Երիտասարդական Ոսպնեակ. Քաղաքացիական Մարտունակութեան Ցուցանիշ` Հայոց Վեթերաններու Կեցուածքին Ընդառաջ
ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
«Սահմանին վրայ տիրող լարուած օրերուն (օգոստոս 1-10)
հարիւրաւոր վեթերաններ եւ կամաւորներ բարձրացան դիրքեր
մեր զինուորներուն կողքին գտնուելու եւ զանոնք ոգեւորելու համար»:
ՄՈՎՍԷՍ ՅԱԿՈԲԵԱՆ
Արցախի պաշտպանութեան նախարար
(«Ազդակ», 21- 8- 2014)
Եթէ երբեք հարց տրուի, թէ ինչո՛ւ լուսարձակի տակ կ՛առնուի մերօրեայ պատերազմի վեթերաններու եւ կամաւորներու կատարած վեհափառ արարքը, պատասխանը պիտի ըլլայ այն, թէ պարզապէս ընդգծելու եւ լոյսին բերելու իրողութիւն մը բիւրեղ, որ էապէս կ՛առնչուի հայ ժողովուրդի դարաւոր անցեալին, հոգեկերտուածքին, ներքին կազմաւորման, պայծառ էութեան եւ ամրակուռ շաղախին:
Եւ սա չափազանցուած գնահատում չէ, այլ բարոյահոգեբանական հիմք ունեցող ճշմարտութիւն մը, որ ունի պատմաքաղաքական, ազգային ու ազգագրական անսեթեւեթ հիմնաւորումներ:
Այս օրերուն, երբ մեծապէս կը շեշտադրենք նման սիրտ թնդացնող սխրանքներու կարեւորութիւնն ու դերակատարութիւնը` հայ կեանքի վերականգնումի եւ առաւել հայացումի ճանապարհին, այլապէս ալ նման հրաշագործ կեցուածքներ եւ յախուռն ելոյթներ պատեհ առիթներ են յաչս աշխարհին ցոյց տալու, թէ հայութիւնը իր այսպէս ասած բացթողումներուն եւ տեղատուութիւններուն առընթեր կը շարունակէ իր սրբազան գոյերթը, պատուով կը շրջանցէ բազում խոչընդոտներ, կ՛ապրի Արարատի ոգեկան բարձրութեամբ, կը շնչէ Նարեկայ վանքի մեծութեամբ, կը ստեղծագործէ Սուրբ Մեսրոպի կամքին ու տեսիլքին համահունչ, հաւատարիմ է Աւարայրեան հրաշափառ ակունքներէն ցայտող պատգամին, պաշտպանն ու ժառանգորդն է Սարդարապատի ղօղանջին, ջերմեռանդ հաւատացողն է ազգային մէն մի արժէքի պահպանման, այո՛, հայրենիքի ու ազգի պաշտպանութեան եւ անմնացորդ նուիրաբերումին:
Պահ մը զանց առնելով միջազգային բեմահարթակի քաղաքական եւ դիւանագիտական աճպարար նկրտումները, համայնակուլ ու վայրագ վարքագիծերը, շահակցական բիրտ ու տնտեսական խօլ արշաւները, պատերազմական թէ բարբարոսային ճակատումները, պարտաւոր ենք ազգովին ըլլալ շրջահայեաց եւ պետականակեդրոն, որպէսզի առանց տատանումի մեր ուշադրութեան առանցքը դարձնենք ներազգային կեանքի բաղկացուցիչ տարրերու առաւել սնուցանումը, կայտառ պահուածքի ջրդեղումը, ներքին թէ արտաքին քաղաքական իրավիճակի համապարփակ խոր ուսումնասիրութիւնը, բայց մանաւանդ` ազգային շտեմարանի յանձանձումն ու վերարժեւորումը:
Այլ խօսքով, հեռաւոր անցեալի թէ ժամանակակից կեանքի իսկ թելադրութեամբ, հայութիւնը աւելի քան երբեք անսալու է յստակատեսի իր կոչումին (թէեւ հազուադէպ) եւ ազգային պատկանելիութեան առաւել փարումին, ազատութեան ձգտումին, եւ ամէնէն էականը այս հանգրուանին` ռազմավարական ճիշդ հայեացքներու որդեգրումին եւ մարտավարական կողմնորոշումներու ընդգրկումին:
Թէեւ յարաբերաբար փոքր ժողովուրդներու շարքին կը դասուինք, սակայն ատոնցմէ կը տարբերինք ազգային ու մարդկային ձգտումներու շաղախային հասկացողութիւններու մեծութեամբ: Սա գերակայութեան բարդոյթ չէ, ոչ ալ ցեղապաշտի մօտեցում, այլ` ինքնաճանաչողութեան մակարդակի տիպար ընդգծում:
Փաստօրէն, ինչպէ՛ս կրցած ենք ազգովին եւ հազարամեակներու թաւալքին զուգահեռ պահպանել հաւաքական ձգտումներու այն շաղախը, որով կը հպարտանանք յաճախ, թէկուզ շատ անգամ հարբենալու թէ ուղեկորոյս ըլլալու աստիճան:
Ահաւասիկ մատնանշելին, որուն տուած ենք բնորոշում մը անպաճոյճ, գիտակցական եզր մը հանապազօրեայ, եւ որուն հիմքը հայրենապաշտութիւնն է լոկ` իր երախտաշատ դրսեւորումներով:
Միթէ հայրենիքի պաշտպանութեան եւ ժողովուրդի փրկութեան մէկ պատուաբեր արտայայտութիւն չէ՞ մերօրեայ պատերազմի վեթերաններու եւ կամաւորներու շտապ ներկայութիւնը հայոց սահմանի ամբողջ երկայնքին` թեւ ու թիկունք ըլլալու հայոց սահմանապահներու, որոնք վերջին շրջանին կ՛ենթարկուէին թշնամական բազմակողմանի յարձակումներու:
Արդարեւ, օգոստոսեան տօթակէզ օրերու հետ միատեղ, նոյնքան եւ աւելի տաք, ճակատագրական, բայց մանաւա՛նդ վճռական օրեր ապրեցաւ հայրենի Արցախ աշխարհը:
Հաւանաբար, հաստատուած զինադադարէն ետք (մայիս 1994), պատերազմական վիճակի ամէնէն ահաւոր մէկ դիպաշարին ականատես եղանք ազգովին, երբ թուրք-ազերիական բարձրագոյն մակարդակի սպառնալիքներու հերթական յայտարարութիւններէ ետք, թշնամի զինեալ հորդաններ նկրտեցան իրենց յարձակումներով ահ ու սարսափի մատնել հայոց սահմանապահ զօրքերն ու հայրենի խաղաղ բնակչութիւնը:
Ամիսներու վրայ երկարող, բայց մանաւանդ` վերջին շաբաթներուն, հայրենիքի պաշտպան մեր հերոս տղաքը, թշնամի բանակային տարբեր ստորաբաժանումներու կողմէ գրեթէ ամէնօրեայ յարձակման ենթարկուեցան` տալով անգին զոհեր եւ վիրաւորներ:
Այդուհանդերձ, հայոց բանակի զինուորագրեալ մեր տղաքը կրցան ըստ էութեան գնահատել պահուան լրջութիւնը եւ` ապաւինելով իրենց մարտունակ ոգիին, չուշացուցին հակահարուածը, որ իր կարգին ահ ու սարսափի մատնեց թշնամին, գերեվարեց անոնցէ շատերը, եւ զգետնեց բազմաթիւ ուրիշներ:
Փաստօրէն, հայրենիքի սահմանապահ մեր ուժերուն դիմաց ա՛լ ուրիշ այլընտրանք չէր մնացած, ի բացառեալ հակայարձակումի եւ կանխարգելիչ գործողութիւններու նախաձեռնումին, որպէսզի հատու եւ շշմեցուցիչ հարուածներու տարափին տակ ոչ միայն կասեցնէին թշնամի հետախոյզներու ներթափանցումները, այլեւ սահմռկեցուցիչ եւ ուժգին պատասխան-հարուածներու առաջադրութեամբ` առաւելագոյն վնասներ հասցնէին թշնամի հորդաններու: Ի պատիւ հայոց բանակին, առաջադրուած զինուորական մարտերը յաջողութեամբ պսակուեցան:
Եւ այպէս, իր անկախութենէն աւելի քան քսան տարի ետք հայոց բանակի դիմադրողականութիւնն ու զինեալ ուժերու տոկունութիւնը մեծ փորձաքարի զարնուելով` նորովի մկրտութեան բովէն կ՛անցնէր եւ իր գերակայ կշիռն ու հմայքը կը հաստատագրէր ժամանակակից կեանքի հայոց մարտական մատեանին մէջ` շնորհիւ իր երիտասարդ, առոյգ եւ անվեհեր բանակայիններու, արհեստավարժ սպայակոյտին, հրամանատարական կազմի խիզախ որոշումին եւ անզիջող կեցուածքին, բայց մանաւանդ` դէպի թշնամի որջեր խոյացող եւ նահատակութեան փառապսակին արժանացած հերոս տղաներու հայրենապաշտութեան:
Այլապէս ալ կը պատահէր սպասելին, եւ շատ անգամ անըմբռնելին: Ճակատագրական պահերու թէ ճգնաժամի վայրկեաններուն յեղակարծ կը սթափէր հայոց աստուածութիւններու ամէնէն պաշտելին` միասնական ոգին, որուն դրսեւորումը մենք ազգովին տեսանք պատերազմի վեթերաններու եւ կամաւորներու յայտնութեամբ, որոնք ականջալուր իրենց քաղաքացիական գիտակցութեան եւ մարտունակ պահուածքին, շտապեցին սահմանային դիրքեր, զէնք բարձրացնելու, ի հարկին կռուելու եւ նահատակուելու` յանուն Արցախի պաշտպանութեան եւ հայրենիքի փրկութեան:
Իրօք, արցախեան գոյամարտին իրենց նուիրական ծառայութիւնն ու անասելի զոհողութիւնները մատուցած վեթերաններու այս արարքը քաղաքացիական մարտունակութեան ցուցանիշ է ըստ ամենայնի, եւ ազգային արժէքներու պահպանման ամէնէն պայծառ օրինակը: Անոնք` իբրեւ հայրեր, եղբայրներ, հարազատներ ու վաղեմի բարեկամներ միահամուռ կերպով եւ մէկ բռունցքի վերածուած, օրհասական պահու ճիշդ կիզակէտին` դարձան հայոց վիշապաքաղ այրուձին բնորոշող տիպարը, որուն վերապահուած էր վրէժի ու ցասումի իր սրբազան խօսքը արտաբերել` կամքի ու բազուկի հայաշունչ խորհուրդը կենդանացնելով:
Արդա՛ր է ըսել եւ բարձրագոռ` յարգա՛նք ձեզ, հայոց վեթերաններ:

