ԵԱՀԿ-ը Ուքրանիոյ Մէջ Զինադադարի Խախտման Դէպքերու Ստուգման Մեքանիզմ Մշակած Է

Տիտիէ Պուրքհալթեր

Տիտիէ Պուրքհալթեր

Vz.ru կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի գործող ղեկավար եւ Զուիցերիոյ նախագահ Տիտիէ Պուրքհալթեր յայտնած է, որ արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի վերահսկողութիւն պիտի գործադրուի մեքանիզմի մը միջոցով, որ մշակուած է ԵԱՀԿ-ի կողմէ:

«Այս պահուս կը քննարկուի կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն կողմէ անօդաչու թռչող սարքերու տրամադրման կարելիութիւնը, որ անհրաժեշտ է վերահսկում կատարելու համար», ըսած է Պուրքհալթեր:

Ան նաեւ յայտնած է, որ վերջին երկու օրերուն ընթացքին առաքելութիւնը Ուքրանիոյ արեւելք ուղարկած է 59 մասնագէտներ, որոնք զինադադարի դրութեան հսկողութեան փորձառութիւն ունին:

Մինսքի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ժամանակ Քիեւի, Տոնեցքի եւ Լուկանսքի հանրապետութիւններու ներկայացուցիչները արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ զինադադարի հաստատման շուրջ համաձայնութիւն ստորագրած էին:

Share this Article
CATEGORIES