Օպամա 10 Սեպտեմբերին Պիտի Ներկայացնէ Իրաքի Մէջ Ահաբեկիչներուն Դէմ Պայքարի Ռազմավարութիւնը

0908_Obama«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարած է, որ 10 սեպտեմբերին պիտի ունենայ հրապարակային ելոյթ մը, որուն ընթացքին պիտի ներկայացնէ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի իր ռազմավարութիւնը:

Ամերիկեան «Էն. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի մը ընթացքին Օպամա ըսած է. «Ես կը նախապատրաստեմ երկիրը անոր, որ պայքարի Իսլամական պետութենէն եկող սպառնալիքին դէմ»:

Միացեալ Նահանգներ օգոստոսէն ի վեր օդուժի միջոցով կը հարուածեն դիրքերը ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներուն, որոնք Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հսկայական տարածքներ գրաւած են:

Share this Article
CATEGORIES