Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Ժունիէ – Ղոսթա

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Դ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ Քեսրուանի շրջանի Ա. խմբակին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Ժունիէ այսօր կը մրցի Ղոսթայի դէմ:

Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին:

ՀՄԸՄ Ժունիէ, որ իր կատարած առաջին մրցումին 69-52 արդիւնքով յաղթեց Աթլեթիքոյին, այս մրցումէն բացի այլ մրցում մըն ալ ունի կատարելիք Ափոլօ Պաթհայի դէմ: Վերջինս տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 10 սեպտեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ:

Share this Article
CATEGORIES