«Թուրքիան Իրաւական Հիմքեր Ունի Միացեալ Նահանգներէն Պահանջելու Յայտնի Կրօնական Ղեկավար Կիւլենի Արտայանձնումը» Կ՛ըսէ Տաւութօղլու

0908_davutoglu«Ինթերնեթհապեր» կայքը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարած է, որ կարելի դարձած է թուրք կրօնական գործիչ Ֆեթհուլլա Կիւլենի արտայանձնումը պահանջել Միացեալ Նահանգներէն:

Տաւութօղլու մասնաւորաբար ըսած է, որ Թուրքիոյ զարգացումներուն միջամտող գործիչին գործունէութեան առիթով հետաքննութիւնը թոյլ տուած է հաւաքել բոլոր անհրաժեշտ փաստաթուղթերը, որոնք ալ արտայանձնում պահանջելու հիմք կը ստեղծեն:

Լրագրողներու հետ զրոյցի մը ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետը շեշտած է, որ Թուրքիոյ քաղաքական կեանքին դուրսէն միջամտելու փորձերու գոյութեան պարագային Թուրքիան ալ իրաւունք ունի կանխարգիլելու այդպիսի փորձերը:

Ըստ Տաւութօղլուի, ակնյայտ են կապերը այժմ Միացեալ Նահանգներու Փենսիլվանիա նահանգին մէջ ապրող Կիւլենի եւ Թուրքիոյ մէջ իշխանութիւնը տապալելու փորձերուն միջեւ:

Լրատուամիջոցներուն համաձայն, Կիւլենի արտայանձնման հարցը Միացեալ Նահանգներ-Թուրքիա բանակցութիւններու առարկայ դարձած էր Կալեսի մէջ ՕԹԱՆ-ի վեհաժողովին ընթացքին: Կիւլենի անունը կապուած է ներկայիս նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, անոր որդիին եւ մերձաւոր շրջապատին փտածութիւնը բացայայտած գաղտնալսումներուն հետ:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES