Մամետեարով. «Հայաստան Եւ Ազրպէյճան Ղարաբաղեան Հիմնահարցին Շուրջ Բանակցութիւնները Պիտի Շարունակեն Սեպտեմբերի Վերջաւորութեան»
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, որ Կալեսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ծիրին մէջ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներու հանդիպումին ընթացքին նշուած է Լեռնային Ղարաբաղի հարցով խաղաղութեան մեծ համաձայնագիրի ստորագրման անհրաժեշտութիւնը:
Ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը նշած է, որ այդ հանդիպումին ընթացքին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «ծանօթացած է հոլովոյթին եւ դիտարկած նոր քայլերու կարելիութիւնը»:
Կը հաղորդուի, որ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նիստի ծիրին մէջ տեղի պիտի ունենայ երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նիստի թուականը 24 սեպտեմբերէն 1 հոկտեմբեր է:
Միւս կողմէ, Մամետեարով Պաքուի մէջ լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստան եւ Ազրպէյճան ղարաբաղեան հիմնախնդիրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի շարունակեն սեպտեմբերի վերջաւորութեան` Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին ծիրին մէջ:

