Արուեստի Աշխարհէն. Պատառիկներ` Նախնադարէն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ՄԷԿ ՔԱՐԱՅՐԷՆ Ի ՅԱՅՏ ԵԿԱԾ ՓՈՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԱՒԱՆԱԲԱՐ ՆԷԱՆՏԵՐԹԱԼ ԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԷԿ ՕՐԻՆԱԿՆ Է ԵՒ ՄՏԱԾԵԼ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ՆԷԱՆՏԵՐԹԱԼՆԵՐԸ ՍՈՍԿ ԲԻՐՏ ՀԱՒԱՔԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՉԷԻՆ, ԻՍԿ ՎԵՐԱՑԱԿԱՆ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՍԿ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՅԱՏԿԱՆԻՇ ՄԸ ՉԷՐ. ԳԱՂԱՓԱՐ ՄԸ, ՈՐ ՄԻՆՉԵՒ ԱՅՍՕՐ ՎԷՃԻ ՆԻՒԹ Է: «ՆԷՅՉԸՐ ՆԻՈՒԶ» ԵՒ «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒՄԸ ԵՒ ՎԷՃԵՐԸ:

Նէանտերթալներու ժայռապատկերի արուեստի «ուշագրաւ ապացոյց» մը ի յայտ եկած է Ճիպրալթարի մէջ: Անիկա թերեւս քարտես մըն է, որ կ՛ըսէ. «Մենք հոս կը գտնուինք»:

Նէանտերթալներու ժայռապատկերի արուեստի «ուշագրաւ ապացոյց» մը ի յայտ եկած է Ճիպրալթարի մէջ: Անիկա թերեւս քարտես մըն է, որ կ՛ըսէ. «Մենք հոս կը գտնուինք»:

Մանկական խաղ մը կը յիշեցնէ, սակայն Ճիպրալթարի քարայրներէն մէկուն խորերէն վերջերս յայտնաբերուած փորագրութիւն մը կը նկատուի նէանտերթալ ժամանակներու գլուխ գործոց մը: Աւելի քան 39 հազար տարուան այս փորագրութիւնը կը մրցի Եւրպայի տարածքին ամէնէն հին ժայռապատկերներուն հետ եւ առաջինն է, որ հաստատ կը պատկանի նէանտերթալ մարդոց, ինչպէս կը յայտարարեն այն ուսումնասիրողները, որոնք ի յայտ բերած են զանոնք: Այսուհանդերձ, այլ գիտնականներ կը վիճին, թէ այս վերագրումը կասկածելի է:

Փորագրուած գիծերը յայտնաբերուած են Միջերկրական ծովուն հանդիպակաց Կորհամի քարայրին մէջ: Հնագէտներու խումբը 1980-ական տարիներէն ի վեր քարայրը կը հետազօտէ` գլխաւորութեամբ Կենդանաբանական պարտէզներու մասնագէտ եւ Ճիպրալթարի թանգարանի տնօրէն Քլայվ Ֆինլէյսընի: Անոնք ի յայտ բերած են, թէ նէանտերթալներ բնակած են քարայրին մէջ, ուր կերած են` ձուկ, խեցեղէն, թռչուններ, եւ թերեւս աւելի երկար գոյատեւած են, քան` Եւրոպայի տարածքին այլ վայրերու մէջ:

Սակայն 2012-ի յուլիսին Ֆինլէյսընի մէկ պաշտօնակիցը` Ֆրանսիսքօ Փաչեքօ, քարայրին մէկ նեղ անցքէն սողոսկած էր մինչեւ հեռաւոր սրահ մը, ուր դիպուածով հանդիպած էր փորագրուած գիծերու` գետնէն 40 սմ բարձրութեամբ հարթ մակերեսի մը վրայ, որ կարծէք սուրճի սեղան մը ըլլար: «Լուսարձակը տարբեր կողմերով պտտցուցինք, եւ տեսանք այս փորագրութիւնը: Անիկա անմիջապէս տեսանելի չէր», կը յիշէ ան: Փորագրուած գիծերը կը ծածկեն 20 սմ լայնքով եւ 20 սմ երկայնքով մաս մը եւ ունին քանի մը միլլիմեթր խորութիւն:

Թուական Մը Ճշդելը

Ժայռապատկերներու հնութիւնը ճշդելը շատ դժուար է, որովհետեւ անոնք անմիջական կապ մը չունին մարդկային կամ անասնական ոսկորներու հետ, որոնց հնութիւնը կարելի է որոշել` անոնց պարունակած բնածուխի հնութիւնը չափելով: Այսուհանդերձ, Ֆինլէյսըն վստահ է, թէ փորագրութիւնը կատարուած է նէանտերթալներու կողմէ` 39 հազար տարի առաջ: Փորագրութիւնները ծածկած աւազի խաւէ մը ի յայտ եկած են քարէ գործիքներ` յար եւ նման այն գործիքներուն, զորս նէանտերթալները գործածած են 30 հազար-39 հազար տարի առաջ: Ասիկա կը նշանակէ, թէ փորագրութիւնը շատ աւելի հին է. հաւանաբար` 40 հազար-45 հազար տարուան հնութիւն ունի, ինչպէս կ՛ըսէ Ֆինլէյսըն: Խելացի մարդը Կորհամի քարայրը հասած է աւելի քան 10 հազար տարի ուշ, երբ նէանտերթալները շատոնց անհետացած էին:

Կորհամի քարայրը` Ճիպրալթարի մէջ:

Կորհամի քարայրը` Ճիպրալթարի մէջ:

Կորհամի փորագրութիւններուն հնութիւնը մտածել կու տայ, թէ անոնք Եւրոպայի տարածքին ժայռապատկերներու հնագոյն օրինակներէն են: Հիւսիսային Սպանիոյ Էլ Քասթիոյի քարայրէն յայտնաբերուած ներկի կտոր մը աւելի քան 40 հազար տարուան հնութիւն ունի, սակայն յստակ չէ, թէ արդեօք մարդի՞կ, թէ՞ նէանտերթալները պատրաստած են զայն:

Փորագրութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար` Ֆինլէյսընի գլխաւորած խումբը փորձած է զանոնք վերստեղծել` օգտագործելով նոյնինքն նէանտերթալներուն գործիքները: Մասնագէտները ի յայտ բերած են, թէ միայն քանի մը տասնեակ նպատակաուղղուած եւ կրկնուած շարժումներով կարելի է ստեղծել նմանօրինակ փորագրութիւններ: «Մեր նպատակն էր ապացուցել, թէ կատարուածը խծբծում չէր, ոչ ալ` պատահմունք», կ՛ըսէ ան, ի տարբերութիւն, օրինակ, դիպուածով քերթուած մակերեսներու, երբ ժայռին վրայ խոզի միս կը շերտուէր: Յայտնաբերումին մանրամասնութիւնները լոյս տեսած են «Փրոսիտինկզ աֆ տը Նեշընըլ Աքատըմի աֆ Սայընսըզ» թերթին մէջ:

Պորտոյի մէջ Գիտական ուսումնասիրութիւններու ֆրանսական կեդրոնի տնօրէն Ֆրանչեսքօ տ՛Էրիքօ, որ վերահսկած է փորձերուն, կ՛ըսէ. «Տոլոմիթը շատ կարծր ժայռ մըն է: Մեծ ճիգ կը պահանջէր այս գիծերը ստեղծելը. հաւանաբար պէտք էր 200-300 անգամ հարուածել քարը: Հետեւաբար, մէկ նիստով չեն փորագրուած այս գիծերը: Չի նշանակեր, թէ անպայման խորհրդանշական է անոնց իմաստը, սակայն, ամէն պարագայի, դիտումնաւոր է կատարուածը»:

Բուն Հարցումը

Ի՞նչ կը նշանակեն ի յայտ բերուած փորագրութիւնները: «Արդեօք կարելի՞ է արուեստ կոչել զանոնք: Չեմ գիտեր` ի՛նչ մտածած են փորագրողները: Գիծերը երկրաչափական կը թուին ըլլալ: Կարծէք կը հետեւին խաչաձեւ կրկնօրինակի մը: Թերեւս տեսակ մը քարտես է,- կ՛ըսէ Ֆինլէյսըն:- Սակայն յստակ է, որ վերացական բան մըն է, դիտումնաւոր բան մը, հասկնալի բան մը, ինչ որ անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ, թէ նէանտերթալները մօտ եղած են խելացի մարդոց»:

Սաութհամթընի համալսարանէն հնագէտ Ալիսթեր Փայք կ՛ըսէ, որ եթէ իրօք, նէանտերթալները կատարած են փորագրութիւնները, ապա յայտնաբերումը շատ ուշագրաւ է: «Անիկա ոչ շատ ընդհանրացած, սակայն յատկանշական մէկ ապացոյցն է նէանտերթալներու խորհրդանշական վարուելակերպին», կը նշէ ան: Երկաթակաւի կտորներ, խեցիներու պատեաններէ շինուած մանեակներ եւ այլ զարդեղէններ եւս կը հաստատեն այն գաղափարը, թէ նէանտերթալները ունէին խորհրդանշական ուժի հասկացողութիւն, որ հիմքը կը նկատուի լեզուի եւ կրօնի:

Այսօր ծովը միայն քիչ մը հեռու է քարայրէն, սակայն, երբ անիկա առաջին անգամ բնակուած էր` կը գտնուէր քանի մը քիլոմեթր անդին:

Այսօր ծովը միայն քիչ մը հեռու է քարայրէն, սակայն, երբ անիկա առաջին անգամ բնակուած էր` կը գտնուէր քանի մը քիլոմեթր անդին:

Վերջերս յայտնաբերուած շարք մը ապացոյցներ մտածել կու տան, թէ նէանտերթալներու մտային կարողութիւնները ստորագնահատուած են: Անոնք ցոյց կու տան, թէ նէանտերթալները միտումնաւոր կերպով թաղած են իրենց մեռելները, իրենց մարմինը զարդարած են փետուրներով կամ ներկած են սեւ ու կարմիր գոյներով, եւ շատ աւելի այլազան սննդեղէն սպառած են, քան ինչ որ կը կ՛ենթադրուէր նախապէս:

Նէանտերթալներու վերագրուող ժայռապատկերներ ի յայտ եկած են հիւսիսային եւ հարաւային Սպանիոյ տարածքին, գոհարեղէնի ապացոյցներ` կեդրոնական Ֆրանսայի: Նոյնիսկ կ՛ենթադրուի, թէ Սլովենիոյ մէջ յայտնաբերուած երաժշտական գործիք մը` ոսկորէ «սրինգ» մը, կը պատկանի անոնց: Սակայն վերացական մտածողութեան նման վերագրումներ միշտ ալ վիճելի հռչակուած են եւ կ՛ենթադրուի, թէ նէանտերթալները խելացի մարդոց հանդիպելով` սորված են որոշ բաներ:

Փենսիլվանիոյ համալսարանէն հնագէտ Հարըլտ Տիպըլ վերապահ է յայտնաբերուած փորագրութեան նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` անոր հեղինակներուն: Հողը ընդհանրապէս տեղաշարժի կ՛ենթարկուի քարայրի մը շուրջ եւ հաւանական է, որ խելացի մարդը փորագրած ըլլայ գիծերը, որոնք սակայն հետագային ծածկուած են նէանտերթալներու բնակութեան ժամանակներու հողի խաւերով, կը բացատրէ ան: Աւելի՛ն. ան հարցականի տակ կ՛առնէ կարեւորութիւնը վերացական խծբծումներուն, որոնք ի յայտ եկած են նաեւ նէանտերթալ ժամանակներու անասուններու ոսկորներու վրայ` այլ վայրերու մէջ: «Միտումնաւոր կամ պատահական քանի մը գիծեր բաւարար փաստեր չեն նէանտերթալներու խորհրդանշական վարուելակերպին», կը նշէ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES