Գիտնականներ Կ՛ապացուցեն. Տնտեսական Յաջողութիւնը Կ՛առաջնորդէ Լեզուներու Անհետացումին
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ, ԹԷ ԱՄԷՆԷՆ ԱՒԵԼԻ ՎՏԱՆԳՈՒԱԾ ԼԵԶՈՒՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏԿԱՆԻՆ ԱՅՆ ՓՈՔՐԱՄԱՍՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ, ՈՐՈՆՔ ԿԸ ԲՆԱԿԻՆ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱՐԱԾՔԻՆ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՏԵՂԵԿԱԳՐԷ.
«Փրոսիտինկզ աֆ տը Ռոյըլ Սոսայըթի Պի.» թերթին մէջ հրատարակուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, յատուկ ճիգ պէտք է թափել` պաշտպանելու համար Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Աւստրալիոյ տարածքին ապրող փոքրամասնութիւններուն լեզուները:
Ուսումնասիրութեան գլխաւոր հեղինակը` Քէյմպրիճի համալսարանէն Թացուիա Ամանօ կ՛ըսէ. «Աշխարհի լեզուները շատ արագ կը կորսուին այսօր: Կացութիւնը շատ լուրջ է»:
«Ուզեցինք գիտնալ, թէ լեզուներու անհետացումը աշխարհագրական ի՛նչ պատկեր կը պարզէ, ինչպէս նաեւ` ի յայտ բերել լեզուներու անհետացումին պատճառները»:
Ամանօ, որ սովորաբար կ՛ուսումնասիրէ անասուններու անհետացումի համեմատութիւնը, կ՛ըսէ, թէ աշխարհի տարածքին լեզուներուն 25 առ հարիւրը վտանգուած է:
Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ որքան յաջող ըլլայ երկրի մը տնտեսութիւնը, նոյնքան աւելի արագ կը կորսուին անոր տարածքին գործածուող լեզուները:
Անոնք կ՛ըսեն, թէ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ ի սպառ անհետանալու սեմին են կարգ մը լեզուներ, ինչպէս` ափըր թանանա լեզուն, որ հազիւ 25 անձերու լեզուն է Ալասքայի մէջ:
Եւրոպայի տարածքին կարգ մը լեզուներ, ինչպէս` ումէ սամի լեզուն Սկանտինաւիոյ մէջ կամ օւերնա լեզուն` Ֆրանսայի մէջ, շատ արագ սկսած են կորսուիլ:
«Մինչ տնտեսութիւնները կը զարգանան, որոշ լեզու մը կը սկսի տիրապետել երկրի մը քաղաքական եւ կրթական մարզերուն մէջ», կ՛ըսէ Ամանօ:
«Մարդիկ կը ստիպուին որդեգրել տիրական լեզուն կամ դիմագրաւել տնտեսական եւ քաղաքական մեկուսացում»:
Ուսումնասիրողները նաեւ ի յայտ բերած են, թէ կարգ մը լեզուներ վտանգուած են Հիմալայեան լեռներու տարածքին, ինչպէս պահինկ լեզուն` Նեփալի մէջ, որ հազիւ 8 անձերու լեզուն է այսօր: Լեզուներ կը կորսուին նաեւ արեւադարձային շրջաններու մէջ:
«Այս շրջաններուն մէջ կ՛արձանագրուի տնտեսական արագ աճ: Հետեւաբար մօտիկ ապագային նման լեզուներ պիտի դիմագրաւեն ի սպառ կորսուելու վտանգը», կ՛ըսէ Ամանօ:
Ուսումնասիրողները կոչ կ՛ուղղեն, որ լեզուներու պահպանումի ճիգերը կեդրոնանան նման շրջաններու մէջ:
Ամանօ դիտել կու տայ, թէ Բրիտանիոյ մէջ կալեսերէնի նման լեզուներու պաշտպանութեան աշխատանքները յաջող ռազմավարութեան օրինակներ են:
«Վտանգուած լեզուներու դաշնակցութեան» գործադիր տնօրէն Տանիել Քոֆման ուսումնասիրութեան մասին իր կարծիքը տալով` կ՛ըսէ. «Միջավայրի գործօնները շուքի մէջ կը մնան ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական գործօններուն դիմաց»:
«Այժմ կը տեսնենք, թէ ինչպէ՛ս լեզուական այլազանութիւն մը, որ սկիզբը կազմաւորուած էր միջավայրի ազդակներով, այժմ կը ձեւաւորուի քաղաքական եւ ընկերային իրականութիւններով»:
«Ներկայիս միջավայրի գործօնը մեծ մասամբ պատմական մնացորդ է: Այսինքն այլեւս պիտի չտեսնենք որոշ տեսակի միջավայրեր, որոնք պիտի ներգրաւեն կամ ծնունդ տան լեզուական այլազանութեան: Այսուհանդերձ, ճիշդ չէ գերակշիռ դեր տալ տնտեսական գործօնին, որովհետեւ ամէնէն աւելի լեզուական այլազանութեամբ յատկանշուած վայրերու մէջ գոյութիւն ունին գիւղեր, որոնք ամբողջութեամբ կը դատարկուին գաղթի պատճառով», կ՛ըսէ ան:
«Եւ որովհետեւ նման գաղթեր համեմատաբար աւելի նոր են եւ անոնց մասին ոչ մէկ արձանագրութիւն պահուած է, դժբախտաբար պատրաստ թիւեր գոյութիւն չունին, վիճակագրական վերլուծումներ կատարելու համար»:

