Եուրօ – 2016. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Վաղը` կիրակի, 7 սեպտեմբերին կը սկսի Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, երբ տեղի կ՛ունենան զտումի մրցումները:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը այս մրցաշարքի սկզբնաւորման նախօրեակին յատուկ յօդուածով մը կ՛անդրադառնայ անոր` նշելով, որ բաղդատմամբ նախորդ մրցաշարքերուն, 2016-ին Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք աւարտական հանգրուանի մրցումներուն, 54 խումբերէն 24-ը անոր մասնակցելու իրաւունք կրնան ստանալ, նոյնիսկ եթէ իրենց կատարելիք 10 մրցումէն երկու յաղթանակ արձանագրեն:

Խումբերը բաժնուած են 9 խմբակի: 8 խմբակները կ՛ընդգրկեն վեց խումբ, մինչ 9-րդ խմբակը` հինգ:

Իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը, ինչպէս նաեւ լաւագոյն երրորդ դիրքը գրաւողը կ՛ապահովեն աւարտական հանգրուանի իրենց տոմսերը, հիւրընկալ երկրին` Ֆրանսայի հետ միասին (ընդամէնը` 20 խումբ):

Անոնց կու գան միանալու երրորդ դիրքը գրաւած ութ խումբերը (իրենց խմբակներուն երրորդը), որոնք իրարու դէմ փլէյ-օֆի մրցում կը կատարեն վերջին չորս տոմսերուն համար, եւ այսպիսով խումբերուն թիւը կ՛ամբողջանայ 24-ի:

Ասիկա առիթ պիտի տայ 26 խումբերու, որոնք ցարդ չեն կրցած այս մրցաշարքի աւարտական հանգրուանին հասնիլ, որ կարենան անոր տոմս մը ապահովել: Այդ 26 խումբերուն կարգին պիտի ըլլայ նաեւ Հայաստան, անշուշտ եթէ կարենայ առաջին երեք դիրքերէն մէկը գրաւել:

Ստորեւ կու տանք Ա. հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով):

ԿԻՐԱԿԻ, 7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Դ. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ
Վրաստան – Իրլանտա 19:00
Գերմանիա – Սկովտիա 21:45
Ճիպրալթար – Լեհաստան 21:45
Զ. ԽՄԲԱԿ
Հունգարիա – Հիւսիսային Իրլանտա 19:00
Ֆարօ կղզիներ – Ֆինլանտա 21:45
Յունաստան – Ռումանիա 21:45
Թ. ԽՄԲԱԿ
Դանիա – ՀԱՅԱՍՏԱՆ 19:00
Փորթուգալ – Ալպանիա 21:45
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 8 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Գ. ԽՄԲԱԿ
Լիւքսամպուրկ – Պիելոռուսիա 21:45
Սպանիա – Մակեդոնիա 21:45
Ուքրանիա – Սլովաքիա 21:45
Ե. ԽՄԲԱԿ
Էսթոնիա – Սլովենիա 21:45
Սան Մարինօ – Լիթուանիա 21:45
Զուիցերիա – Անգլիա 21:45
Է. ԽՄԲԱԿ
Ռուսիա – Լիխթնշթայն 19:00
Աւստրիա – Շուէտ 21:45
Մոնթենեկրօ – Մոլտովա 21:45
ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ, 9 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ
Ա. ԽՄԲԱԿ
Ղազախստան – Լաթվիա 19:00
Չեխիա – Հոլանտա 21:45
Իսլանտա – Կիպրոս 21:45
Բ. ԽՄԲԱԿ
Անտորրա – Կալես 21:45
Պոսնիա – Կիպրոս 21:45
Ը. ԽՄԲԱԿ
Ազրպէյճան – Պուլկարիա 19:00
Խրուաթիա – Մալթա 21:45
Նորվեկիա – Իտալիա 21:45
Share this Article
CATEGORIES