Ռուսիա Կրնայ Փակել Օդային Տարածքը Արեւմտեան Օդանաւային Ընկերութիւններու Առջեւ

Տմիթրի Մետվետեւ
«Պի. Պի. Սի.»-ի ռուսական ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ վարչապետ Տմիթրի Մետվետեւ յայտարարած է, որ եթէ Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանուին, ապա իր երկիրը ստիպուած պիտի ըլլայ անհամաչափ կերպով հակադարձելու:
«Վետոմոսթի» թերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավարը դարձեալ յստակ դարձուցած է, որ խօսքը արեւմտեան օդանաւային ընկերութիւններու օդանաւերուն համար Ռուսիոյ օդային տարածքը փակելու մասին է:
«Եթէ արեւմտեան օդանաւային ընկերութիւնները մեր օդային տարածքէն դուրս թռչին, ատիկա կրնայ բազմաթիւ ընկերութիւններու սնանկութեան պատճառ դառնալ», բացատրած է ան:
Խօսելով Ռուսիոյ արդէն իսկ սահմանած պատասխան պատժամիջոցներուն` սննդամթերքի բազմաթիւ տեսակներու ներածման արգելքին մասին, Մետվետեւ հարց տուած է. «Իսկ ինչո՞ւ տաք շրջաններ ունեցող հսկայական երկրին մէջ պէտք է մշտապէս արտասահմանեան միրգեր ուտեն», եւ օրինակ բերած է Լեհաստանը, որ յաջողած է «բաւական արդիւնաւէտ այգեգործութիւն ստեղծել»:
Հարցազրոյցին մէջ Մետվետեւ նաեւ մեկնաբանած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանէն Ռուսիոյ հաւանական դուրս գալուն եւ երկրին սահմանադրութենէն միջազգային համաձայնագիրներու առաջնահերթութիւնը հանելու մասին տեղեկութիւնը: Ըստ անոր, միջազգային իրաւունքի համակարգը «այժմ բաւական ծանր ժամանակներ կ՛ապրի», իսկ դատարանի որոշ որոշումներ «հաւասարակշռութիւն կը պահեն իրաւունքի եւ քաղաքականութեան միջեւ»:

