Սեմի Խետիրա` Վեց Շաբաթով Բացակայ
Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ եւ Ռէալ Մատրիտի մաս կազմող Սեմի Խետիրա վեց շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` վիրաւոր ըլլալուն պատճառով:
Ան վիրաւորուեցաւ քանի մը օր առաջ, երբ փորձեր կը կատարէր իր երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին իր խմբակիցներուն հետ:
23 տարեկան Խետիրա ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ հոկտեմբերի կիսուն:
Ան պիտի բացակայի կարգ մը կարեւոր մրցումներէ:
Նախ եւ առաջ կիրակի, 7 սեպտեմբերին Գերմանիա եուրօ-2016-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի մրցի Սկովտիոյ դէմ:
Իսկ «Լա լիկա»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 14 սեպտեմբերին, Ռէալ Մատրիտ բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք ախոյեան Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

