Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, սուրիական հողերուն մէջ կայ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող գերեզման մը, որուն մէջ թաղուած են երեք լիբանանցի զինուորներ, որոնք նահատակուած էին Արսալի դէպքերուն ընթացքին:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքին կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնական գտնուելու եւ պայքարելու ՏԱՀԵՇ-ի դէմ:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ առեւանգուած զինուորներուն թղթածրարը կառավարութենէն եւ որեւէ այլ միջնորդութենէ աւելի մեծ է, որովհետեւ բանակցութեան խնդրոյ առարկան պետութիւն մը չէ, այլ` հաւատադրժողական խմբաւորումներ:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին պատճառով է, որ Լիբանան այս վիճակին հասած է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Տորի Շամուն յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ չի կրնար մեզի իր հակակշիռին տակ առնել եւ մեր վրայ իշխանութիւն բանեցնել:

ՀԱՍՊԱՅԱՅԻ շրջանին պատերուն վրայ գրուած են արձանագրութիւններ, որոնք կոչ կ՛ուղղեն սուրիացի գաղթականներուն հեռանալու իրենց շրջաններէն:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, ՏԱՀԵՇ պիտի չկարենայ Լիբանանը սիւննի-շիի լարուածութեան եւ սադրանքներու մէջ մխրճել:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգներուն նախընտրութիւնն է, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն հանրապետութեան նախագահ ընտրուի, որպէսզի իրենք կարենան Հըզպալլայի հետ կապ պահել:

ՆԵՐՔԻՆ գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, անդրադառնալով նահատակուած զինուոր Ապպաս Մըտլեժի ընտանիքին կեցուածքին, յայտնեց, որ անիկա ազգային կեցուածք էր, եւ Լիբանանն ու լիբանանցիները փրկուած էին այդ կեցուածքով:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, կառավարութիւնը իր ջանքերը կը շարունակէ թափել` ազատ արձակելու համար առեւանգուած զինուորները:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Էլի Մարունի յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է գործածէ իր խաղաքարտերը եւ մահապատիժի ենթարկէ Ռումիէի մէջ գտնուող ահաբեկիչները:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ հաստատեց, որ Լիբանան իր ազգային միասնականութեամբ եւ քաղաքակրթութեամբ պէտք է դիմադրէ ՏԱՀԵՇ-ի վարուելակերպին:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ ահաբեկչական կազմակերպութիւն մըն է, որ իսլամ կրօնը իբրեւ հովանաւոր որդեգրած է` ծածկելու համար իր արարքները:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Հանի Քպայսի շեշտեց, որ արաբական պատմութեան նախաիսլամական շրջանին ընթացքին չէ արձանագրուած զինուորներու գլխատում, ինչ որ է այսօր լիբանանցի զինուորներուն պարագան:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» օրաթերթին յատուկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ առեւանգուած լիբանանցի զինուորները ազատ արձակելու իմաստով ՏԱՀԵՇ-ի հետ բանակցող քաթարցի միջնորդը Իսլամ եղբայրներուն պատկանող սուրիացի մըն է:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուալիտ Սըքքարիէ խստիւ քննադատեց այն իրականութիւնը, որ լիբանանեան պետութիւնը ահաբեկիչներուն հետ կը վարուի պարտուողի հոգեբանութեամբ` աւելցնելով, որ նման կեցուածք ամօթալի կը նկատուի:

ԱՐԱԲԱԿԱՆ Միացեալ Էմիրութիւններուն մէջ լոյս տեսնող «Պայան» օրաթերթը կը գրէ, որ առեւանգուած լիբանանցի բանակայինները ազատ արձակելու առումով կառավարութեան առիթները կը նուազին:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ մօտիկ աղբիւրներ քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին յայտնեցին, որ անհրաժեշտ է իսլամ բանտարկեալներուն դէմ արձակուած մահապատիժի վճիռները գործադրել:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ յայտնեց, որ լիբանանցի զինուորներուն վերաբերող թղթածրարը քաղաքական է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ստեղծուած գրգռութիւնները պիտի յանգին Լիբանանի քանդումին:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի պատասխանատուներէն Շատի Սաատ շեշտեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ կը դնեն քրիստոնեայ երիտասարդները զինուորական ծառայութեան մղելու:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նաժի Ղարիոս կոչ ուղղեց զինուորական արագ լուծում մը որդեգրելու` առեւանգուած զինուորները ազատ արձակելու համար:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութեան հրապարակած մէկ հաղորդագրութեան համաձայն, իսրայէլեան օդուժը երէկ խզած է Լիբանանի օդային սահմանները եւ Ալմա Շաապի ու հարաւային Լիբանանի վերեւ թռիչքներ գործած է:

 

Share this Article
CATEGORIES