50 Տարի Առաջ (8 Սեպտեմբեր 1964)

Լիբանանի Դիրքը
Արաբական Վեհաժողովին

Լիբանանցի թղթակից մը` Լիւսիէն Ժորժ, որ Աղեքսանդրիոյ մէջ կը հետեւի արաբական վեհաժողովի աշխատանքներուն, կը գրէ.

Ինչպէս անձամբ ընդգծած էր օր մը առաջ, մեզ ընդունելով պանդոկ «Պաղեստին»-ի մէջ, նախագահ Հելու արաբ վեհապետներուն առջեւ արտայայտուեցաւ «այն անկեղծութեամբ, որ յատկանիշն է Լիբանանի շեհապական քաղաքականութեան», եւ որուն կ՛ուզէ հետեւիլ:

Լիբանանի դիրքը հետեւեալն է.

1.- Լիբանան պիտի սկսի շեղել Յորդանան գետի օժանդակները` Սուրիոյ եւ Յորդանանի հետ միաժամանակ:

2.- Լիբանան կը պահանջէ, որ իսրայէլեան յարձակման պարագային, արաբական բանակները իր հողամասէն ներս մտնեն միայն իր կառավարութեան խնդրանքով:

3.- Փոխանակ 3500 արաբ զինուորներ ընդունելու` պաշտպանելու համար 6 քմ. երկայնքով սահման մը, որ կրնայ վտանգաւոր դառնալ Հասպանիի շեղման առիթով, ինչպէս կ՛առաջարկէ արաբ միացեալ հրամանատարութիւնը, Լիբանան կը պահանջէ արաբ ելեւմտական օժանդակութիւն մը, որպէսզի աւելցնէ իր սեփական բանակին թիւը:

4.- Լիբանան կ՛ուզէ գրաւոր խոստում առնել Յորդանան գետի օժանդակներու շեղման նիւթապէս մասնակցելու յանձնառու եղող արաբական երկիրներէն, որպէսզի մերժումի չենթարկուի երբ աշխատանքները սկսին:

Ասոնք են Լիբանանի պահանջած երաշխիքները: Կ՛ըսուի, թէ Սուրիոյ դիրքը նոյնն է: Յորդանան սպասողական վիճակի մէջ է:

Ամէն պարագայի տակ որոշ է, որ ժողովին գործունէութիւնը կեդրոնացած է Պաղեստինի եւ մասնաւորաբար անոր երեք սահմաններուն վրայ:

Շռնդալից դիմաշրջումով մը Եմէնի հարցը դիտումնաւոր կերպով մէկ կողմ դրուեցաւ: Սէուտական Արաբիա մերժեց այդ մասին խօսիլ, իսկ ԱՄՀ հրաժարեցաւ այդ հարցը արծարծելէ:

Ամէն բան կը դառնայ Պաղեստինի շուրջ, եւ այսօր զօրավար Ալի Ամեր իր գերգաղտնի տեղեկագիրը ներկայացուց արաբ վեհապետներուն եւ նախագահներուն: Կրցանք իմանալ, որ այդ տեղեկագրէն դուրս կու գան հետեւեալ երկու գլխաւոր հաստատումները.

1) Իսրայէլեան նախայարձակումի մը պատասխանելու ի վիճակի ըլլալու համար յորդանանեան, սուրիական եւ լիբանանեան բանակները աւելի գումարի մը պէտք ունին տարեկան, քան ինչ որ նախատեսուած էր (15 միլիոն սթերլին):

2) 4000 քոմանտոներու պաղեստինեան ազատագրութեան բանակ մը կազմելու Շուքէյրիի ծրագիրը զինուորապէս դժուար է իրագործել, որովհետեւ կը պահանջէ սպաներու լաւ կազմ մը:

Զօրավար Ամեր արաբ վեհապետներու գնահատման թողուց Շուքէյրիի պահանջած մասնաւոր տուրքի խնդիրը, որ 40 միլիոն սթերլին պիտի բերէ պաղեստինեան բանակին:

Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ զէնքի հայթայթիչի խնդիրը: ԱՄՀ կ՛առաջարկէ իր զէնքերը, մինչ իւրաքանչիւր բանակ տարբեր տեսակի զէնք ունի:

Գահիրէի մամուլը այսօր վճռական է. Յորդանան գետի օժանդակներու շեղումը պիտի սկսի այս ամիս: Հոս ամէն ոք կը յուսայ, թէ այդպէս պիտի ըլլայ:

 

Ներքին Կեանք

Պէյրութի Կեդրոնը
Պիտի Կերպարանափոխուի

 Առեւտրական Գօտիի Առաջին Մասը
Պիտի Բացուի Մարտ 1965-ին

 600 Մեթր Երկայնքով Կամուրջ Մը Պասթա Փողոցը
Պիտի Միացնէ Դամասկոս Փողոցին

Առեւտրական գօտիի գծին վրայ Թապարիսի եւ Մորիս Պարես փողոցին միջեւ գտնուող շէնքերու քանդումի աշխատանքները սկսան: Բրիչի առաջին հարուածը տրուեցաւ սեպտեմբեր 1-ին:

Անգամ մը, որ աւարտի, առեւտրական գօտիի այս նոր հատուածը պիտի փոխակերպէ մայրաքաղաքին սիրտը, խճողումէ պիտի փրկէ քաղաքին այն շրջանը, ուր երթեւեկը շատ խիտ է:

Պէյրութ քաղաքի մեծ ծրագիրներու գործադիր խորհուրդի նախագահ Անիս Շաար հետեւեալ մանրամասնութիւնը տուաւ այս ծրագրին մասին:

Նոր հատուածը կը բաղկանայ երկու մասերէ` արեւելեան եւ արեւմտեան: Առաջինը կը մեկնի Դամասկոս փողոցէն, Տեպպաս հրապարակի քովէն` միանալու համար Թապարիսի: Երկրորդը Պասթա փողոցէն` միանալու համար Մորիս Պարես փողոցին: Այս երկու մասերը պիտի երկարեն Պասթա փողոցին եւ Պշարա Խուրի փողոցին միջեւ գոյութիւն ունեցող հատուածը:

Արեւելեան մասը հետագային պիտի երկարի մինչեւ Սաժես վարժարանը, ապա պիտի միանայ Պէյրութի արեւելեան մուտքին, ելեկտրականութեան գրասենեակը չհասած: Այժմու քանդումները 400 մեթր երկայնքի մը վրայ տեղի պիտի ունենայ, Դամասկոսի փողոցի եւ Թապարիսի միջեւ: Փողոցը պիտի ունենայ 30 մեթր լայնք:

Արեւմեան կողմը, Պասթայի եւ Մորիս Պարես փողոցին միջեւ հատուածը պիտի ունենայ 350 մեթր երկայնք եւ 30 մեթր լայնք: Մաս կը կազմէ այն գօտիին, որ պիտի իջնէ նախագահական նախկին ապարանքը, Քանթարի փողոց, շարունակելու համար մինչեւ «Ֆենիսիա» պանդոկի վերելքը` ապա` Փարիզ պողոտան:

Երկու մասերուն, արեւելքի եւ արեւմուտքի միացումը պիտի կատարուի 600 մեթր երկայնք ունեցող կամուրջով մը, որ պիտի անցնի Դամասկոս, Պշարա Խուրի, Սուրիա եւ Պասթա փողոցներուն վրայէն: Շնորհիւ այս կամուրջին, երթեւեկի մէջ խաչաձեւում պիտի չըլլայ այդ փողոցներուն եւ ռինկի հանդիպման կէտերուն վրայ, որովհետեւ երթեւկը պիտի կատարուի կրկնակ մակարդակի վրայ:

Քանդումի աշխատանքները եւ կտրտուած տուներու սրբագրութիւնը պիտի աւարտին նոյեմբերի վերջերուն: Ճամբու կպրապատման նուազուրդը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբեր 15-ին: Պէյրութ քաղաքի մեծ աշխատանքներու գործադիր խորհուրդը կը խորհի, թէ մարտ 15-ին, առեւտրական գօտիի արեւելեան եւ արեւմտեան երկու մասերը պիտի բացուին երթեւեկի առջեւ:

Ինչպէս Պեշարա Խուրի պողոտայի նոր հատուածին եւ իր բանալիք բոլոր պողոտաներուն համար, Պէյրութ քաղաքի մեծ աշխատանքներու գործադիր խորհուրդը կը նախատեսէ հսկայ քոլլէքթէօր մը առեւտրական գօտիին համար: Այս քոլլէքթէօրը ստորերկրեայ նրբանցք մըն է, ուր պիտի հաստատուին ջուրի, ելեկտրականութեան եւ հեռաձայնի խողովակները: Ամէն անգամ որ նորոգութիւն պիտի ըլայ, ճամբան փորելու հարկադրանք պիտի չստիպուի:

Արեւելեան մասի շէնքերու քանդումին համար (30 շէնք) իբրեւ սեփականազրկման իրաւունք նախատեսուած կամ վճարուած է 6,500,000 լ.ոսկի, իսկ արեւմտեան մասին համար (80 շէնք)` 7,500,000: Արեւմտեան մասի սեփականազրկումները կը տարածուին մինչեւ Քանթարի փողոց:

Երկու մասերու ճամբու շինութեան ծախսը մէկ միլիոն լ. ոսկի է: Կամուրջը պիտի արժէ երկու միլիոն: Կամուրջին շինութիւնը շատ աւելի երկար պիտի տեւէ, քան` երկու հատուածներուն բացումը: Կամուրջը պիտի աւարտի մօտ մէկ տարիէն:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES