Ֆըրզլի. «Առեւանգուած Զինուորներուն Հարցով Կը Զօրակցինք Լիբանանեան Պետութեան»

Միւֆթի Տըրիան եւ Ֆըրզլի

Միւֆթի Տըրիան եւ Ֆըրզլի

Խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի երէկ այցելեց հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Ֆըրզլի յայտնեց, որ շէյխ Տըրիանի ընտրութեան օրուան ընթացքին անոր արտասանած պատգամը սահմանադրութեան համազօր էր, որովհետեւ կը շեշտէր Լիբանանի ազգային համերաշխութիւնը պահպանելու եւ ամրապնդելու կարեւորութիւնը:

Ֆըրզլի ընդգծեց նաեւ ազգային համերաշխութեան ամրապնդման շրջագիծին մէջ քրիստոնեայ տարրը պահպանելու եւ երկրին գործակցաբար իշխելու անհրաժեշութիւնը:

Անդրադառնալով առեւանգուած զինուորականներուն թղթածրարին` Ֆըրզլի հաստատեց, որ ինք այդ հարցով կը զօրակցի լիբանանեան պետութեան եւ անոր տալիք որոշումներուն:

Share this Article
CATEGORIES