Գիտնականներ Կ՛ապացուցեն. Ուղեղը Կարելի Է Մոլին Դարձնել Առողջապահական Ուտելիքներու

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985fastՏՈՊՐԱԿ ՄԸ ՉԻՓՍ Կ՛ԵՐԵՒԱԿԱՅԵՆՔ` ԳԻՏՆԱԼՈՎ, ԹԷ ՊԷՏՔ Է ԱՌՈՂԱՊԱՀԱԿԱՆ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՊԱՌԵՆՔ: ԵԹԷ ՄՏՈՀԳ ԵՆՔ ՄԵՐ ԱՅՍ ՄՈԼՈՒԹԵԱՄԲ, ԱՅԺՄ ԿՐՆԱՆՔ ՅՈՒՍԱԼ, ՈՐ ԵՏԴԱՐՁԸ ԱՆԿԱՐԵԼԻ ՉԷ: ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՑՈՅՑ ԿՈՒ ՏԱՅ, ԹԷ ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՂԵՂԸ ՎԱՐԺԵՑՆԵԼ ՃԱՆՔ ՖՈՒՏԻ ՓՈԽԱՐԷՆ` ՆՈՒԱԶ ՋԵՐՄՈՒԺ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ՈՒՏԵԼԻՔՆԵՐ ՍՊԱՌԵԼՈՒ: «ՏԻ ԻՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՄԱՆՐԱՄԱՍՆԷ.

Սոնքերու վրայ 6 ամիս կատարուած ուսումնասիրութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք սպառած են բնաթելով հարուստ եւ քիչ քանակութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ, ի յայտ բերած է «վարուելակերպի փոփոխութիւն` դաստիարակութեան ճամբով»:

«Մեր կեանքը չենք սկսիր տապկուած գետնախնձոր սիրելով եւ ամբողջական ցորենով պատրաստուած հացը ատելով,- կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն` Սիւզըն Ռոպըրթց:- Այս հակումը կը զարգանայ ժամանակի ընթացքին` յաճախ նոյն վնասակար ուտելիքները սպառելու վարժութեան իբրեւ հետեւանք»:

Ուսումնասիրութիւնը, որ լոյս տեսած է «Նիւթրիշըն էնտ Տայապիթիս» թերթին մէջ, կատարուած է խումբ մը կամաւոր սոնքերու վրայ եւ քննած է 6 ամսուան ընթացքին տարբեր ուտելիքներու նկատմամբ անոնց հակազդեցութիւնը: Ուսումնասիրողները միաժամանակ Էմ. Առ. Այ.-ով քննած են անոնց ուղեղին այն մասերը, որոնք կ՛առնչուին սորվելու եւ մոլութեան հետ:

Ուսումնասիրողները ի յայտ բերած են, թէ 6 ամսուան խիստ սննդականոնէ ետք մասնակցողներուն ուղեղը աւելի աշխուժ կերպով հակազդած է աւելի առողջապահական ուտելիքներ սպառելու խորհուրդներու եւ ցոյց տուած է «նուազ տկարութիւն` անառողջապահական եւ բարձր ջերմուժ պարունակող ուտելիքներու նկատմամբ»:

«Ծանրութիւն կորսնցնելու մեր ծրագիրը յատուկ կերպով ձեւագծուած է շրջելու համար մարդոց հակազդեցութիւնը տարբեր ուտելիքներու նկատմամբ: Մեր ուսումնասիրութիւնը ցոյց տուաւ, թէ մասնակցողները սկսան աւելի ախորժակով սպառել առողջապահական ուտելիքներ եւ նուազ նախընտրութիւն ցուցաբերել ոչ առողջապահական ուտելիքներու նկատմամբ: Այս երկուքին մէկտեղումը հաւանաբար կենսական դեր ունի մարմնին ծանրութիւնը հաւասարակշռուած պահելու մէջ», կ՛ըսէ ուսումնասիրութեան հեղինակներէն Սայ Քրուփա:

«Ցարդ այս մէկը առաջին ուսումնասիրութիւնն է, որ կ՛ապացուցէ այս յատկանշական անցումը»:

Ուսումնասիրութեան ընթացքին կիրարկուած նիհարնալու սննդականոնին վերաբերող տեղեկութիւնները ամփոփ են: Սակայն ուսումնասիրողները կը հաստատեն, թէ բազմաթիւ գործօններ դերակատար եղած են մոլութեան ընթացքը շրջելու մէջ: Անոնց շարքին են «բնաթելով հարուստ եւ քիչ քանակութեամբ ճարպ պարունակող ուտելիքներ, ինչպէս նաեւ` վարուելակերպի փոփոխութեան միտող դաստիարակութիւն»:

Ուսումնասիրութեան մէկ այլ հեղինակը` Թիլօ Տեքըրպախ կ՛ըսէ. «Թէեւ այլ ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, թէ վիրահատական միջոցառումներ, ինչպէս` ստամոքսին չափը փոքրացնել, կրնան նպաստել, որ մարդիկ նուազ ուտելիք ցանկան, սակայն անոնք այնքան ալ արդիւնաւէտ չեն, որովհետեւ ընդհանրապէս կը կտրեն ուտելու ախորժակը եւ ոչ թէ աւելի գրաւիչ կը դարձնեն առողջապահական ուտելիքները»:

Share this Article
CATEGORIES