«Մերժեցինք Պարսելոնային, Որովհետեւ Ֆութպոլը Մեզի Համար Առեւտուր Չէ» Կ՛ըսէ Սեն Ժերմենի Նախագահը

0904_PSG-khelaifiԻր հրապարակած մէկ լուրին մէջ «Լը Փարիզիեն» կը յայտնէ, որ Փարիզ Սեն Ժերմենի նախագահ քաթարցի Նասեր Խելայֆի ըսած է, թէ ինչո՛ւ մերժեց Պարսելոնայի առաջարկը, որ կ՛ուզէր ձեռք ձգել յետսապահ Մարքինիոսը:

«Պարսելոնա, շատ մօտէն հետաքրքրուած ըլլալով մեր ակումբին մաս կազմող 20 տարեկան յետսապահ Մարքինիոսով, անոր ստորագրութիւնը ձեռք ձգելու համար մեզի առաջարկեց 40 միլիոն եւրօ: Սակայն մենք մերժեցինք այդ առաջարկը, հակառակ անոր որ Մարքինիոս կ՛ուզէր միանալ աշխարհի մեծագոյն ակումբներէն մէկուն` Պարսելոնային: Բայց եւ այնպէս կը շեշտեմ, որ այդ առաջարկը կտրուկ կերպով մերժեցինք, որովհետեւ ֆութպոլը մեզի համար առեւտուր չէ», ըսաւ ան:

Share this Article
CATEGORIES