ԻՐ 29-ՐԴ ԳԵՂԱՆԿԱՐՉԱԿԱՆ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻՆ ԱՌԻԹՈՎ` ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ` ԺԱՆ-ՓՈԼ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Գեղարուեստի ո՞ր դպրոցին հետեւորդ կը համարես դուն քեզ:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Արուեստի թէ գեղանկարչութեան գրեթէ բոլոր դպրոցները իրենց ազդեցութիւնը ձգած են արտայայտչական ոճի ստեղծագործութիւններուս վրայ: Ազդուած եմ 30 հազար տարի քարանձաւային նկարչութենէն` Լասքօ կամ Ալթամիրա (որ աւելի «նոր» 10 հազար տարի է…): Ազդուած եմ Վան Կոկէն եւ աւելի առաջ` տա Վինչիէն, Քարապաճիոյէն, Ճիոթթոյէն: Պատմութիւն սորվելով, աշխարհ տեսնելով, Ափրիկէէն Ճափոն, ուր կ՛ազդուիս Շինթօ պուտտիստական գեղանկարչութեամբ: Ինչպէս նաեւ հօրս` Փոլ Կիրակոսեանէն, որուն աշխատանքը կը դիտէի փոքր տարիքէս:
Հ.- Ի՞նչ են ծրագիրներդ եւ նպատակներդ` գեղարուեստի կեանքին մէջ, որպէս մեծ արուեստագէտի մը զաւակ:
Պ.- Ամէն արուեստագէտ կը ձգտի հասնելու ամէնէն բարձր տեղը…: Բայց ես չեմ տառապիր, որ հասնիմ, այլ կը գծեմ ու նկարեմ, որովհետեւ արեանս մէջ կայ…: Ամէն ինչ ըրի, որ գծագրիչ չըլլամ, բայց ինչպէս որ կը շնչես, կը ճաշես, թմրեցուցիչի նման, պէտք է նկարեմ, որ հանգիստ ընեմ…: Փոքր տարիքէս բարդոյթ ունէի գեղանկարչութեան հանդէպ, որովհետեւ հայրս արուեստագէտ էր, եւ բոլորը կը հարցնէին, թէ ե՞ս ալ նկարիչ պիտի դառնամ: Կարեւորը դրամ շահիլը չէ, ուրիշ ասպարէզներ ալ կային այդ հարցը լուծելու: Կարեւորը դրամը չէ, այլ հանգիստս է:
Հ.- Միջազգային թէ հայկական գեղանկարչութեան ո՞ր դէմքերը կը խօսին սրտիդ:
Պ.- Իբրեւ արուեստագէտ` բոլորին կը սիրեմ: Ամէն մէկը իր աշխարհն ու ձեւը ունի արտայայտութեան: Ես անոնցմէ կը սորվիմ եւ ոչ թէ կ՛ընդօրինակեմ: Կը փորձեմ անոնց աշխարհը բաղդատել իմ աշխարհիս հետ եւ ընդհանուր յայտարար մը գտնել: Իբրեւ հայ արուեստագէտի` փոքր տարիքէս կը ճանչնամ Մինաս Աւետիսեանը: Ամէնօրեայ տրամադրութիւնն ալ մեծ դեր ունի ստեղծագործութեան մէջ: Օրինակ, երբ կը տեսնեմ թէ բազմաթիւ հայեր թրքական ապրանք կը գնեն եւ թրքերէն երգեր կը լսեն, նեղութիւն կը պատճառեն ինծի: Այսօր շատ շուտ մոռցան որ մեծ մայրը իր 5 զաւակները կորսնցուց Եղեռնի ընթացքին: Առաւել եւս, ջարդարարը կ՛ըսէ, թէ ինք բան մը չէ ըրած, այլ ինքնապաշտպանութիւն ըրած է մեր ջարդին դէմ…: Անոնք որոնք դրամ կու տան ջարդարարին եւ կ՛ըսեն թէ այդ հին սերունդը վերջացաւ, հայութենէն դուրս կու գան եւ գոյնը կը փոխեն, ըստ ինծի:
Հ.- Գեղանկարչութեան այս քանիերո՞րդ ցուցահանդէսդ է եւ այս առիթով ի՞նչ կը ցանկանաս փոխանցել մեր ընթերցողներուն, որպէս նկարիչ-արուեստագէտներու ընտանիքի զաւակ:
Պ.- Աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ 29-րդ ցուցահանդէսս է: Մի՛ ընդօրինակեր, այլ նկարէ այն, ինչ որ կը զգաս, եւ այդ միջոցով է որ յառաջ պիտի երթաս: Եթէ ուրիշին աշխարհը փորձես ընդօրինակել, ապա եւ անծանօթ մթնոլորտի մէջ կը մտնես եւ հոն կը կորսուիս: Դո՛ւն ես, տարբեր անձ մը, տարբեր ժառանգական տուեալներով մեծցած: Եթէ առնեմ Փոլ Կիրակոսեան մը եւ «քլոնինկ» ընեմ, տարբեր շրջապատի ու մթնոլորտի մէջ, ուրիշ ստեղծագործութիւններ ու պաստառներ պիտի նուիրեն գեղարուեստի պատմութեան…: Այնպէս որ, ամէն արուեստագէտ իր աշխարհը ունի, եւ այդ աշխարհին մէջ թող մնայ ու ստեղծագործէ եւ այնտեղ է, որ մեծ յառաջդիմութիւն եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէ:
Հարցազրոյցը վարեց`
ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ
Պէյրութ