Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես Պէյրութ. Վաղը` Թատամոն Սուր – ՀՄԸՄ
Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2014-2015 տարեշրջանին` ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը վերջին շաբաթներուն ձեռնարկած է ֆութպոլի բարեկամական մրցումներու ընդհանրապէս Բ. դասակարգի խումբերուն դէմ, որոնք պիտի ըլլան ախոյեանութեան ընթացքին իր մրցակիցները:
Այսօր` շաբաթ, 6 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը պիտի մրցի Սաժես Պէյրութի դէմ: Մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Այսօր ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ եւ քաջալերել ՀՄԸՄ-ի տղաքը` այս նախապատրաստական մրցումին:
Վաղը` Թատամոն Սուր – ՀՄԸՄ
Լիբանանի ֆութպոլի երիտասարդներու ախոյեանութեան 4-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 սեպտեմբերին, ՀՄԸՄ-ի երիտասարդներու խումբը, որ մաս կը կազմէ Ա. խմբակին, պիտի մրցի Թատամոն Սուրի դէմ:
Նշենք, որ այս մրցումը, որ պիտի սկսի յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, տեղի պիտի ունենայ Թատամոն Սուրի դաշտին վրայ:

