Ուլի Սթայլայք Նշանակուեցաւ Հարաւային Քորէայի Մարզիչ
Պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` Հարաւային Քորէայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ գերմանացի միջազգային նախկին ֆութպոլիստ Ուլի Սթայլայք նշանակուեցաւ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի նոր մարզիչ:
59 տարեկան Սթայլայք, որ 42 անգամ կրած է նախկին Արեւմտեան Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին շապիկը, նախապէս Զուիցերիոյ եւ Փղոսկրեայ ափունքի ֆութպոլի ազգային խումբերուն մարզիչը եղած է:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, որ հաղորդեց այս լուրը, նշեց, որ ֆետերասիոնին հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ երկուշաբթի, 8 սեպտեմբերին, ան պիտի ժամանէ Հարաւային Քորէա` Ուրուկուէյի դէմ իր կազմին կատարելիք մրցումին ներկայ գտնուելու համար:
CATEGORIES Մարզական

