Կաթիլ Մը Մեղր Կամ Փունջ Մը Ազատքեղ…

ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ

LSH_honey-dipperՀալէպի ամառն է: Տօթակէզ եղանակ մը: Առաւել եւս` հեղձուցիչ մթնոլորտ մը, ապահովական, ընկերային, տնտեսական եւ կենցաղային քառակի իմաստով…

Կեա՞նք է այն, որ կ՛ապրի պատմական այս շէն քաղաքին բնակչութիւնը` առանց ելեկտրական հոսանքի, առանց ջուրի…

Ո՞վ զինք նետեց այս արգահատելի կացութեան մէջ, ու հիմա հեռուէն, չարախինդ ժպիտով կը  հետեւի իր անմեղ զոհերուն այս առօրեայ գողգոթային:

Իմ գործատեղիին դրան շեմին կանգնած` կը դիտեմ փողոցի անցորդները, կը նայիմ անոնց մտահոգ եւ յուսաբեկ դէմքերուն: Մին կ՛աճապարէ փուռ հասնելու` հաց ապահովելու համար, ուրիշ մը թաղապետին գրասենեակը կ՛ուղղուի` կազի ճառայ մը ձեռք բերելու, երրորդ մը ջուրի սափորներ շալկած է, չորրորդ մը կ՛երթայ կարգի սպասելու բարեսիրական հաստատութեան մը դրան առջեւ` կէսօրուան ձրի ճաշ մը ստանալու սիրոյն…

Իմ սիրտս իրենց հետ է, միտքս` նոյնպէս:

Բայց ականատես կ՛ըլլամ դէպքի մը, որ ինծի կը յիշեցնէ մեր անմահանուն Յովհաննէս Թումանեանը: Աւելի ճշգրտօրէն` Թումանեանի համբաւաւոր «Կաթիլ մը մեղր»-ը:

Հազիւ 7-8 տարու աղջնակ մը, ափին մէջ մանրադրամներ, կէսօրուան ժամերուն կը մօտենայ իմ դրացի պտղավաճառին եւ հարց կու տայ, թէ ազատքեղ ունի՞:

Անշո՛ւշտ ունի: Վաճառորդը կանաչեղէնի տրցակներուն տակէն փունջ մը ազատքեղ կ՛երկարէ աղջնակին, կը գանձէ գումարը:

Ճիշդ ժամ մը անց, չափահաս երիտասարդ մը, Հալէպի նշանաւոր «զայիմ»-ները յիշեցնող արտաքինով, կը մօտենայ պտղավաճառին ու բարձրաձայն յանդիմանել կը սկսի զայն:

Աղջնակին հայրն է:

LSH_AzadkeghԻ՞նչ էր պատահած: Ազատքեղը թէ՛ թարմ չէ եղեր, թէ՛ ալ փունջը` փոքրիկ…

Մարդը այդ փնջիկը կը նետէ խանութպանին երեսին եւ ե՛տ կը պահանջէ գումարը: Միւսը այս անակնկալ պատահարէն գրգռուած` կտրականապէս կը մերժէ դրամը վերադարձնել:

Կարճ վայրկեաններու ընթացքին փոխադարձ սպառնալիքները անօրինակ վայնասունով մը կը լեցնեն թաղը, որ արդէն «խեղդուած» է ելեկտրածին սարքերու խժալուր ժխորին մէջ:

Շուտով բազմութիւն ալ կը հաւաքուի` կրկէս մը դիտելու ցանկութեամբ:

Լեզուագարութիւնն ու վէճը խանութպանին անզսպելի մէկ շարժումով կը վերածուի բռնցքամարտի: Պտղավաճառը (ինք ալ երիտասարդ եւ Հալէպի  պատերազմական «տաք» շրջաններէն դէպի մեր կողմերը գաղթած տղայ) ձեռքի ծանր ու կարծր հարուած մը կ՛իջեցնէ միւսին քթին-բերնին…

Ա՛լ կրակէ նետը արձակուած էր…

«Զայիմ»-ը, բազմութեան առջեւ իրեն բաժին ինկած այս անսպասելի ապտակը չի կրնար մարսել, զայն արժանապատուութեան  վիրաւորանք կը սեպէ: Գազազած եւ անզուսպ` կը յարձակի խանութպանին վրայ ու… տո՛ւր որ կու տաս:

Ահաւոր ու սարսափելի մենամարտ մը կը սկսի:

Քանի մը երկվայրկեան եւս` ու յանկարծ կռիւին ծիրը կ՛ընդլայնի, որովհետեւ մենամարտող կողմերուն կու գան օգնելու իրենց համակիրները…

– Թէ՛ կը պոռան, թէ՛ կը զարնեն,
Կարծես ծեծի մրցում կ՛ընեն,
Մարդը խմոր կը դարձնեն…

(Թումանեան, «Կաթիլ մը մեղր»)

Բարեբախտաբար (ըստ Արեւելքի մեր բարի սովորութիւններուն) կամաւոր միջնորդներ կը հասնին, կը ջանան իրարմէ բաժնել մենամարտիկները, կողմերը, բայց չեն յաջողիր: Շուտով կը հասնին նաեւ մօտակայ զինուորական անցարգելին զինեալները…

Բայց ազատքեղի յաճախորդը այնքան գրգռուած է, որ հայհոյանքի տարափ մը կ՛արձակէ նոյնիսկ զինուորներուն հասցէին…

Բաժակը կը յորդի: Զինուորները արտասովոր ու անօրինակ այս արհամարհանքը անկարելի է որ անպատիժ թողուն: Ո՞ր օրուան համար էին իրենց ուսերէն կախուած ռուսական արագահարուածները…

Կը կրակեն օդը` ցրուելու համար բազմութիւնը, անջատելու համար իրարու գլուխ ջարդող կողմերը:

Կո՜յր փամփուշտ: Կ՛երթայ թիրախ կը դարձնէ վերի պատշգամէն պատահարը դիտող 5 տարեկան անմեղ տղեկ մը… Երեխան կը վիրաւորուի սրունքէն:

Դէպքը վերջ կը գտնէ ի վերջոյ: Թորմած ազատքեղը  եւ բոլորին «արժանապատուութիւն»-ը գետին կը մնան սակայն, այնպէս` ինչպէս գետին մնացեր էր Թումանեանի հեքիաթին կաթիլ մը մեղրը…

Ամբոխը կը ցրուի կամաց-կամաց:

Իսկ մնացած մարդիկն անճար,
Հարց կու տային սարսափահար`
Թէ ի՞նչ բան էր, որ պատճառեց
Այս ընդհանուր աղէտը մեծ…

(Թումանեան, «Կաթիլ մը մեղր»)

Հանճարե՜ղ եւ իմաստո՛ւն Թումանեան:

 

Հալէպ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )