Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ)
Վայր մը, ուր գացած էք, ձեզ պիտի լեցնէ իմաստութեամբ եւ հաւատարմութեամբ: Պիտի փափաքիք յաճախ այդ վայրը այցելել իբրեւ ուխտաւոր:

ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ճաշկերոյթ մը ունեցէք բարեկամներու հետ, որովհետեւ անոնց հետ տեսակցելու եւ խօսելու շատ կարիք ունիք: Վայելեցէք օրը:

ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շարունակեցէք ձեր ընթացքը ձեր աշխատանքով, եթէ նոյնիսկ ան ձեզի թուի ոչ քաջալերական: Ապաւինեցէք ձեր ունեցածին եւ կը շահիք:

ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Պահեցէք ձեր կապերը այն անձերուն հետ, որոնց հանդիպած էք ձեր ճամբորդութեան ընթացքին: Շատ լաւ կ՛ընէք, եթէ հաստատ մնաք ձեր կարգ մը յարաբերութիւններուն վրայ:

ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր դրամական հաշիւներուն լաւ հսկեցէ՛ք, արդիւնքը պիտի ըլլայ քաջալերական: Միշտ միտք պահեցէ՛ք խնայասիրութիւնը:

ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Հաւաքական աշխատանքը պիտի թեթեւցնէ իւրաքանչիւր անձի յոգնութիւնը: Հետեւեցէ՛ք այս սկզբունքին, որ նաեւ հաճելի է:

ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Դուք պիտի ըլլաք կերտիչը ձեր կեանքին, որ ձեզի պիտի տայ նոր թռիչք: Յառաջիկայ օրերը հետաքրքրական հանդիպումներու առիթ պիտի տան:

ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի պաշտպանուիք սիրոյ անհուն զգացումներով: Նման պահեր քիչ կը պատահին, հետեւաբար պահպանեցէ՛ք զանոնք:

ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Դուք կարողութիւնը ունիք ձեր ուզածը ընելու, հետեւաբար մի՛ նախանձիք ոեւէ մէկուն: Կեդրոնացէ՛ք ձեր աշխատանքին:

ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր ընտանիքին հետ ապահով կեանք մը պիտի ունենաք: Ան պիտի պաշտպանէ ձեզ բոլոր պարագաներուն:

ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Տնտեսական հարցերու համար օրը շատ լաւ է: Այսօր պիտի կարենաք նոր համաձայնագիր մը ստորագրել:

ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ինչ բանի որ ձեռնարկած էք, յաջողութիւն պիտի արձանագրէք: Օրը ունի հետաքրքրական պատահարներ:

 

Share this Article
CATEGORIES