Նէյմար Նշանակուեցաւ Պրազիլի Խմբապետ

0905_neymarՊրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տունկայի որոշումով, Պարսելոնայի յառաջապահ Նէյմար նշանակուեցաւ խումբին խմբապետ:

Մէջբերելով Տունկայի խօսքերը, «ԱՍ» կը գրէ. «Մենք որոշեցինք, որ այսուհետեւ խումբին խմբապետը պիտի ըլլայ Նէյմար: Ան ի վիճակի է այդ պաշտօնը կատարելու: Հակառակ 22 տարեկան ըլլալուն, ան մեծ փորձառութիւն ունի ֆութպոլի կանաչ դաշտերուն վրայ: Ան կրնայ օրինակ հանդիսանալ իր խմբակիցներուն»:

Նշենք, որ 2014-ի Մոնտիալին Պրազիլի խմբապետն էր Փարիզ Սեն Ժերմենի յետսապահ Թիակօ Սիլվա:

Share this Article
CATEGORIES