Ըստ «Հաարեց»-ի. Իսրայէլի Եւ Սէուտական Արաբիոյ Միջեւ Ուղղակի Թռիչքներ` Ուխտագնացութեան Համար
Ըստ իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին, «1948-ի արաբներ» անունով ծանօթ իսրայէլացի արաբներուն պիտի արտօնուի ուխտագնացութեան համար Իսրայէլէն ուղղակի թռիչք կատարել դէպի Սէուտական Արաբիա:
Օրաթերթին տնտեսական յաւելուածը կը նշէ, որ այդ թռիչքները այլեւս արգիլուած պիտի չըլլան եւ ուխտաւորներ պիտի կարենան օդանաւով Թել Աւիւէն Ժետտա մեկնիլ Ամմանի ճամբով:
Օրաթերթը կը նշէ, որ այդ հարցը այս տարուընէ սկսեալ արտօնուած է, որովհետեւ այդ թռիչքներուն առնչակից երկիրները համաձայնութիւն գոյացուցած են:
Նշենք, որ մինչեւ հիմա Իսրայէլի քաղաքացի արաբ ուխտաւորները ցամաքի ճամբով կ՛ուղղուէին Ամման, ուրկէ օդանաւով կը փոխադրուէին Ժետտա:
CATEGORIES Միջազգային

