Վերածնունդ (Էշրեֆիէ). «Մանկութիւն Իմ Քնքշագին Ես Քեզ Ինչպէ՞ս Մոռանամ»

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

601387_630475313646262_1675085888_nԱյսօր, երբ ընտանիքովս կ՛ապրիմ տան մը մէջ, որ օժտուած է ամէն տեսակի յարմարութիւններով, ուր հանգիստ է կեանքը, ո՛չ ցուրտը, ո՛չ ալ հեղձուցիչ տաքը կը զգամ, անկարելի է, որ չյիշեմ մանկութեանս ապրած մեր աղքատիկ մէկ սենեակնոց տունը, ուր ձմեռը ցուրտէն կը սառէինք. թիթեղածածկ տանիքէն անձրեւի կաթիլներ ներս կը թափանցէին, եւ մենք քանի մը դոյլեր կը զետեղէինք տարբեր անկիւններ, եւ յետոյ անձրեւի ջուրով լեցուած դոյլերը դուրսը կը թափէինք, սակայն կարճ ժամանակ ետք «թատրոնի նոյն արարը» կը կրկնուէր: Պիտի սպասէինք, որ քանի մը օր պայծառ արեւ տեսնէինք, որպէսզի հայրս տանիք բարձրանալով` թիթեղի ծակերը կուպրով գոցէր: Կը յիշեմ հայաբնակ մեր թաղը եւ հազար օրհնանք` բարի ծնողքիս. երկու որբեր միանալով` կազմած էին նիւթապէս աղքատիկ ընտանիք մը, ուր անպակաս էին երգն ու երաժշտութիւնը, գիրն ու գրականութիւնը, եւ կարեւորագոյնը` ընտանեկան ջերմութիւնը:

Ցեղասպանութենէն հրաշքով փրկուած, դժուար օրեր ապրած երկու որբերէ կազմուած ընտանիքի մը պատմութիւնն է այս. յաղթահարելով այդ դժուարութիւնները, անոնք գոյատեւած են` թուրքին ցոյց տալով, որ «նոյնիսկ եթէ մէկ հայ փորձէ ձգել, այդ ալ` թանգարանի համար», չի յաջողիր, որովհետեւ հայը գիտէ վերապրիլ, գոյատեւել, պայքարիլ եւ զարգանալ ենթադրուածէն շատ աւելի մեծ տարողութեամբ:

Պարագան նոյնն է մեր դպրոցներուն ու եկեղեցիներուն, որոնք նախ եղած են թիթեղաշէն, ապա տարիներ ետք փոխարինուած  են արդիական քարաշէն դպրոցներով ու եկեղեցիներով:

Համաստեղի «Գիւղ»-ը կարծես ամբողջութեամբ փոխադրուած էր Էշրեֆիէի բարձունքին գտնուող մեր թաղամասը` մէկ տարբերութեամբ,  ցորենի արտեր չկային, այլապէս իսկական գիւղ մըն էր: Քաղաքին մէջ 12 ընտանիքներէ բաղկացած, միայարկ տուներ, իրենց պտղատու ծառերու պարտէզով, իւրաքանչիւր տուն իր հաւնոցով: Համաստեղի գիւղի «Չալօ»-ին փոխարէն ունէինք բարի «Շաս Պօ»-ն, զոր մենք` փոքրերս, «Շաշպօ» կը կանչէինք: «Գիւղ» մը, որուն դիմաց կը պարզուէր ծովն ու նաւահանգիստը: Երկու քայլ անդին ջրամբարն էր, որ ամբողջ Պէյրութ քաղաքին ջուր կը մատակարարէր: Ձախին` Ժեհթաուիի կղերականի կառուցած ծերանոցը, խենթանոցն ու որբանոցն էր, իսկ աւելի վար` Սըրսոքներու «Մար Մըթըր» գերեզմանատունը:

Ուրկէ՞ ո՛ւր 12 ընտանիքները իրարու քով հաւաքուելով` կազմած էին այդ հայկական թաղամասը: Դժբախտաբար, ծնողքիս կենդանութեան, շատ մը կարեւոր հարցումներու կողքին, այս մէկն ալ զլացած եմ հարցնելու:

Մեր տունը  առաջին շարքի վրայ կը գտնուէր, եւ այդ պատճառով ալ հիանալի համայնապատկեր մը կը ներկայանար մեր աչքերուն դիմաց: Մեր տան աջին  կը բնակէր մեզի նման ուրիշ երզնկացի ընտանիք մը` «Վահան ամմօ»-ին ընտանիքը: Տան մեծ մաման  ամբողջ թաղի մեծ մաման էր: Ոչ ոք գիտէր այդ մամիկին անունը: Նոյնիսկ չէինք մտածած այդ մասին: Պարզապէս` «Մեծ մամա»: Թաղամասը կը գտնուէր փոքր բլուրի մը վրայ, մեզմէ մէկ շարք ետեւ, քիչ մը աւելի բարձր դիրքի վրայ, ճիշդ մեր տան կռնակը կը բնակէր անզաւակ զոյգ մը, արհեստով ջութակահար, «Քեմանիճի Օննիկը», իր կինը եւ կնկան հօրաքոյրը, որ դարձեալ ամբողջ թաղին «հօրքուր»-ն էր:

«Քեմանիճի Օննիկ» գիշերները կ՛աշխատէր եւ կ՛արթննար կէսօրուան մօտ: Տիկին Անժել` իր կինը, մեզի կ՛արգիլէր աղմուկով խաղալ ու  կը ստիպէր, որ իրենց տունէն հեռու վայր մը խաղանք, որպէսզի իր ամուսինը կարենայ քնանալ:

Աջին կը գտնուէր դերձակ Գրիգորին ընտանիքը, որոնք նմանապէս իրենց տան մէջ ունէին ծերունի մայր մը, որուն անունը «մեծ մամա» չէր, «Նուրիձա հանըմ» էր: Վստահաբար անուս, սակայն այնքա՜ն գիտութիւն ունէր հաւերու մասին, մինչեւ իսկ իր մէկ հիւանդ հաւերէն մէկը վիրաբուժական գործողութեան ենթարկելով` անոր կեանքը փրկած էր:

Աւելի բարձր Յարութենց տունն էր: Յարութը տան մէկ հատիկ զաւակն էր, ծնողքին աչքին լոյսը, եւ մեծերը կը պատմէին, թէ Յարութին մայրը ամէն անգամ, որ մէկը տղան գովէր, անմիջապէս տղուն յետոյքը կը քերէր, որպէսզի «աչք չդպնայ»: Յարութենց աջին` «Հաճի մամայենք» էին, իր ամուսին` Մինաս աղան եւ իրենց զաւակը` ոսկերիչ Յարութիւնը, որուն ամէն մարդ «Հաճի» կը կանչէր: «Հաճի մամա»-ին ամուսնացած աղջիկը իր երեք մանչ զաւակներով կը բնակէր իր հօրենական տան մէջ: Ամուսինը սափրիչ էր եւ յաճախ կը ճամբորդէր: Երբեմն կը վերադառնար ու կարգով թաղի մանուկներուն մազերը կը կտրէր ուրախացնելով մեզ` փոքրերս, քանի որ մեր մազերը խուզելէ ետք «քոլոնիա» կը դնէր մեր գլխուն: Իրենց տունը բլուրի գագաթին կը գտնուէր, անկէ անդին տուն չկար: Կար տափարակ դաշտ մը, ծաղկաստան մը: «Անուշ հանըմ»-ին դաշտը: Հոն հասնելու համար բաւական ճամբայ պէտք էր կտրէինք` անցնելով ծերանոցէն, խենթանոցէն ու որբանոցէն, սակայն «Հաճի մամա»-ին տունէն կարելի էր անցնիլ, անշուշտ եթէ հրաման տար:

Երբեմն «Հաճի մամա»-ին տան դուռը զարնելով` կը հարցնէինք, թէ կրնա՞նք իր տունէն անցնիլ դաշտ, խաղալու: «Հաճի մաման» առանց պատասխանելու 5-10 վայրկեան մեզ սպասցնել կու տար, կ՛երթար, կու գար, տան գործերով կը զբաղէր, ապա` վերջապէս կը բարեհաճէր` «անցէք» ըսելու, եւ բանալով տան ետեւի դուռը` մենք կը մտնէինք «արքայութեան պարտէզ»: Անհաւատալիօրէն գեղեցիկ դաշտ մը` գոյնզգոյն ծաղիկներով լեցուն: Կարմիր կակաչներ, ճերմակ եւ դեղին «Ապրիմ մեռնիմ»-ներ: Մեզ` փոքրերուս համար «Ապրիմ մեռնիմ» էին այդ ծաղիկները. աւելի մեծերուն համար` «կը սիրէ, չի սիրեր»:

Վերադարձին չէինք համարձակեր դարձեալ ծեծել «Հաճի մամա»-ին դուռը: Կը նախընտրէինք ամբողջ շրջանը քալելով  վերադառնալ մեր տուները:

«Վահան ամմօ»-ենց աջին  կը բնակէին «Քէօր Բարսեղ» եւ իր մայրը: Բարսեղ կոյր չէր, սակայն «քէօր» տիտղոսը տուած էին, որովհետեւ, մէկու մը հետ խօսած ժամանակ աչքին մէկը միշտ գոց կը պահէր: Արհեստով գորգ մաքրող էր. կռնակին նետած գորգ մաքրելիք մեքենան` օրն ի բուն կը դառնար Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի թաղերը: Մեր թաղին մէջ գորգ ունեցող չկար: Բոլորն ալ ձեռքով պատրաստուած կարպետներ կը գործածէին, եւ Բարսեղ բնաւ չէ գործածած իր մեքենան մեր թաղին մէջ:

Ուրիշ շրջուն արհեստաւոր մը ունէինք թաղին մէջ: Լուսանկարիչ պարոն Լեւոնը. ամուրի էր եւ կ՛ապրէր «Հաճի մամայենց» բակին մէկ անկիւնը, փոքրիկ սենեակի մը մէջ, որ թէ՛ ննջարան էր եւ թէ՛ գործատեղի: Տան միակ պատուհանը կարպետով կը ծածկէր սենեակը մթնցնելու համար եւ մութին մէջ «կը լուար» նկարները: Բարսեղին նման, պարոն Լեւոն իր լուսանկարչական գործիքով օրն ի բուն կը դառնար ամէն կողմ: Ծանօթ էր բոլորին: Այդ շրջանին  լուսանկարչական գործիք ունեցողները հազուադէպ էին: Երբ նկարուելու կարիք ունենային, պարոն Լեւոնին կը դիմէին, որ քանի մը օր ետք նկարները կը հասցնէր իրենց տէրերուն: «Քէօր Բարսեղ»-ենց տունէն քիչ մը անդին Սէթեաններուն տունն էր. անոնք կանուխէն ձգելով թաղը` գացին հաստատուելու «Ճերմակ տուներ» թաղամասը, տուներնին ծախելով արաբի մը` Ապտօ Խուրիին, որ ունէր երկու չափահաս տղաք: Խուրի ընտանիքը թաղին միակ արաբ ընտանիքն էր: Ապտօ Խուրին այծ կը պահէր: Շուտ մահացաւ: Թաղի առաջին եւ վերջին մահն էր, որ տեսանք հոն բնակած շրջաննիս:

Սէթեաններուն տունը հազիւ անցած, զառիվերէն բարձրանալով, կը գտնուէր Տատուրեաններուն տունը, իսկ քովը կար տունը Պաղեստինէն Լիբանան հաստատուած պարոն Արմենակին, որ ունէր երկուորեակ տղաք. թաղին «էքիզ»-ները: Պարոն Արմենակ թաղին միակ անձն էր, որ ինքնաշարժ ունէր: Երբեմն ինքնաշարժը չէր աշխատեր եւ մենք խումբով կը հրէինք, եւ յանկարծ ինքնաշարժը մեզ մուխի ու ծուխի մէջ ձգելով` կ՛աշխատէր: Իբրեւ վարձատրութիւն` պարոն Արմենակ մեզ կը լեցնէր ինքնաշարժին մէջ, ու թաղին շրջանը ընելով` կը վերադարձնէր տուն:

Տատուրեաններուն տունէն քիչ մը հեռու կը գտնուէր քարաշէն երկյարկանի շէնք մը, որ կարծես սահմանն էր մեր եւ «Ետեւի Թաղ»-ին: Տափարակ դաշտ մը, ապա` դարձեալ քանի մը հայկական տուներ: «Ետեւի թաղ»-ին ամենածայրը կը գտնուէր Տերվիշեաններուն տունը: Եւան, (այժմ Պէրպէրեան) տան մէկ հատիկ զաւակն էր: Իր մօրեղբայրները եւ մօրաքոյրը (Սէթեանները) շատ կը շփացնէին զինք: Բոլոր պայմանները կը լրացնէր շփացած աղջիկ մը ըլլալու, սակայն ան մնաց միշտ նոյն համեստ աղջիկը: Իրենց տունը «Ետեւի թաղ»-ին վերջին տունն էր, ուրկէ քանի մը տասնեակ աստիճաններէն իջնելով` կը հասնէինք «Ֆասսուհ» թաղը, դեղարան «Ռատիօ»-էն ձախ թեքուելով` քալելով կը հասնէինք Ղազար Չարըխի դպրոցն ու թիթեղաշէն եկեղեցին: Հետագային դպրոցը կոչուեցաւ «Չաթալպաշեան», թիթեղաշէն եկեղեցիին տեղ կառուցուեցաւ քարաշէն եկեղեցի մը, եւ անուանեցին  «Սուրբ Յակոբ», իսկ դէմը կառուցուեցաւ «Ազատամարտ» ակումբը. յիշատակներով լեցուն վայր մը ինծի համար:

* * *

Թաղի բոլոր տուները մէկական սենեակնոց էին: Սենեակ մը եւ խոհանոց մը, սակայն թէ՛ սենեակները, թէ՛ խոհանոցները բաւական մեծ էին: Լման ընտանիքը կ՛ապրէր այդ սենեակին մէջ, որ թէ՛ ննջարան էր, թէ՛ հիւրասրահ եւ թէ՛ ճաշարան: Մեր եւ Վահան ամմոյենց տունը, օժտուած էր նաեւ «վարի սենեակ»-ով մը, զոր հայրս կը գործածէր որպէս պահեստանոց կամ մառան:

Ցանկապատով շրջապատուած մեր տան մուտքին կը գտնուէր բաւական ընդարձակ բակ մը, փայտէ պատշգամ մը, որ ամէն վայրկեան փուլ գալու վտանգին  ենթակայ  էր: Ձախին` փոքր թիթեղէ աւազան մը, ուր կը հաւաքուէր մեր տան գործածելիք ջուրը, որուն մէջ օրէնք էր, որ անպայման ձուկ մը պահենք: Երբեմն քաղաքապետարանէն պաշտօնեայ մը կու գար ստուգելու ձուկին ներկայութիւնը, շատ հաւանաբար` որդերէն ու վայրի բոյսերէն զերծ պահելու համար: Բակի վերջաւորութեան կը գտնուէր բնական պէտքերու վայրը, իսկ քովը` բաւական մեծ հաւնոց մը: Ունէիք աւելի քան տասնեակ մը հաւեր եւ աքլոր մը: Առտուները, մեր եւ դրացիներուն տուներէն, բոլոր աքլորները կարծես խօսքերնին մէկ ըրած ըլլային, նոյն ժամուն կը սկսէին երգել. «Կու կուլի կու կուու՜ու»:

Ամբողջ թաղը արթնցած էր:

Մեր տան բանալին մօտաւորապէս 15 սանթիմեթր երկայնք ունէր. ընտանիքով տունէն ելլելու պարագային, բանալին մեզի հետ չէինք առներ: Հաւնոցին մէկ «գաղտնի» անկիւնը կը պահէինք, թէեւ դրացիները բոլորն ալ գիտէին մէկը միւսին բանալիներու «գաղտնի թաքստոցը»: Իրականութեան մէջ դուռը կղպելու պէտք ալ չունէինք: Չէ պատահած, որ դրացիներէն մէկուն տունը գող մտնէր:

Հայրս վստահաբար շատ գոհ էր մեր տունէն: Ձեւով մը իր գիւղը եւ գիւղական կեանքը կը յիշեցնէր: Հաւեր կը պահէր, ունէր պտղատու ծառերով բակ մը: Նոյնիսկ կարճ ժամանակի մը համար այծ մըն ալ ունեցած ենք: Ամենակարեւորը, զուտ հայկական թաղամաս մը, ուր օրը կը սկսէր «Բարի լոյս»-ով, ու կը վերջանար «Գիշեր բարի»-ով: Փոքրիկ Հայաստան մըն էր, ուր հայերէնն էր տիրապետողը: Տարիներ ետք, երբ քարաշէն շատ աւելի հանգիստ բնակելի տուն մը փոխադրուեցանք, կը զգայի, թէ հայրս նախկին խեղճուկ տնակը կը նախընտրէր: Հաւերուն հոգ կը տանէր: Ամէն օր թարմ հաւկիթ ունէինք որպէս նախաճաշ, ինչպէս նաեւ` այծի թարմ կաթ, երբ քանի մը թաղ հեռու բնակող «պետեւի» կաթնավաճառը ամէն օր կ՛այցելէր եւ մեր աչքին առջեւ կը կթէր այծերը: Թարմ պտուղը նոյնպէս կը քաղէինք մեր բակին մէջ գտնուող պտղատու ծառերէն:

Բոլոր դրացիներուն բաղնիքները դուրսն էին եւ բակերուն ամենահեռաւոր անկիւնը. շատ հաւանաբար հոտէն հեռու մնալու նպատակով, քանի այդ ժամանակ կոյուղի գոյութիւն չունէր, եւ ատենը մէյ մը «պէտքարանի օթօ»-ն կու գար ու կը պարպէր «ամպարները»: Հեռու ըլլալը ունէր մեծ անպատեհութիւն մը. ձմրան, անձրեւոտ ու ցուրտ օրերուն, մանաւանդ գիշերները, բաղնիքի գործածութեան համար անձրեւին տակ պէտք էր քալէինք մութին մէջ, որովհետեւ սկիզբի շրջանին նոյնիսկ ելեկտրականութիւն չունէինք եւ կազի լապտերով կը լուսաւորէինք մեր աղքատիկ տունը:

Բլուրին ստորոտը կը գտնուէր «Սըրսոք»-ներու գերեզմանատունը: Մեր աչխփուք խաղալու լաւագոյն պահուըտելու վայրը: Մութը կոխած կ’ըլլար արդէն, սակայն մենք կը շարունակէինք մեր խաղը: Կը պահուըտէինք շիրմաքարերու ետին, անվախ: Այդպէս մեծցած ենք, մինչդեռ պատահական անցորդ մը, քալած ժամանակ նոյնիսկ այն կողմը չէր համարձակեր նայիլ: Մեզմէ մեծ տղոց ամենասիրած խաղն է վախցնել անցորդները: Երբ կը նկատէին նոր «որսի» մը ժամանումը, կը պահուըտէին գերեզմանաքարերուն ետին, ու երբ «որսը» մօտենար, քանի մը տարբեր անկիւններէ ո՜ւ, ո՜ւ, ո՜ւ վախազդու ձայներ կը հանէին: Անկարելի էր նկարագրել անցորդին վախն ու վազելով հեռանալը այդ վայրէն, վստահաբար երդուելով անգամ մըն ալ մութին չանցնիլ այդ վայրերէն, մինչ պահուըտած տղաքը մեծ «հերոսութիւն» մը կարծես կատարած ըլլային. երջանիկ էին վախցնելով խեղճ անցորդները:

Անհամբեր կը սպասէինք կիրակի օրուան: Թաղի բոլոր տղաքս, գայլիկութեան կանաչ շապիկները հագած, քալելով կ՛ուղղուէինք «Ազատամարտ» ակումբ: Վերադարձին, կարծես բաւարար չըլլար այնքան երկար ճամբան քալելով երթալն ու գալը, մեր ծնողներէն «շաբթականնիս» գանձած, 10 լիբանանեան դահեկան, դարձեալ խումբով կ՛երթայինք բաւական հեռու, «Ազարիյէ» դպրոցին կռնակը, «Սեսին» փողոց, ուր արաբ մարդ մը հեծիկ վարձու կու տար: Իր մնայուն յաճախորդներն էինք: Հեծիկ վարձելու վայրը այնքան հեռու էր, որ մինչեւ մեր տան մօտերը կը հասնէինք, 15 վայրկեանի վարձու ժամկէտը աւարտած էր արդէն: Հեծիկները կը վերադարձնէինք, ու դարձեալ քալելով կը վերադառնայինք մեր տուները:

Այդ ժամանակուան մեր խաղերը բոլորովին տարբեր էին այս օրերու մանուկներու խաղերէն: «Չելլիկ» խաղալը ձեւով մը կը յիշեցնէ ամերիկեան պէյսպոլը: Պասքեթպոլ խաղալու համար մենք մեր ձեռքով պատրաստած էինք սիւնը, եւ տրուած ըլլալով, որ մեր տան շրջափակին մէջ տափարակ դաշտ գոյութիւն չունէր, պասքեթի սիւնը շալկելով կ՛երթայինք «Ետեւի թաղ», ուր փոքրիկ պատրաստ փոս մը ունէինք, հոն կը զետեղէինք սիւնը ժամեր կ՛անցընէինք առանց իսկ գաղափար ունենալու խաղի օրէնքներէն: Գնդակը բռնած` կը վազէինք, ուրիշ աւելի ուժեղ անձ մը, բռնի ուժով կը յափշտակէր ձեռքէդ, կարծես ամերիկեան ֆութպոլ ըլլար: Կարեւորը` ուրախ էինք: Մեր նախընտրած խաղերէն էին` գնդիկը, հօլը, թռուցիկ թռցնելը, որ մենք մեր ձեռքով կը շինէինք, մշմուշի կուտ-ը, որ կը խաղայինք ծիրանի ժամանակ, հինգ քար, եւ ամենահետաքրքրական խաղերէն մէկը` ղըժ-ղըժ արապան, որ դարձեալ մենք մեր ձեռքերով կը շինէինք: Մեր թաղը կուպրապատ ճամբայ չունէր, շալկելով մեր «արապա»-ները, անցնելով «Սելեմի» դաշտը, բաւական երկար զառիվայր մը կար, ուր դիւրին էր մեր կառքերը գործածելը, սակայն քանի մը վայրկեանէն արդէն հասած կ՛ըլլայինք փողոցին ստորոտը: Այդտեղէն, մօտաւորապէս 200 աստիճաններ բարձրանալով, կը հասնէինք մեր տուները, ուրկէ դարձեալ կ՛ուղղուէինք ասֆալթէ զառիվայր ճամբան, դարձեալ վայլելու մեր ղըժ-ղըժ արապաները:

Լոս Անճելըս, 2014      
(Շար. 1)

Share this Article
CATEGORIES