Զօր. Քահուաժի Երկրին Ապահովական Իրավիճակը Եւ Բանակին Վերաբերող Հարցերը Քննարկեց Շարք Մը Պաշտօնատարներու Հետ

Զօր. Քահուաժի` լիբանանեան համալսարանի պատուիրակութեան հետ
Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Զիատ Քատիրին, Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլին եւ Լիբանանի մէջ Հարաւային Քորէայի դեսպան Ճոնկ Իլ Շուէյը, որոնց հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Զօր. Քահուաժիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որոնց ընկերակցեցան Լիբանանեան համալսարանին տարբեր բաժանմունքներու նախագահներ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան բանակին եւ Լիբանանեան համալսարանին միջեւ փոխադարձ գործակցութեան հեռանկարները:
CATEGORIES Լիբանանեան

