Եուրօ – 2016. Վաղը` Դանիա – Հայաստան
Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 7 սեպտեմբերին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը կը կատարէ իր առաջին մրցումը` Քոփենհակընի մէջ հիւրը ըլլալով Դանիոյ (Թ. խմբակ):
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Փարքեն մարզադաշտին վրայ, պիտի սկսի ժամը 19:00-ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի հաւաքականը հասաւ Քոփենհակըն: Հաւաքականին մարզիկները իջեւանեցին քաղաքի «Հիլթըն» պանդոկին մէջ:
Քոփենհակըն հասնելէն կարճ ժամանակ ետք խումբը սկսաւ իր առաջին փորձերուն:
«Եու.Է.Էֆ.Ա.»-ին կողմէ այս մրցումին կեդրոնի իրաւարար նշանակուած է Ալեքսանտրու Տան Թուտոր (Ռումանիա): Ան եղած է միջազգային 82 մրցումի իրաւարար:
Իր կատարած բարեկամական վերջին 5 մրցումներուն, հայրենի կազմը կրած է 4 պարտութիւն:
Սակայն կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան մոռնալով այդ պարտութիւնները, յաղթանակով սկսի զտումի այս մրցաշարքը:

