Մանուկներուն Վազքը…
ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Կը վազէ Արամը` ընտանիքին համար…
Կը վազէ Աստղիկը` սիրոյ համար…
Կը վազէ Թեւանիկը` կեանքի ու մահուան համար…
Երեք մանուկ-պատանիներ, երեք ընկերներ` նոյն ժամանակաշրջանին եւ նոյն վայրին մէջ, սակայն իւրաքանչիւրը` ի՛ր ուղղութեամբ, ի՛ր նպատակով եւ ի՛ր երազներով…
Երեք էութիւններ, որոնք իրարու կը կապուին Լեռնային Ղարաբաղի հրաշալի բնութենէն հանդիսատեսին փոխանցուող եւ զայն գրաւող գեղեցկութեամբ եւ նոյն բնութեան մէջ տեղի ունեցող ու անոր սպառնացող պատերազմական դաժան պայմաններով, անոնց լոյսին տակ ստեղծուած տխուր ու անորոշ կացութիւններով:
Երեք ղարաբաղցիներ, որոնց համար պատանեկան զուարճալիքները խորթ են, որոնց համար կեանքը տարբեր դիտանկիւն ու խորք ունի: Հակառակ իրենց փոքր տարիքին` բազում մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման են, որովհետեւ խորքին մէջ անոնց մէջ կը խտանան իրարմէ տարբեր եւ իրարու ագուցուող երեք ընտանիքներու պատմութիւններ, կացութիւններ եւ իրավիճակներ, որոնք պատանիները կը մղեն` մէկ ակնթարթի մէջ չափահաս դառնալու, որոշումներ տալու, քայլերու դիմելու եւ ճակատագիրներ որոշելու:
Ժապաւէնի երեք բաժիններ, որոնց մէջ ներկայ են երեք պատանիներն ալ, սակայն իւրաքանչիւրին մէջ` տարբեր կերպով, երբեմն երկրորդական ու աննշան դերակատար իբրեւ, իսկ երբեմն` իբրեւ ամբողջ բաժինին հիմնական հերոսը: Երեք կեդրոնական դէպքեր, որոնց մէջ իրադարձութիւնները իրարու մօտ ըլլալով հանդերձ, տարբեր բնոյթի են, իւրաքանչիւրին մէջ նոյն կացութիւնները դիտուած են տարբեր պրիսմակէ ու պահուան յատուկ մօտեցումով: Երեքին միջեւ անուղղակի շարունակականութիւն մը կը ստեղծուի, կարծէք ըլլան ընդհանուր պատկերի մը զանազան մասերը, որոնք քով քովի կու գան ժապաւէնը իր ամբողջութեան եւ գագաթնակէտին հասցնելու համար:
***
Արամին վազքը դաժան է, երկար ու անվերջանալի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի միջեւ եղած սահմանին մօտիկութեան չափ հեռաւոր… Վազք մը, որ ոչ մէկ տեղ կրնայ հասցնել, բացի վիշտէն, տրտմութենէն եւ ստեղծուած իրավիճակը ընկալելու համար տակաւին փոքր տղեկին արցունքներու հեղեղէն, պատանեկան զայրոյթէն, բան մը փոխելու անկարողութենէն ծնած պոռթկումէն: Արամ զոհն է հօրը արարքին ու որոշումին` մարդկային մտքին ու խղճին անյարիր ու անընդունելի: Արցախցիի տիպար ու ազգային սկզբունքներուն բուռն կերպով կառչած ալեհերը իր որդին Պաքու կը ղրկէ` ուսանելու, սակայն վերջինս Լեռնային Ղարաբաղ կը վերադառնայ ազրպէյճանցի կնոջ մը հետ ամուսնացած… Աներեւակայելի իրավիճակ մը, հաւանաբար հայրը ամէն ինչ կրնար պատկերացնել, սակայն ո՛չ այս մէկը… թշնամիին աղջի՞կը… Զոյգին գործած «մեղք»-ին պտուղներն են Արամն ու եղբայրը, նոյն «մեղք»-ն է, որ ընտանիքը կը բաժնէ երկուքի` Արամն ու հայրը կը մնան ղարաբաղեան հողերուն վրայ, իսկ եղբայրն ու մայրը կ՛անցնին ազրպէյճանական կողմ… Արամ կը վազէ ու կը կանչէ մայրը, Արամի ձայնը, աղաչանքը, զայրոյթը, խնդրանքը այնքան ուժգին են իր «մամա՜» կանչին մէջ, որ հեռաւոր Լեռնային Ղարաբաղէն շատ դիւրութեամբ եւ անմիջականութեամբ կը հասնին աշխարհի որեւէ տեղ ու կը թափանցեն այդ ձայնին խորքայնութիւնը շօշափող ոեւէ անձի սրտին յատակը: Արամ կը կանչէ, ձայնը կը տարածուի, կը թնդացնէ Արցախ աշխարհը, կը մագլցի հեռաւոր լեռները, կը թակէ ազատամարտիկներուն սրտերուն դռները, սակայն միեւնոյն ատեն ոչ մէկ տեղ կը հասնի… Կը շիջի անզօրութեան զգացումին ծանրութեան տակ, մօրմէն ու եղբօրմէն բաժնուելու վիշտին դառնութեան պատճառով… Արամին որդիական ու պատանեկան անմեղ ուղեղը եւ բիւրեղ սիրտը ինչպէ՞ս կարենայ հասկնալ կացութեան ծանրութիւնը…
Աստղիկ կը վազէ նամակ մը ձեռքին, կը վազէ գտնելու համար այն հրամանատարը, որուն կողմէ իրեն ուղղուած քաղցր խօսքը երջանկացուցած էր պարմանուհին, գգուած էր անոր նորափթիթ իգականութիւնը: Աստղիկենց աւանդական սկզբունքներուն հաւատարիմ յարկին տակ հիւրընկալուած հրամանատարին հասած նամակն էր այդ` անոր սիրածէն, նամակ, որուն մէջ սիրոյ առկայծումի եւ վերստին միացումի ու տեսութեան յոյսեր ու խոստումներ կան: Պարմանուհի Աստղիկ, գիտակցելով հրամանատարին համար նամակին կարեւորութեան եւ ճակատագրականութեան, նամակը ձեռքին կը վազէ լեռներն ի վեր` գտնելու հրամանատարը, յանձնելու նամակը, զոր ինք կարդացած էր հակառակ նման բան չընելու մօրը թելադրանքներուն: Աստղիկ սովորական պարմանուհի չէ, ան Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին պարտադրած պայմաններուն լոյսին տակ կազմաւորուած աղջնակն է, որ ճակատագրական պահերու եւ պատերազմական թէժ պայմաններու մէջ իսկ տան պատերէն դուրս է, բնութեան մէջ, արագընթաց դէպքերու վայրերուն մօտիկ, որովհետեւ հո՛ն են իրենց տան տղաքը, հո՛ն են պաշտպանելու այն հողը, որուն վրայ իրենց կեանքը պէտք է շարունակեն Աստղիկն ու հասակակիցները, թէկուզ` որբ…
Աստղիկին սիրոյ վազքը եւս անվերջանալի է, ոչ մէկ տեղ հասցնող, ապարդիւն… Ուշացած են հրամանատարին սիրածն ու Աստղիկը, հրամանատարը արդէն չկայ, որպէսզի տեղեակ ըլլայ իր սիրածին կողմէ իրեն փոխանցուող յոյսին ու սիրոյն մասին… Ան առյաւէտ կը հեռանայ` սրտին մէջ թաքցնելով պատերազմի դաշտ երթալու որոշումին պատճառով իր կորսնցուցած սիրահարին կարօտն ու անկէ բաժնուելու թախիծը:
Թեւանիկին վազքը քաջորդիներու վազքն է, խրոխտ վազք է` սերտուած քայլերով ընթացող. անմեղ ու ազատ չէ, որքան` Արամին ու Աստղիկը վազքն ու յառաջխաղացքը, որովհետեւ անոր կը հետեւի պատերազմին լրջութեան գիտակից եւ Արցախը պաշտպանելու համար սփիւռքէն եկած հրամանատարը, որուն ոչ միայն լիովին կը վստահին գիւղացիները, այլ անոր նկատմամբ անխտիր յարգանք ու ակնածանք կը տածեն բոլորը: Թեւանիկ, որ շրջանի իւրաքանչիւր թիզի քաջածանօթ է, նոյնիսկ` աչքը փակ, այդ տուեալէն զուրկ հրամանատարը կ՛առաջնորդէ լերան միւս կողմը… Թեւանիկ ճամբուն ընթացքին լաւապէս կը հետեւի հրամանատարին խօսքերուն, խորհուրդներուն եւ ցուցումներուն` հրամանատարին ներկայութեան իւրաքանչիւր վայրկեանէն օգտուելու ծարաւով: Կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին արդէն իսկ կը դառնայ փոքր ազատամարտիկ, որ գիտէ, թէ պատերազմի ընթացքին կա՛մ պիտի սպաննես եւ կա՛մ սպաննուիս: Հրամանատարին հրահանգով հազիւ իրմէ բաժնուած` անակնկալ ու չնախատեսուած պայմաններու մէջ, Թեւանիկի աչքին առջեւ հրամանատարին մահը, պատանին ցնցելով հանդերձ, շփոթի չի մատներ զայն, չի վախցներ, չի մղեր փախուստ տալու, այլ ան կը հետեւի սպաննողին ու ի վերջոյ դէմ առ դէմ կը կանգի անոր հետ… Կը լսուի կրակոցը, սակայն չի լսուիր ճակատագիրին ձայնը` ո՞վ էր սպաննողը, ո՞վ սպաննուողը…. Թեւանիկին վազքը հարուստ է, զինք հասուն դարձնող, սակայն կրկին անվերջանալի` վախճանը որո՞ւ էր` Թեւանիկի՞ն, թէ՞ հրամանատարը սպաննողին…
***
Կ՛աւարտի ժապաւէնը, կը տողանցեն գիրերը, սակայն «Թեւանիկ»-ին հետ ժամադրուած հանդիսատեսին մտքին, հոգիին ու էութեան մէջ կը շարունակեն հնչել Արամի «մամա՜»-ն, Աստղիկի «ո՞ւր է հրամանատարը» ուշացած հարցումը եւ Թեւանիկին կրակոցը` մահ կամ կեանքի պատճառով… Տակաւին, կը տողանցեն հիմնական դէպքերուն եւ հերոսներուն զուգահեռ հրամցուած պատերազմական առօրեան, սպանութիւններու պատկերները, մնալ կամ երթալու ընտրանքին բերումով ստեղծուած տխուր կացութիւնները, յատկապէս` Արամի մեծ հօր զայրոյթն ու իր էութեան մէջ ստեղծուած հակասութիւններն ու անոր լուռ, սակայն եռացող ներքին պայքարը…
Ջիւան Աւետիսեանի բեմադրական հմտութիւններուն ծնունդ «Թեւանիկ»-ին ընդմէջէն աշխարհի որեւէ վայրի մէջ գտնուողը դիւրութեամբ կը փոխադրուի Լեռնային Ղարաբաղ, պատերազմական օրեր, խրամատներ, հրասայլեր, զոհ ու վիրաւոր, պայքար ու գոյատեւում, կեանք ու մահուան հետ հաշտութիւն…
Առնոլտ Աղապապովի «Թեւանիկ» բեմագրութեան հիման վրայ նկարահանուած եւ Կարինէ Խոդիկեանի եւ Ջիւան Աւետիսեանի կողմէ ամբողջութեան վերածուած ժապաւէնին մէջ պատերազմը տակաւին թարմ է, գիւղացիները, ինչպէս պատերազմի սկիզբը գտնուող որեւէ հաւաքականութիւն, կը հաւատան, թէ քանի մը օրուան խնդիր է ու շուտով կ’աւարտի ամէն բան: Ժապաւէնին ընդմէջէն յստակ կ’արտացոլայ այն իրողութիւնը, որ պատերազմը հրասայլ, թնդանօթ, փամփուշտ ու կրակոց չէ լոկ, այլ` այդ բոլորին ցնցումէն ու պատճառած քանդումէն ճեղքրտուած, խոցոտուած, արիւնաքամ սրտեր, հոգիներ ու մտքեր, չապրուած մանկութիւններ, սպաննուած պատանեկութիւններ, բաժնուած ընտանիքներ…
Արամին վազքը կանգ կ’առնէ, սակայն անորոշ կը մնայ, թէ կրկին մայրը պիտի կարենա՞յ տեսնել ու անոր կուրծքին սեղմուելու զգացումը ապրիլ…
Աստղիկին վազքը կանգ կ’առնէ, սակայն նամակին տէրը չի գիտակցիր ուշացած ըլլալը, իսկ Աստղիկին համար անորոշ կը մնայ, թէ իր հայրն ու պապը տուն պիտի վերադառնա՞ն…
Թեւանիկին վազքը կանգ կ’առնէ, սակայն անորոշ կը մնայ, թէ անոր հոգիի բաբախումը եւս կը դադարի՞…

