Գիտնականներ Կ՛ապացուցեն. Բռունցքով Բարեւելը` «Աւելի Մաքուր»

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985fistՔՐՏՆԱԾ ԱՓԵՐ, ՄԱՏՆԵՐԸ ՃԶՄՈՂ ՍԵՂՄՈՒՄՆԵՐ, ԹՈՅԼ ՁԵՌՔ ՄԸ, ՈՐ Կ՛ԵՐԿԱՐԻ ԲԱՐԵՒԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ, ԱՅՍ ԲՈԼՈՐԸ ԱՅՆՔԱՆ ՍՏԱՀՈԳԻՉ ՉԵՆ, ՈՐՔԱՆ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ Ի ՅԱՅՏ ԲԵՐԱԾ ԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԳՐԷ, ԹԷ Ի՛ՆՉ:

Կալեսի մէջ Ապերիսթուիթ համալսարանէն գիտնականներ ապացուցած են, թէ երբ իրարու ձեռք կը թօթուենք, շատ աւելի ցպկային մարմիններ (պաքթիրիա) կը փոխանցուին ձեռքէ ձեռք, բաղդատած` ձեռք-ձեռքի զարնելու այլ ձեւերու:

Հետեւաբար անոնք կոչ կ՛ուղղեն որդեգրելու բռունցքով բարեւելու ձեւը, մանաւանդ` հարբուխի համաճարակներու ժամանակ:

«Փապլիք հելթ ինկլընտ» կազմակերպութիւնը նոյնիսկ կը թելադրէ որդեգրել վիքթորեան ժամանակներու յատուկ խոնարհելու սովորութիւնը:

Ուսումնասիրողներ առած են հականեխուած կերպընկալէ զոյգ մը ձեռնոցներ եւ անոնցմէ մէկը թաթխած են ցպկային մարմիններով լեցուն հեղուկի մը մէջ. ձեռնոցը ամբողջութեամբ պատուած է Ի. քոլի ցպկային մարմիններով:

Ապա անոնք փորձած են ձեռքի զանազան շարժումներ, ինչպէս` տարբեր ուժգնութեամբ ձեռք սեղմել, բռունցքները իրարու զարնել, ափերը իրարու զարնել եւ այլն:

Ուսումնասիրութեան արդիւնքները, որոնք հրատարակուած են «Ամերիքըն Ճըռնըլ աֆ Ինֆեքշըն Քընթրոլ» թերթին մէջ, ցոյց կու տան, թէ ձեռք թօթուելու ժամանակ 10 անգամ աւելի մեծ քանակութեամբ ցպկային մարմիններ կը փոխանցուին, քան` երբ բռունցքներ իրարու կը զարնուին, իսկ ափերը իրարու զարնելով` փոխանցումի համեմատութիւնը երկուքին միջեւ է:

Պատճառը հաւանաբար այն է, թէ որքան փոքր ըլլայ այն կէտը, ուր ձեռքերը կը հանդիպին իրարու, եւ որքան կարճ` ձեռքերուն հպումի տեւողութիւնը, այնքան կը պակսի ցպկային մարմիններու տարածումը:

«Յստակ է, որ լուրջ բան մը կայ այս բոլորին ետին: Երեւութապէս քմահաճոյքի տպաւորութիւնը կը ստեղծուի, սակայն լուրջ պատգամ մը կը փոխանցուի», կ՛ըսէ ուսումնասիրութիւնը գլխաւորած բժիշկը` Տէյվ Ուիթուըրթ:

«Երբ հարբուխի համաճարակ կայ, կամ երբ հիւանդանոցի մը մէջ մանրէներ տարածուած են, ապա պէտք է մտածել, թէ ճիշդ չէ ձեռք թօթուել»:

Առաջին անգամ չէ, որ այս վէճը ստեղծուած է: Նախապէս «Ճըռնըլ աֆ տը Ամերիքըն Մետիքըլ Էսոսիէյշըն» թերթին մէջ կոչեր ուղղուած են ձեռք թօթուելը արգիլելու հիւանդանոցներու մէջ:

«Շատ մեծ ճիգ կը պահանջէ այս սովորութիւնը շրջելը: Ձեռք թօթուելը դիրքի խորհրդանիշ է: Բժիշկներ կը սորվին ամուր սեղմել իրենց հիւանդներուն ձեռքը` անոնց ինքնավստահութիւն ներշնչելու համար: Սակայն հարկ է հարց տալ, թէ արդեօք ճի՞շդ է այս վարուելակերպը», կ՛ըսէ Ուիթուըրթ:

Այսուհանդերձ, Ուիթուըրթ կը խոստովանի, թէ ինք բռունցքով բարեւելու մէջ ձախաւեր է եւ տեւաբար բռունցքին ոսկորները սխալ տեղ կը զարնէ:

«Անշուշտ կը նախընտրեմ ձեռք թօթուել` բարեւելու համար, սակայն կը փորձեմ շատ հազուադէպօրէն ձեռք թօթուել», կ՛ըսէ ան:

«Փապլիք հելթ Ինկլընտ» կազմակերպութեան անդամ Փիթըր Հոֆման, որ համաճարակները հակակշիռի տակ առնելու մասնագէտ մըն է, կ՛ըսէ. «Բռունցքով հարուածելը կ՛օգնէ, որ խուսափինք մեր ձեռքերուն վրայ զզուելի մանրէներ հաւաքելէ, սակայն ձեռք թօթուելը մանրէներ հաւաքելու միակ պատճառը չէ. այնքան բազմաթիւ այլ պատճառներ կան, որ չ՛արժեր խօսիլ այս մասին»:

«Ի. քոլի ցպկային մարմինը կը գտնուի աղիքներուն մէջ: Հարկ է ձեռքերը լուալ բաղնիք երթալէ ետք` նուազեցնելու համար վնասակար մանրէներու տարածումը: Սակայն լաւագոյն լուծումը պիտի ըլլար որդեգրել վիքթորեան ժամանակներու խոնարհելու սովորութիւնը` յարգալիր հեռաւորութեան վրայ. այս ձեւով ոչ մէկ մանրէ կը փոխանցուի հանդիպումի ժամանակ», խորհուրդ կու տայ ան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES