Գիրքերու Հետ. Բժիշկին Խօսքը – Բ. (Հեղինակ` Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան)
Ս. Մ.
Հակառակ բոլոր այն քարոզներուն եւ արդիական «ըմբռնումներուն», թէ գիրք ըսուածը այլեւս պէտք է հնադարեան-ժամանակավրէպ բան նկատել, որեւէ նոր գիրքի լոյս ընծայումը, մանաւանդ նոր լոյս տեսած գիրք մը ստանալը մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ ինծի: Գիրք մը ձեռքիս ունենալը հաճոյալի բան է, իսկ եթէ գիրքին հեղինակին անձամբ ծանօթ եմ, ուրախութիւնս քիչ մըն ալ կ՛աւելնայ, որովհետեւ այդ գիրքին ճամբով հոգեկան շօշափելի հաղորդակցութիւն կը ստեղծուի բարեկամի մը հետ:
Հոգեկան նման հաճոյքի պահ մը ապրեցայ վերջերս, երբ ստացայ բժիշկ Կարպիս Հարպոյեանի նորագոյն հատորը` «Բժիշկին Բ. խօսքը» հատորին օրինակը, զոր հեղինակը յղած էր Քանատայէն: Հատորը լոյս տեսած է 2011-ին, Անթիլիաս, կաթողիկոսութեան տպարանէն:
Վէպ կամ գրականութիւն չէ, սակայն կ՛ընթերցուի նոյնպիսի հաճոյքով, եւ ընթերցողը առաջին իսկ ակնարկով կ՛անդրադառնայ, թէ ինչպիսի՛ օգտակար հատոր մը ունի իր տրամադրութեան տակ:
Բժիշկ Կարպիս Հարպոյեան ծանօթ անուն է հայ մամուլի ընթերցողին, որ տասնամեակներ շարունակ վարժուած է անոր ստորագրութիւնը փնտռելու բժշկագիտական յօդուածներու տակ, գրութիւններ, որոնք հակիրճ տեղեկութիւններ կու տան ընթացիկ կամ հազուադէպ հիւանդութիւններու մասին, կը թելադրեն կանխարգելիչ ու դարմանումի միջոցներ: Իսկ Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ իր կերտած բազմամեայ վաստակով ծանօթ է նաեւ իբրեւ ազգային գործիչ, ծառայասէր հայորդի: Այս գիրքին բովանդակութիւնը մասամբ կրնայ ծանօթ ըլլալ ընթերցողին, որովհետեւ լոյս տեսած է մամուլի էջերուն, սակայն ինչպէս ոեւէ հրապարակագիրի կամ յօդուածագիրի մամլոյ արտայայտութիւններու մէկտեղումը գիրքի մը մէջ, նոյնպէս ալ այս հատորը, կը վերածեն տան մը գրադարանին, այս պարագային նաեւ` սեղանի վրայ մշտական ներկայութեան, եւ ոչ թէ թերթին հետ մէկդի ձգուող էջի:
Աղուոր հայերէնով մը հմուտ բժիշկը զանազան հիւանդութիւններու մասին լուսաբանութիւններ ու դարմանումի միջոցներ արձանագրած է. ահա այս պատճառով ալ զայն սեղանի վրայ ունենալը մեծապէս կրնայ օգտակար ըլլալ ընտանիքի անդամին: Այս մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ անհրաժեշտ չեն, այլ կը մնայ, որ հայ ընթերցողը անձամբ զայն ունենայ իր սեղանին վրայ, անոր դիմէ, երբ կարիքը զգայ (վստահաբար հեղինակն ալ պիտի ցանկար, որ մարդիկ չհիւանդանային, սակայն երբ հիւանդութիւնները կեանքի անբաժանելի մասնիկներն են…):
Կարեւոր կէտ մը. հիւանդութիւնները հասարակաց են բոլոր ժողովուրդներուն, սակայն երբ դարմանումի միջոցներն ու բացատրութիւնները հայերէնով մատչելի կը դառնան, արդէն հատորին իւրայատկութիւնը կը շեշտուի: Հայ ընթերցողը կը տեսնէ ու կը յիշէ, թէ ախտերը ունին նաեւ հայերէն անուններ, մարդկային մարմինի գործարաններն ու մասնիկները նմանապէս կրնան հայ ըլլալ, իսկ դեղերուն բաղկացուցիչ տարրերն ալ ունին իրենց հայերէն անունները. բժշկական իր դերին կողքին, այս հատորը նաեւ ունի լուռ թելադրանք մը, թէ` այս բառերը պէտք չէ բանտարկուած պահել բառարաններու կամ նմանօրինակ հատորներու էջերուն, այլ` զանոնք որդեգրել-վերականգնել մեր առօրեայ հայերէնին մէջ:
Հատորին յառաջաբանը գրած է նոյնքան վաստակաշատ բժիշկ մը` Վազգէն Տէր Գալուստեան, որ սեղմ տողերով վեր կ՛առնէ նման հրատարակութեան մը արժէքը: Ի դէպ, խորագիրին մէջ Բ. տառը կը բացատրէ, որ հեղինակը նմանօրինակ գրութիւններու առաջին հատոր մըն ալ լոյս ընծայած է նախապէս:
Եթէ ուզենք մասնաւորել բաժին մը, այդ ալ հատորը բացող գրութիւնն է, որ կը տարածուի մօտաւորապէս 15 էջերու վրայ եւ կը կատարէ հակիրճ պատմականը հայ բժշկագիտութեան ու բժշկութեան` սկսելով հին դարերէն, հասնելով մինչեւ 19-րդ դար: Այս բաժինը կարելի է նկատել լայնատարած ուսումնասիրութեան մը նախագիծը. այսինքն, եթէ հայ ուսանողը ուզէ հայ բժշկութեան պատմութեան մասին մանրամասն ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել, այս յօդուածը պիտի ծառայէ իբրեւ ուղեցոյց: Ուսումնասիրական բնոյթով յօդուածը կարելի է ընկալել իբրեւ սեղմ համայնագիտարան մը` արծարծուած նիւթին մասին. հայ ընթերցողը հպարտութեամբ, ազգայի՛ն հպարտութեամբ կը ծանօթանայ, թէ դարերու ընթացքին ինչպիսի հայ բժիշկներ, բժշկագիտութեան մարզի հետեւորդներ իրենց անունը թողած են պատմութեան մէջ, կատարած են մեծարժէք թարգմանութիւններ, ներդրում ունեցած են բժշկութեան զարգացման մէջ, եղած են բժիշկ-բժշկապետ, ծառայած են ոչ միայն մեր ժողովուրդին, այլ տարբեր իշխանաւորներու, համայն մարդկութեան: Ընթերցողը կ՛անդրադառնայ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ այն, որ հայը ունի դարերու փայլուն անցեալ, իր ներդրումը ունեցած է եւ ունի քաղաքակրթութեան զարգացման մէջ, նոր սերունդներուն կը մնայ ծանօթանալ ազգի այս ու բոլո՛ր արժէքներուն, շարունակել նոյն երթը, չտարուիլ այն մտածումով, որ միայն այլ ժողովուրդներ ունեցած են կամ ունին մեծեր:
Բազմաճիւղ արժանիքներով հատոր մը` արդարեւ:

