւական լայն է»:

«Նաեւ հետաքրքրական է, որ այլ ուսումնասիրողներ եւս նմանօրինակ յայտնաբերումներ կատարած են նմանօրինակ վայրերու մէջ: Յայտնապէս իտէալական պիտի ըլլար, որ ուսումնասիրութեան մը մասնակցին շուրջ հազար անձեր, սակայն այս ցանկութիւնը իրապաշտ չէ: Միշտ ալ զիջումներ կը կատարուին ծախսի, գործնականութեան եւ նպատակի միջեւ»:

Պոսթըն քոլեճէն մասնագէտ մը, որ չէ մասնակցած ուսումնասիրութեան, կը գնահատէ զայն:

«Ասիկա պէտք է օգնէ շրջելու այն կարծիքը, թէ արուեստագէտները կ՛օգտագործեն իրենց ուղեղին աջ կիսագունդը: Այժմ ունինք փաստեր, որոնք ցոյց կու տան, թէ շատ աւելի մեծ քանակութեամբ գորշ եւ սպիտակ հիւսկէններ գոյութիւն ունին արուեստ կիրարկող խումբ մը անձերու ուղեղին աջ եւ ձախ կիսագունդերուն մէջ», կ՛ըսէ ան:

«Միայն երկարատեւ ուսումնասիրութիւն մը կրնայ պատասխան մը տալ այն հարցումին, թէ արդեօք ուղեղի կառոյցի բնածին տարբերութի՞ւնն է, որ պատճառ կը դառնայ ապագային տեսողական արուեստագէտներու ծնունդին: Նման ուսումասիրութիւն մը չէ կատարուած, շատ դժուար է կատարելը, նաեւ` շատ սուղ»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES