Ռէյ Ուիլքինզ` Յորդանանի Մարզիչ

0904_WilkinsԱնգլիացի միջազգային նախկին մարզիկ Ռէյ Ուիլքինզ երէկ նշանակուեցաւ Յորդանանի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ Յորդանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը նշեց, որ երկրի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ալին Պըն Հիւսէյն երէկ այդ պաշտօնը յանձնեց Ուիլքինզի:

Նշենք, որ Պըն Հիւսէյն այդ պաշտօնը կը վարէ 25 տարեկան հասակէն:

Իսկ իրլանտացի միջազգային նախկին մարզիկ Ֆրանք Սթեփըլթըն նշանակուեցաւ Ուիլքինզի օգնական:

Share this Article
CATEGORIES