ՄԵՐ ԱՌՕՐԵԱՅԷՆ. ՇԻՆԻՉ ԴԱՍԵՐ ՔԱՂԵԼՈՒ ԱՌԻԹՆԵՐ
Վերջին շաբաթներուն իշխանական երկու հարսանիքներ դիտելու առիթը ունեցանք պատկերասփիւռի միջոցով: Անգլիոյ Ուիլիըմ իշխանին ընդ Քեթի, ինչպէս նաեւ Մոնաքոյի Ալպեր իշխանին` ընդ Շարլենի: Երկու իշխաններու պսակադրութեան արարողութիւնները կատարուեցան առաջինը Անգլիոյ, իսկ երկրորդը Ֆրանսայի մէջ, ըստ արքայական եւ իշխանական օրէնսդրութեան կամ աւանդութեան: Բազմամիլիոն անձեր աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն դիտեցին հարսանեկան եւ եկեղեցական կարգի ու ծէսի յատուկ արարողութիւնները, հիացումի արտայայտութիւններ փոխանցելով մէկը միւսին.
– Դիտեցի՞ր իշխան Ուիլիըմին հարսանիքը, պսակը:
Ո՞վ կրնայ ոչ ըսել, հարսանիք է սա, այդ ալ` արքայական, իշխանական ՏՈՒՆԵՐՈՒ զաւակներուն: Երանի տուին մեր երիտասարդները, որ աշխարհի վրայ կան բախտաւոր ծնունդներ, իշխաններու հետ ամուսնանալու արժանի աղջիկներ:
– Տեսա՞ր` ի՜նչ գեղեցիկ հագուած էին հարսնեւորները: Կիներուն հագուստները, գլխարկնե՞րը այնքան ճաշակաւոր: ՏԵՔՈԼԹԷ հագուստով տիկիններ կամ օրիորդներ չկային:
Նոյն նկատողութիւնը կատարուեցաւ նաեւ Ալպեր իշխանին, որ ֆրանսական Մոնաքօ իշխանութեան ժառանգորդն է այսօր: Մեր պըտըլ իկ երկրին` Լիբանանի մեր ժողովուրդն ալ մասնակից եղաւ հարսանեկան այս արարողութեան եւս, պատկերասփիւռին միջոցով: Մեր հայուհիները սքանչացան բարձր դասու անձնաւորութեանց ներկայութեան, միշտ պատշաճ զգեստաւորումով, առանց` «շռայլ» մերկ մարմիններ ցուցադրելու:
Հայուհիներ հարցուցին իրարու:
– Տեսա՞ր Մոնաքոյի հարսանիքը, ի՜նչ գեղեցիկ հագուած էին, ի՜նչ ճաշակաւոր: Հապա՞ գլխարկները, հիանալի՜: Յատուկ հմայք ունէին հարսանեաց հանդիսութեանց ներկայ իգական սեռին յարդարուած գլուխներուն գլխարկները յաւելեալ գեղեցկութիւն տուին մթնոլորտին: Մեր աղջիկներն ալ հիացան եւ թերեւս օրինակ մը առին իրենց հարսանիքները նման մթնոլորտով ծաղկեցնելու: Հիացան հագուստներու լրջութեան եւ ՄՈՏԵԼներուն` առանց մարմին ցուցադրելու անպատշաճ տրամադրութեան:
Մեր սիրելի օրիորդները եւ տիկինները շատ հաւնեցան յիշեալ հարսանիքներու եւ պսակադրութեանց լրջախոհ ոճը: Բայց կայ դաս քաղելիք կեցուածք մը: Մեր ժողովուրդը ամենայն հետաքրքրութեամբ կը հետեւի Ամերիկայէն, Եւրոպայէն ներածուած, պատկերասփիւռէն ցուցադրուած նորութիւններու, ամէն տեսակի օգտակար կամ անօգուտ երեւոյթներու: Եթէ Ամերիկայի մէջ այսինչ ճաշը կ՛ուտեն, իրենք ալ այդ ճաշը պիտի ուտեն անպայման, մոռնալով իրենց ազգային աւանդութիւնները: Եւրոպական պարզ հագուածքներուն չեն հետեւիր, այլ շարժանկարի դերասանուհիին մերկութիւնը կամ այլ անպատշաճ ձեւը կ՛որդեգրեն` առանց նկատի առնելու, թէ այդ դերասանուհին ինչ-ինչ վիճակի կամ պայմանի մէջ այդ կերպարը ստացած է:
Հիմա կը սպասենք, որ մեր հայուհիները որդեգրեն անգլիական եւ ֆրանսական զոյգ հարսանիքներուն ներկայ հարսնեւորներուն հագուածքը, մանաւանդ` եկեղեցւոյ մէջ պսակի պահուն: Արդեօք կը հետեւի՞ն, կ՛ընդօրինակե՞ն, չէ՞ որ եւրոպական եւ ամերիկեան ճաշակ են: Տեսնենք: Պիտի կարենա՞նք մեր պսակադրութեան ժամանակ մեր եկեղեցիներուն մէջ տեսնել ոչ ցանկայարոյց հագուածքով հարսեր, կնքամայրեր եւ հարսնեւոր տիկիններ օրիորդներ: Յուսանք այս դասը շինիչ օգուտ մը կ՛ունենայ…:
ԱՔԱՍԻԱ