50 Տարի Առաջ Սասնոյ Մէջ Կ՛իսլամանար Հայկական Գիւղ Մը

Աջար գիւղը

Աջար գիւղը

«Հիւրիէթ» օրաթերթի 1964 թուականի ապրիլ 7-ի թիւին մէջ տպագրուած տեղեկատուութեան մը համաձայն, Թուրքիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք գոյատեւող հայկական գիւղի մը ամբողջ բնակչութիւնը իսլամացած է: Այս մասին կը հաղորդէ Akunq.net-ը` հիմնուելով Sasun.org թրքալեզու կայքին հրապարակած տեղեկութեան վրայ:

Ըստ աղբիւրին, Սասուն գաւառին ենթակայ Աջար գիւղի 30 տունէ բաղկացած բնակչութիւնը Պաթմանի միւֆթի Ալա Էլտին Եաւուզի ներկայութեամբ իսլամութիւն ընդունած է: Գիւղի եկեղեցին մզկիթի վերածուած է, բնակիչներուն անունները փոխուած են, իսկ բոլոր մանչ երեխաները` թլփատուած:

Քրիստոնեայ այս գիւղի 88 հոգինոց բնակչութիւնը, որուն 48-ը երեխաներ էին, 40-ը կիներ ու տղամարդիկ, հարկադրուած եղած են մզկիթի վերածել գիւղին հարիւրամեայ եկեղեցին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )