Տէրսիմի Խորոտա Գիւղին Բնակիչները Հայ Են

Տէրսիմ, Մնձուր գետի հովիտ
«Ակօս»-ի հայերէն յաւելուածի խմբագիրներէն Բագրատ Էսդուքեան, օգոստոսի սկիզբը Տէրսիմի Մնձուրի փառատօնի օրերուն այցելած է նաեւ Տէրսիմի Շորտա գիւղը, ուր ան յայտնաբերած է, թէ գիւղին բնակչութիւնը ամբողջութեամբ հայերէ կը բաղկանայ: Ահա թէ ի՛նչ կը գրէ Էսդուքեան.
Սակայն այդ բոլորին մէջ արտակարգօրէն ցայտուն եւ եզակի դարձաւ Մազկերտի հայկական Շորտա գիւղին խրախճանքը, ուր երբ ծանօթացանք գիւղի բնակիչներուն հետ, պարզուեցաւ, թէ ամբողջ գիւղը հայերէ կը բաղկանայ, որոնց մէկ մասը հպարտութեամբ կը յայտնէ այդ պատկանելիութիւնը, իսկ մէկ մասն ալ կը գոհանայ «Հայրս հայ է» կամ «Պապս հայ է» ըսելով:
Գիւղի հրապարակին վրայ երբ ողջ ժողովուրդը շուրջպար էր բռնած, գիւղի կիներն ալ խորոված միսով ու սիսեռով պատրաստուած Տէրսիմի խոհանոցին յատուկ ճաշեր կը սպասարկէին ներկաներուն: Ահա այդ թոհուբոհի մէջ յանկարծ պարզուեցաւ հսկայ որմազդ մը, որուն վրայ պատկերուած էին նախորդ տարուան մայիսին, «Կեզի» զբօսայգիի ցոյցերու ժամանակ երկրի տարբեր քաղաքները զոհուած երիտասարդներուն դիմանկարները, որոնք եւս ծափողջոյններով դիմաւորուեցան բոլորին կողմէ:
Ինչպէս ամէն ուրախութիւն, ժամերը յառաջացան ու Շորտա գիւղին խրախճանքն ալ հասաւ իր աւարտին: Ետդարձի պահը հասած էր, երբ նկատեցի մեր բարեկամուհիներէն մին, որ նստած կը շաղակրատէր գիւղի կիներուն հետ: Զգուշացուցի, որ կ՛երթանք: «Դուք գացէք, ես հոս եմ, հարսիս մօտ կը մնամ» պատասխանեց, բայց զարմանքս նկատելով, կողքիս երիտասարդ կինը ցոյց տալով, բացատրեց, թէ ան կողակիցն է իր սիրելի մէկ բարեկամին, որ Պելճիքա կը բնակի եւ քաղաքական մտավախութիւններով կը խուսափի Թուրքիա գալէ:
Քանի որ հարսեր ալ ունինք այս գիւղէն, ուրեմն կասկած չունիմ, որ Շորտա կը շարունակէ պահել իր հայկական դիմագիծը:

