Գիտնականներ Կ՛ապացուցեն. Որեւէ Սննդականոն Արդիւնաւէտ Է, Եթէ Կառչինք Անոր
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԱԹՔԻՆԶ ԿԱՄ ՈՒԷՅԹ ՈՒՈՉԸՐԶ, ՄԻԵՒՆՈՅՆՆ Է: ԲՈԼՈՐՆ ԱԼ ՆՈՅՆ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ԿՈՒ ՏԱՆ: ՊԱՐԶԱՊԷՍ ՊԷՏՔ Է ԸՆՏՐԵՆՔ ԱՅՆ, ԻՆՉ ՈՐ ԴԻՒՐԻՆ ԿԸ ԹՈՒԻ ՄԵԶԻ, ԻՆՉՊԷՍ Կ՛ԸՍԵՆ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՂՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ ԻՆՉՊԷ՛Ս:
«Ճըռնըլ աֆ տի Ամերիքըն Էսոսիէյշըն» թերթին մէջ լոյս տեսած են 48 տարբեր փորձերու վրայ կատարուած ուսումնասիրութեան մը արդիւնքները եւ անոնց վերլուծումը:
Ուսումնասիրողները կ՛եզրակացնեն, թէ յատուկ սննդականոնի մը կառչիլը աւելի կարեւոր է, քան` ինքնին սննդականոնի մը բնոյթը:
Սոնքութեան մասնագէտներու համաձայն, այս արդիւնքը կարելի է բացատրել այն իրողութեամբ, թէ բոլոր սննդականոնները ջերմուժի քանակութիւնը կը պակսեցնեն նոյն համեմատութեամբ:
Սննդականոնները նորաձեւութիւններ են. տեւաբար նորերը կը յայտնուին, իսկ հիները ժամանակավրէպ կը դառնան: Իսկ ներկայիս վիճարկութեան նիւթ է քիչ քանակութեան բնածխաջրա՞տ (քարպոհայտրէյթ), թէ՞ քիչ քանակութեամբ ճարպ պարունակող սննդականոններու արդիւնաւէտութիւնը:
Օնթարիոյի ՄքՄասթըր համալսարանէն եւ Թորոնթոյի Հիւանդ մանուկներու հիւանդանոցի ուսումնասիրութեան կեդրոնէն գիտնականներ ուսումնասիրած են գիրութենէ տառապող եւ սննդականոնի հետեւող 7286 անձերու վերաբերող տեղեկութիւններ:
Ուսումնասիրութիւնը ընդգրկած է տարբեր սննդականոններ, ինչպէս` Աթքինզ, Սաութ պիչ, Զոն, Պիկեսթ լուզըր, Ճենի Քրէյկ, Նիւթրիսիսթըմ, Ուէյթուոչըրզ, Օռնիշ եւ Ռոզմերի Քոնլի:
Արդիւնքը ցոյց տուած է, թէ քիչ քանակութեամբ բնածխաջրատ կամ ճարպ պարունակող սննդականոնի հետեւած անձերը 12 ամիս ետք միջին հաշուով կորսնցուցած են 7.3 քկ: Անոնք, որոնք քիչ քանակութեամբ բնածխաջրատ պարունակող սննդականոնի հետեւած են, 6 ամիս ետք քիչ մը աւելի ծանրութիւն սկսած են կորսնցնել:
«Սննդականոններու միջեւ տարբերութիւնը չնչին է, եւ հաւանական չէ, որ յատկանշական որեւէ դեր խաղայ անոնց քով, որոնք կ՛ուզեն նիհարնալ», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան արդիւնքը:
«Մեր յայտնաբերումները պէտք է վստահեցնեն բժիշկները եւ հանրութիւնը, թէ` կարիք չկայ կիրարկելու սննդականոնի մէկ ձեւ, որ յարմար ըլլայ բոլորին, որովհետեւ յայտնապէս բազմաթիւ տարբեր սննդականոններ օժտուած են նիհարնալու նպաստող նկատառելի յատկանիշներով»:
«Մեր յայտնաբերումները մտածել կու տան, թէ անձեր ազատ են ընտրելու ամէնէն աւելի ծանրութեան կորուստ խոստացող այն սննդականոնը, որ նուազագոյն մարտահրաւէրը կ՛ուղղէ իրենց, եւ` կառչելու անոր»:
Այսուհանդերձ, ուսումնասիրութիւնը չէ ներառած առողջապահական աւելի լայն հարցեր, ինչպէս` քոլեսթերոլի մակարդակ, որ կրնայ տարբերիլ` սննդականոնի համաձայն:
Օքսֆորտ համալսարանի դասախօս Սիւզըն Ճեպ կ՛ըսէ, թէ սննդականոնները շատ աւելի նման են իրարու, քան ինչ որ կը կարծենք: Անոնք բոլորն ալ կը թելադրեն օրական 1500 ջերմուժէ աւելի չսպառել, յարգել ճաշի ժամերը, խուսափիլ կրկնեփուկներէն, կարկանդակներէն եւ տուրմէն:
«Հարցը կը վերաբերի կառչելու կարողութեան. ամուր եւ երկար կառչելու ծրագիրի մը: Ասիկա հաւանաբար կը նշանակէ գտնել մեզի յարմար սննդականոնը եւ ոչ թէ` սննդականոն մը, որ այլ սննդականոնէ մը աւելի լաւ է», կ՛ըսէ ան եւ կը թելադրէ ընտրել մեր կենցաղին յարմար սննդականոն մը:
Բուսակերներ դժուար պիտի յարմարէին բարձր քանակութեամբ բնասպիտ (փրոթին) եւ քիչ քանակութեամբ բնածխաջրատ պարունակող սննդականոնի մը, իսկ ուրիշներ պիտի նախընտրէին հեղուկի, քան` ճաշի վրայ հիմնուած սննդականոն մը:

